Ընկերա-մշակութային

«ԳԱԼՍՏԵԱՆ ԿԻՐԱԿԻ»

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մեծ պահոց շրջանի վեցերորդ կիրակին մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ Սրբազան հայրերը կոչած են՝ «Գալստեան»: Գալստեան անուանումը մեզի կը ներկայացնէ մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին կրկնակի գալուստները աշխարհ. առաջին գալուստը՝ որպէս մարդ, որպէս զոհ, որպէս պատարագ Հօր Աստուծոյ, երբ մեր մեղքերը Իր ուսերուն վրայ առնելով խաչ բարձրացաւ՝ մեր պարտամուրհակը վճարեց ու մեզ վերստին Աստուծոյ որդեգիր դարձուց:

ՊՏՈՅՏ ՇՈՒՔԻՆ ՀԵՏ

ԵՐԱՄ

Ետեւի կողմը բակ մը կայ։ Երեւանեան բակ մը, իր ջերմութեամբ, սովետական ետնաբոյրով, լուացքի երկար, սահմանախախտ թելերով, խառն գոյներով եւ, անշուշտ, հարեւաններով։
Մեր պատշգամը եթէ նստիս, ճի՛շդ դիմացդ, քեզմէ քիչ մը ցած ու քսան մեթր հեռու գտնուող տանիքին վրայ երկար ու բաւական հաստ ձող մը կը տեսնես։

ԹԱՆԳԱՐԱՆՆԵՐ՝ ՈՐՈՆՑ ԿԱՐԵԼԻ Է ԾԱՆՕԹԱՆԱԼ ԱՌՑԱՆՑ ՀԱՐԹԱԿԻ ՎՐԱՅ

Աշխարհը սարսափի մատնած է քորոնաժահրը։ Համաճարակը անդամալուծած է մարդկութիւնը։ Թէեւ մարդկութեան պատմութիւնը համաճարակներու, պատերազմներու, աղէտներու պատմութիւն է:

ՄԱՐԴ ԱՐԱՐԱԾԸ ՍՏԻՊՈՒԱԾ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ ՆՈՐ ՎԱՐՔ ՄԸ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒ…

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Ամուր, կազմակերպուած եւ կուռ թուացող աշխարհը մուտք գործած է անկանխատեսելիութեան ժամանակաշրջան մը: Վաղը ի՞նչ պիտի ըլլայ: Պարզ ու համառօտ հարցում մը, որուն այսօր ոչ ոք կրնայ պատասխանել:

ԶՈՒԱՐՃԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ ԹԱԳԱԺԱՀՐԻ ՇՈՒՐՋ

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Սա լարուած ու ճգնաժամային օրերուն մեր զուարճասէր ժողովուրդը չէ կորսնցուցած կատակելու զգացումը։ Հայերը համաճարակէն պաշտպանուելու լաւագոյն միջոցը կը համարեն ծիծաղն ու բարձր տրամադրութիւնը։

ԱՇԽԱՐՀԻ ՓՈԽՈՒՈՂ ԴԷՄՔԸ

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Աշխարհը կը փոխուի: Մենք բացառիկ հնարաւորութիւն ունինք տեսնելու փոխուող աշխարհը եւ այդ փոփոխութեան մասնակից ըլլալու: Մեր աչքերուն առջեւ, քանի մը օրուան մէջ, փլաւ նախորդ աշխարհը, որուն մէջ կը բնակէր մոլորակը եւ նոր աշխարհ ստեղծելու առաջին քայլերը սկսած են արդէն…

ՔՈՐՈՆԱՅԻ ՕՐԵՐՈՒՆ «ԱՌՈՒՏՈՒՐԱՄՈԼՈՒԹԻՒՆ»

ՊԻԱՆ­ՔԱ ՍԱ­ՐԸԱՍ­ԼԱՆ

Բովանդակ աշխարհ սարսափի մատնած քորոնաժահրի վարակի արագ տարածումը կանխելու նպատակով կ՚իրականացուին բազմաթիւ կանխարգելիչ հակահամաճարակային միջոցառումներ։ Մարդկութեան գոյութեան սպառնալիք հանդիսացող ժահրի տարածման առաջքը առնելու եւ զայն լիովին ճնշելու նպատակով բազմաթիւ երկիրներու մէջ յայտարարուած է արտակարգ դրութիւն։

«ԴԱՏԱՒՈՐԻ ԿԻՐԱԿԻ»

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մեծ պահոց շրջանի հինգերորդ կիրակին մեր Եկեղեցւոյ Սրբազան Հայրերը կոչած են «Դատաւորի կիրակի», հիմք ունենալով Նոր կտակարանի մէջ տեղ գտած մեր Տիրոջ պատմած մէկ առակին, որ կը կրէ «այրի կնոջ եւ դատաւորին առակը» անուանումը:

Էջեր