Ընկերա-մշակութային

ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ ՇԷՆՔԸ

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Տասը տարի առաջ, յունուար ամսուն, Եգիպտոսի կառավարութիւնը երկրին մէջ ժամանակաւորապէս արգելափակեց հեռաձայնային հաղորդագրութիւններու ծառայութիւններն ու համացանցը, այդպիսով դարձաւ առաջին երկիրը, որ ժամանակաւորապէս արգելափակած է համացանցը ամբողջութեամբ:

ՍՏՈՐԱԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ԲԱՐԴՈՅԹԸ՝ ԸՍՏ ԱԼՖՐԷՏ ԱՏԼԷՐԻ

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ալֆրէտ Ատլէր յայտնի հոգեբան մըն է, որ ստորակայութեան, անարժէքութեան զգացումը կը դիտարկէ՝ որպէս անձի զարգացման մէջ հիմնաքարային դերակատար։ Ան կը պնդէ, թէ մարդ կը ձգտի կատարելութեան, քանի որ մարդիկ միշտ կը ձգտին հասնիլ անձնական մեծ կարեւորութիւն ներկայացնող նպատակներու։

«THE RAVEN»

ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ

Թերեւս ոմանք տարակարծիք գտնուին ինծի՝ ըսելով, թէ անծանօթ բանաստեղծ մը նախ իր ինքնագիր գործերով կը ծանօթացնեն ընթերցողներուն ու ոչ թէ այլ լեզուներէ կատարած թարգմանութիւններով կամ փոխադրումներով: Որոշ չափով համամիտ եմ:

ԲԵԹՂԵՀԷՄԻ ԱՍՏՂԸ*

ԶԱՐԵՀ ԱՐՔ. ԱԶՆԱՒՈՐԵԱՆ

Մինչ արեգակը կը բարձրանայ այսօր մեր աշխարհի երկնակամարին վրայ, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ զաւակներս խնդամիտ ցնծութեամբ կը տօնենք անդրերկնային հորիզոններէն դէպի մեզի խոնարհած, մարդկային մեր կեանքերուն վրայ բացուած աստուածածագ Արեւին՝ Արդարութեան Արեգակին գերահրաշ Ծնունդը եւ Սուրբ Մկրտութիւնը:

ՍՊԱՍՈՒՄ

ԵՐԱՄ

Առտուն կ՚արթննայ ուշ, ինչպէս միշտ այս վերջերս։ Բաժակ մը տաք թէյ կը խմէ, քանի մը կտոր չոր հացով պանիրը կ՚ուտէ, օրհնութիւնը կու տայ կնոջ ու ձեռքերուն անոր, եւ դուրս գալու ժամն է արդէն։

ՓԱ՜ՌՔ ՕԾԵԱԼ ՓՐԿՉԻՆ

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Ահաւասիկ տարի մը եւս հասած է Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւար մը եւս, զոր առիթ կը ստեղծէ պահ մը հեռանալու աշխարհիկ մտածումներէ, վախերէ ու  մտահոգութիւններէ եւ խոկմամբ փնտռելու Աստուածային ներկայութեան նշանակութիւնը։

«ՄԱՆԿՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐՋԸ»

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ընթերցասէրներ, անպայման պահ մը խորհած ըլլան փախչելու լճի մը մօտ գտնուող տնակ մը եւ անընդմէջ կարդալ գիրքեր՝ գիշերային խաղաղ երկնքի տակ աստղերու եւ ծղրիդներու ներդաշնակութեամբ։ Այդ գիրքերու շարքին կրնամ դասել Սըր Արթուր Քլարքի «Մանկութեան վերջը» գիրքը, որով հեղինակը միահիւսած է իւթոփիան եւ հակաիւթոփիան։ 

ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ՝ ՅԵՏՊԱՏԵՐԱԶՄԵԱՆ ԱՌՕՐԵԱՅԷՆ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

 Վերջին մօտ մէկ տարուան ընթացքին յաճախ մտածումներուս մէջ տեղ գտած է այն միտքը, թէ Հայաստանի մէջ 2018-ին կատարուածը ո՛չ թէ յեղափոխութիւն էր, այլ՝ պարզապէս իշխանափոխութիւն, չըսելու համար սեղաններուն տակէն եւ փակ դռներու ետեւէն համաձայնացուած իշխանափոխութիւն։

ԿԱՂԱՆԴԻ ԱՆՍՈՎՈՐ ՃԵՊԱՆԿԱՐՆԵՐ

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Կաղանդի ծառ չկայ այս տարի: Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակը տօնական հանդերձանք չունի: 1950 թուականէն ի վեր, երբ Հրապարակին վրայ դրուեցաւ առաջին տօնածառը, այս տարի՝ 2021 թուականի Կաղանդին առաջին անգամ քաղաքը գլխաւոր տօնածառ պիտի չունենայ:

Էջեր