ԱՆԻՆ ԵՒ ԱՆԵՑԻՆԵՐԸ

Երեւանի Մաշտոցեան Մատենադարանէն լոյս տեսած է մատենադարանի գիտական ուղղութեամբ փոխ-տնօրէն Կարէն Մատթէոսեանի նոր գիրքը՝ «Անին եւ անեցիները» խորագրով: Հեղինակը վերջին տասնամեակներուն Անիի պատմութեան ու մշակութային ժառանգութեան զանազան հարցերու անդրադարձած է իր կարգ մը ուսումնասիրութիւններու մէջ: Նոր հրատարակուած այս աշխատութիւնը անիագիտական նախորդ հրատարակութիւններէն կը տարբերի, քանի որ նուիրուած է ո՛չ միայն բուն քաղաքին, այլեւ անոր տարածական ընդգրկման՝ մերձակայ բնակավայրերուն ու վանքերուն եւ զատ բաժինով՝ Անիի բնակչութեան՝ անեցիներուն։ Վերջիններուս վերաբերեալ տեղեկութիւնները մեծ մասամբ պահպանուած են Անիի եւ անոր մերձակայ վանքերու վիմագրերուն եւ այդ վանքերէն ներս գրուած ձեռագրերու յիշատակարաններուն մէջ, ուստի հեղինակը անհրաժեշտութիւն զգացած է քաղաքը դիտարկել վարչատարածքային աւելի լայն շրջագծով, այսինքն ուսումնասիրութեան նիւթ դարձնել, պայմանականօրէն կոչուած՝ մեծ Անին, քաղաքը իր մերձակայքով: Ծանօթ է, որ Անին ունէր ընդարձակ արուարձաններ, միաժամանակ եկեղեցական-վարչական ամբողջութիւն կազմած է շրջակայ մի քանի նշանաւոր վանքերուն հետ, որոնք են՝ Հոռոմոսը, Բագնայրը, Արջոառիճը։ Անեցիները առաւել սերտ կապ ունէին քաղաքի անմիջական հարեւանութեամբ գտնուող վերոնշեալ երեք վանքերուն հետ, որոնցմէ գլխաւորը Հոռոմոսն էր, որ կարելի է առանց չափազանցութեան կոչել Անիի վանքը, քանի այնտեղ կը գտնուէր քաղաքին մէջ գահակալած Բագրատունի թագաւորներու հանգստարանը (դամբարանավայրը)։

Գիրքին հեղինակը կը յիշեցնէ նաեւ, որ միջնադարեան Հայաստանի պատմութեան մէջ Անին բացառիկ կարեւոր դեր կատարած է ոչ միայն որպէս երկրի քաղաքական ու հոգեւոր կեդրոն, Բագրատունեաց շրջանին ալ՝ թագաւորանիստ եւ կաթողիկոսանիստ, այլեւ որպէս քաղաքային կեանքի, տնտեսութեան, արհեստներու եւ առեւտուրի, մշակոյթի եւ արուեստի զարգացման առաջնակարգ վայր:

Գիրքը բաղկացած է երկու մասէ. առաջին մասը նուիրուած է քաղաքի պատմութեան, մշակոյթին, քաղաքի ընդգրկման, կը ներկայացուին նաեւ Անիի մերձակայ վանքերն ու բերդերը։ Երկրորդ մասը նուիրուած է անեցիներուն՝ թագաւորական ընտանիքի անդամներէն ու ազնուական տոհմերէն սկսեալ մինչեւ մեծաթիւ քաղաքային դասը, որ բաղկացած էր արհեստաւորներէ, առեւտրականներէ, զանազան գործաւորներէ ու այլ խումբերէ։ Անեցիներուն մասին գրուած Կարէն Մատթէոսեանի նիւթը նորութիւն է, քանի որ ոչ միայն Անիի, այլեւ միջնադարեան Հայաստանի որեւէ այլ քաղաքի բնակչութեան մասին մինչեւ այժմ նման հետազօտութիւն չէ կատարուած: Այդ բաժինին մէջ Մատթէոսեան նախ անդրադարձած է Անիի ազնուական տոհմերուն՝ Պահլաւունիներուն ու մանաւանդ Գրիգոր Մագիստրոս Պահլաւունիին, որուն ջանքերով 11-րդ դարու երկրորդ կէսին կաթողիկոսական աթոռը անցաւ այդ տոհմին։ Անդրադարձած է նաեւ 13-րդ դարուն Անիի մէջ հանդէս եկած նոր Պահլաւունիներուն։ Այնուհետեւ զատ ենթաբաժիններու մէջ կը ներկայացուին Բագնայրի վանքի հիմնադիր Սմբատ Մագիստրոսը եւ անոր տոհմը, Կեչառիսի վանքը կառուցած Գրիգոր Ապիրատ Մագիստրոսը եւ Հասանեան-Ապիրատեան տոհմը, որ Անիի մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է մանաւանդ՝ Շադդադեաններու իշխանութեան շրջանին:

11-14-րդ դարերու քաղաքներուն մէջ Անին կարելի է յառաջատար համարել քաղաքային տոհմերու ու մեծ ընտանիքներու մասին պահպանուած տեղեկութիւններով եւ այդ ամէնը տեղ գտած է այս գիրքին մէջ:

Աշխատութիւնը կ՚եզրափակուի սկզբնաղբիւրներու տուեալներու հիման վրայ կազմուած «Անեցիներու եւ քաղաքին առընչուած անձերու անուանացանկով», որուն մէջ ընդգրկուած է 783 անուն։

«Անին եւ անեցիները» գիրքի խմբագիրն է Մատենադարանի տնօրէն Վահան Տէր-Ղեւոնդեան։

2016 թուականին Անին ընդգրկուած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ, որ առաւել մեծցուցած է անոր հանդէպ հետաքրքրութիւնը: Ուստի, այս գիրքը կը կարեւորուի նաեւ Անիի պատմական, մշակութային, քաղաքակրթական դերը նորովի ուսումնասիրելու եւ ներկայացնելու առումով։ Հրատարակութիւնը նպատակ ունի ուշադրութիւն հրաւիրելու նաեւ Անիի շուրջը գտնուող հայկական վանքերու եւ այլ յուշարձաններու վրայ, որոնք միջնադարին սերտօրէն կապուած էին քաղաքին հետ, անոր մասնիկներն էին, սակայն այժմ ոչ նպաստաւոր վիճակի մը մէջ կը գտնուին:

Հեղինակ Կարէն Մատթէոսեան կը նշէ, որ Անիի պատմութիւնն ու մշակութային հարուստ ժառանգութիւնը՝ մանաւանդ՝ ճարտարապետութիւնը, բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններու առարկայ դարձած են, աւելի քան 200 տարուայ ընթացքին այդ մասին ստեղծուած է պատկառելի գրականութիւն:

Պատահական չէ, որ քաղաքի պատմութեան եւ ընդհանուր մշակութային ժառանգութեան ուսումնասիրութիւնը հայագիտութեան մէջ յաճախ առանձին անունով «անիագիտութիւն» կը կոչուի: Այս բնագաւառի բազմաթիւ երախտաւորներէն են Ղեւոնդ Ալիշան, Մարի Ֆելիսիտէ Պրոսսէ, Նիկողայոս Մառ, որու գլխաւորած պեղումներուն շնորհիւ (1892-1893, 1904-1917 թուականներուն) Անին յայտնի դարձաւ նաեւ միջազգային լայն շրջանակներէն ներս, Յովսէփ Օրբելի, Թորոս Թորամանեան, Վարազդատ Յարութիւնեան եւ շատ ուրիշներ:

Մինչեւ բուն գիրքը շարադրելը, Կարէն Մատթէոսեան նախաբանին մէջ նաեւ համառօտ անդրադարձած է հայոց պատմութեան մէջ Անիի ունեցած բացառիկ դերին եւ կարգ մը հանգամանքներու, որոնց շնորհիւ դարերէ ի վեր զայն հայ ժողովուրդի հաւաքական գիտակցութեան մէջ ամրագրուած է ո՛չ միայն որպէս «պատմական մայրաքաղաք», այլեւ՝ սրբազան վայր եւ պետականութեան խորհրդանիշ:

Հետաքրքրութեամբ կ՚ընթերցուի գիրքը, նոյնքան տպաւորիչ են լուսանկարները, որոնք ցոյց կու տան երբեմնի ծաղկուն քաղաքէն մնացած պատառիկներ՝ Անիի զինանշանը քաղաքի Աւագ դրան մօտ, Անիի պեղումներէն յայտնաբերուած փայտեայ գրակալ՝ 1272 թուականի արձանագրութեամբ, Գագիկ Ա. Բագրատունիին քանդակը, Անիի թաղերուն եկեղեցիներու պատերէն քանդակներ, Անիի խաչանիշ պարիսպները, Անի-Հոռոմոս ճանապարհի զոյգ աշտարակաւոր կամարը, Արգինայի Կաթողիկէ եկեղեցին, Անիի Մայր տաճարի արեւելեան ճակատը, Անին եւ մերձակայ վանքերը, Անիի կամուրջը Ախուրեան գետին վրայ եւ բազմաթիւ այլ լուսանկարներ: Գիրքին մէջ զետեղուած են նաեւ Մատենադարանին մէջ պահուող ձեռագիր մատեաններէն մանրանկարներ, որոնք Անի քաղաքին հետ կապ ունին:

ՔԱՂԱՔԱՅԻՆ ՏՈՀՄԵՐ ԵՒ ԳԵՐԴԱՍՏԱՆՆԵՐ

Գիրքին մէջ կը տեսնենք, որ Անիի մէջ, ինչպէս ազնուականներուն, այնպէս ալ շարքային քաղաքացիներուն մէջ տարածում գտած էին իրենց նշանաւոր նախնիի անունին, երբեմն մականունին աւելցուող «ենց», «անց», «ոնց» վերջաւորութեամբ կազմուած տոհմանունները, ինչպէս օրինակ՝ Աբուղամրենց, որ տրուած է Պահլաւունիներուն։

Այդպէս կոչուած է Գրիգոր Պահլաւունիի հօր՝ Աբուղամրի անունէն։ Քաղաքին մէջ 10-րդ դարու վերջերուն նոյնինքն Գրիգորի կառուցած Սուրբ Գրիգոր եկեղեցին անեցիներու շրջանակին մէջ յայտնի եղած է «Աբուղամրենց» անունով։ Հեղինակը ցոյց կու տայ, որ տոհմանուան այդ նոյն սկզբունքով յետագային կազմուած են Անիի մէջ հանդիպող Բեխենց, Խամբուշենց, Հոնենց, Ծիլենց, Շեխենց, Չեչկանց եւ այլ անունները։ Կը տեղեկանանք, որ Բեխենց տոհմը Անիի մէջ առաւել յայտնի եղած է իր վանքով՝ «Բեխենց վանք»: Բեխենց տոհմի գործունէութիւնը, ըստ առկայ տուեալներու, կ՚ընդգրկէ 11-րդ դարերու վերջերէն մինչեւ 13-րդ դարու սկիզբը ինկած ժամանակահատուածը։ Հետաքրքրական է նաեւ, որ տոհմանունը պահպանուած է կարգ մը տեղանուններու վրայ։

ՀՈՆԵՆՑ (ՏԻԳՐԱՆԱՆՑ)

Անիի ամենածանօթ, մեծատուն, վաշխառուական, առեւտրական եւ այլ գործունէութեամբ հարստացած Տիգրան Հոնենցի մասին հեղինակը տուեալներ ներկայացուցած է ըստ վիմական արձանագրութիւններու, որոնց մեծ մասը իր՝ Հոնենցին գրածներն են։

Ատոնցմէ միայն մէկին մէջ՝ 1215 թուականին քաղաքին մէջ իր կառուցած Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ վանքի շքեղ եկեղեցիի շինարարական ընդարձակ արձանագրութեան մէջ ան կը նշէ Հոնենց տոհմանունը:

ՉԵՉԿԱՆՑ

Այս տոհմի ներկայացուցիչներու մասին գիրքին մէջ զետեղուած են թէ՛ վիմագրական, թէ՛ յիշատակարանային տուեալներ։ Բագնայրի վանքի 1233 թուականի վիմագրին մէջ Վահրամը կը նշէ իր մեծ հայրը՝ Չեչկանց Աւետեացը, անոր հայրը՝ Մխիթարը, կինը՝ Փառանձին եւ դուստրը՝ Մամքան։

ՀՈԳԵՒՈՐԵԱՆՑ

Այս տոհմի մասին Կարէն Մատթէոսեան կը մէջբերէ երեք վիմագիր՝ բոլորն ալ գրուած Սարգիսի որդի Առիւծի անունէն, որոնց մէջ ան միշտ կը նշէ իր Հոգեւորեան տոհմանունը։

Մէկ վիմագիրը գրուած է 1251 թուականին՝ Հոռոմոսի վանքին մէջ եւ որուն մէջ կ՚ըսուի, թէ Առիւծը վերականգնած է մոնղոլներու գործած աւերածութիւններու պատճառով խափանուած ջրագիծը, նուիրած Անիի մէջ գտնուող իր սեփական կրպակը, նշելով անոր ստոյգ տեղը՝ Կօշկակարոց փողոցն ու հատուածը, նաեւ պարտէզ մը:

Հոռոմեանց տոհմը նոյնպէս Անիի նշանաւոր տոհմերէն եղած է, եւ տոհմի մասին հեղինակը տեղեկութիւններ քաղած է Հոռոմեանց Կոստանդ Քահանայի որդի Յովհաննէս Քահանայի Արջոառիճի վանքի 1213 թուականի եւ Բագնայրի վանքի 1215 թուականի արձանագրութիւններէն։

Արջոառիճին մէջ ան Ապուղամրի որդի Գրիգորի առաջնորդութեան ժամանակ վանքին նուիրատուութիւն կատարած է:

ԽՈԹԵՆՑ

Այս տոհմի ներկայացուցիչը՝ Մխիթարը կառուցած է Անիի բուրգերէն մէկը, ձգելով համապատասխան վիմագիր։ Այն թէպէտ անթուական է, բայց ժամանակը 1212-1227 թուականներու միջակայքի մէջ է, քանի որ գրուած է Զաքարէ ամիրսպասալարի մահէն յետոյ (1212 թուականը), մինչեւ անոր եղբօր՝ Իվանէի մահը (1227 թուական)

ՇԵԽԵՆՑ (ՇԵԽԵԱՆՑ)

Այս տոհմի մասին կը վկայէ Խծկոնքի վանքին մէջ Շեխենց Խաչոտի 1221 թուականին գրուած վիմագիրը։

ԾԻԼԵՆՑ

Ախուրեանի ձորէն կամուրջով դէպի քաղաք տանող ճանապարհի վրայ գտնուող մուտքին կից՝ պարսպաբուրգի վրայ եղած արձանագրութեան մէջ կը նշուի Անիի հարկահան-բաժրար Սարգիս Ծիլենցը:

ԹՈՐՈՍՈՆՑ

Վահրամ Չեչկանց 1233 թուականի վիմագրին մէջ կը նշէ, որ Անիի Փողոցկտերու մէջ, որ հաւանաբար երկյարկանի կրպակներով փողոց էր, ան կուղպակ մը գնած է, «որ ի Թորոսոնց կուղպակին վերայ է»:

«Անին եւ անեցիները» գիրքի հեղինակ Կարէն Մատթէոսեան կը վկայէ, որ անեցիներու որոշ տոհմանուններ մնացած են միայն անոնց պատկանած եկեղեցիներու կամ որեւէ անշարժ գոյքի անուններուն մէջ. ինչպէս՝ Անիի Սուրբ Աստուածածին անունով եկեղեցիներէն մէկը, Սողոմոնի որդի Յովհաննէսի 1054 թուականի արձանագրութեան մէջ կը կոչուի Խամբուշենց: Անիի մէկ այլ տոհմէ՝ Տաւնկաց (Տոնկաց) տոհմէն եղած է Սարգիս Վարդապետ, գանձասաց Անեցին, որ հաւանաբար, ապրած է 13-րդ դարուն:

ՌՈՄԱՆՈՍ ԱՆԵՑԻԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ

Ռոմանոսի եւ անոր կնոջ՝ Կատայի ընտանիքի մասին կը վկայեն անոնց Հաղբատի մէջ ուսում առած քահանայի որդի՝ Սահակի պատուէրով գրուած ձեռագիրի գլխաւոր յիշատակարանն ու մանր յիշատակագրութիւնները:

Գիրքի մէկ այլ հատուածին մէջ Կարէն Մատթէոսեան կը պատմէ Անի քաղաքի պատմութեան մէջ հետաքրքրութիւն ներկայացնող քահանայական տոհմերու (տուներու) մասին:

Քահանայական ընտանիքները ընդհանրապէս տարածուած եղած են միջնադարեան Հայաստանէն ներս: Պարզ կը դառնայ, որ Անի քաղաքին մէջ նոյնպէս, ոչ միայն եպիսկոպոսական աթոռն ու կարգ մը եկեղեցիներ տոհմական էին, այլեւ կային քահանայական տուներ, որոնց ներկայացուցիչները սերունդէ սերունդ կը ծառայէին այս կամ այն եկեղեցւոյն:

Այս գիրքը խօսուն վկայարան է միջնադարեան հայկական աւերուած բերդաքաղաք Անիի մասին, որ ամէն մէկ հայու հոգիի եւ միտքի մէջ է: Պատահական չէ, որ յառաջաբանին մէջ Կարէն Մատթէոսեան կը գրէ հետեւեալը. «Անիի գաղթականութիւնն ու անոնց սերունդները ուր ալ որ գացին (Հայաստանի մէջ՝ Ջուղա, Վան, Կիլիկիա, Հայաստանէն դուրս՝ Վոլկայի ափերը, Խրիմ, Լեհաստան, Պարսկաստան եւ այլուր), իրենց հետ տարին հրաշագեղ Անիի յուշը, նաեւ իրական յիշատակներ ու սրբութիւններ, եւ ամէնուր հաւատարիմ մնացին իրենց ծննդավայրի ստեղծագործ ոգիին ու աւանդներուն: Իսկ Անին ինքը՝ շարունակեց հայրենասիրական ոգեւորութեան աղբիւր մնալ»:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 27, 2021