Ընկերա-մշակութային

ԵՐԲ ՄԱՅՐ ՄԸ…

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Աշխարհի վրայ ամենաքաղցրն է մօրը սէրը, որ չի ճանչնար սահմաններ։ Մայր մը՝ իր զաւկի ծնունդով, ընդմիշտ կը դադրի «երեխայ» մը ըլլալէ։ Զաւկի նկատմամբ անփոխադարձ սիրոյ հետ միանգամայն զինք կը պատէ նաեւ զոհողութեան, համբերատարութեան, հանդուրժողականութեան զգացումները։

ԻՆՉԻ՞ ԿԸ ԾԱՌԱՅԷ ՀԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ, ԵՐԲ ԱՆ ՉԻ ՔԱՋԱԼԵՐԵՐ ՀԱՅԱԳԻՏՈՒԹԵԱՄԲ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒՈՂ ԱՇԱԿԵՐՏԸ

ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ

Յանուն անկեղծութեան ու ճշմարտութեան պէտք է ըսեմ, որ այսօր՝ տարիներ ետք, քիչ մը դառնութեամբ կը յիշեմ կեանքիս յատկապէս ա՛յն շրջանը, երբ որպէս մասնագիտութիւն  ընտրած ըլլալով հայագիտութիւնը՝ շարունակ «գրոհի կ՚ենթարկուէի» աջէն ու ձախէն:

ԱՅԼԵՒԱՅԼ ՆԻՒԹԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ (Միտքի խարխափումներ)

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Երիտասարդ մը քահանայի մը դիմեց՝ խօսելու համար իր դժուարութեան մասին: Սկսելով խօսիլ քահանային հետ՝ բացատրեց, թէ շատ յաճախ որոշումներ կայացնելու ժամանակ երկմտանքի մէջ կ՚իյնայ եւ չի՛ կրնար ճիշդ որոշումներ առնել այդ երկմտանքին պատճառով:

ԵՂԻԱ ՏԷՄԻՐՃԻՊԱՇԵԱՆ - 170

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Մայիսի 8-ին կը լրանայ արեւմտահայ արձակագիր, բանաստեղծ, փիլիսոփայ Եղիա Տէմիրճիպաշեանի 170-ամեակը:
Ծնած է Խասգիւղ, Պոլիս, 1851 թուականին: Նախնական կրթութիւնը ստացած է «Ներսէսեան» եւ «Նուպար-Շահնազարեան» վարժարաններէն ներս, աշակերտած է ծանօթ գրագէտներու։

ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ. ԳԱՐԵԳԻՆ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՍՐՈՒԱՆՁՏԵԱՆՑ

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայաստանի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկին մէջ, անցեալ շաբաթուան ընթացքին՝ 29 եւ 30 ապրիլին, տեղի ունեցաւ առցանց գիտաժողով մը՝ նուիրուած հայ մշակոյթի երախտաւոր, հայ բանագիտութեան եւ ժողովրդագիտութեան հիմնադիր նկատուող Գարեգին Եպսկ. Սրուանձտեանցի ծննդեան 180-ամեակին։

ԽԱՂԱՄՈԼՈՒԹԻՒՆ

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Մօտաւոր անցեալին՝ գրեթէ 10-15 տարի առաջ, ծնողներ իրենց երեխաները կը զգուշացնէին, ըսելով՝ «Առտուընէ ի վեր փողոցն ես, կը բաւէ, այլեւս տուն վերադաձի՛ր»։ Այսօր ամէն ինչ շրջուած է եւ ծնողներ կ՚ըսեն. «Ժամերով համակարգիչին դիմացն ես, տունէն դուրս եկուր, քիչ մը հովահարուէ՛, աշխարհ փոխուի»։

«ԱՅԼԸՆՏՐԱՆՔ» ՄԸ ԳՐԱՔՆՆԱԴԱՏՈՒԹԵԱՆ

ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ

Յոյժ զարմանալի է, որ մենք՝ գիր ու գրականութեան մարդիկս, բոլորովին կ՚անգիտանանք, թէ այսօր ստեղծագործող գրողներէն ո՛վ որու մասին ինչ կարծիք ունի: Անշուշտ բնական է, որ անոնք սա կամ նա առիթով ունեցած ըլլան բերանացի հպանցիկ ակնարկներ, որոնք, սակայն, փաստաթուղթի ոչ մէկ արժէք կամ վաւերականութիւն ունին, այնքան ատեն որ գրի առնուած ու տպուած չեն:

ՀՈԳԵՒՈՐ ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ. ԱՍՏՈՒԾՄՈՎ ԶՕՐԱՆԱԼ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

«Սիրելինե՛ր, ձեզի կ՚ըսեմ.- մի՛ վախնաք անոնցմէ որոնք մարմինը կը սպաննեն եւ ապա ուրիշ բան չեն կրնար ընել: Ըսեմ թէ որմէ՛ պէտք է վախնաք: Վախցէք Աստուծմէ, որ ձեզ սպաննելէ ետք իշխանութիւն ունի դժոխք նետելու: Այո՛, կ՚ըսեմ ձեզի, անկէ վախցէք» (Ղկ 12.4-5):

Էջեր