ՄՈՆՐԷԱԼԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՆԻՍՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՏԱՍՆ ԿՈՒՍԱՆԱՑ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆ
Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ ներկայիս կը գտնուի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գանատայի թեմէն ներս, երէկ, Մոնրէալի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ մասնակցութիւն բերաւ Սրբոց Տասն Կուսանաց յիշատակութեան արարողութեան։