ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ
ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ
Աւետիսն է նոր կեանքի, զոր անգամ մը եւս կը յայտարարէ Ս. Եկեղեցին եւ անտարակոյս բոլորիս հոգիները կը լեցուին անպարագրելի ուրախութեամբ։ Բառերը բաւական չեն բացատրելու Քրիստոսի Յարութեան խորհուրդը, զորս կ՚ապրինք խոր հաւատքով, քանզի մեր առջեւ կը բացուի նոր կեանքի արշալոյսը։