«ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՍՈՒՐԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՌՋԵՒ ԲՈԼՈՐԴ ԹՈՒԼԱՑԱՔ ԵՒ ԻՆԿԱՔ»
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Երեւանի մէջ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին հերթական անգամ թիրախաւորեց Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին։ Ինչպէս հաղորդած էինք, ան վերջերս յայտնած էր, թէ եթէ Եկեղեցին կը փափաքի զբաղիլ քաղաքականութեամբ, ապա կրնայ ստեղծել կուսակցութիւն մը։