ԹԱՐՄ ԵՌԱՆԴՈՎ ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ՎԵՐՍԿԻԶԲ
Սամաթիոյ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբը ձեռնարկեց նոր եղանակի աշխատանքներուն։ Թաղի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ յարակից «Աճառեան» սրահին մէջ այս առթիւ տեղի ունեցաւ եղանակի բացման մտերմիկ հաւաքոյթ մը՝ գլխաւորութեամբ դպրաց դասու նախագահ Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեանի։