Եկեղեցական

Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՏԱՂԱՒԱՐԻՆ ԱՌԹԻՒ ՊԱՏԱՐԱԳԵՑ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին առթիւ, երէկ, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան արարողութիւններուն նախագահեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ։ Նորին Սրբազնութեան ձեռամբ մատուցուած տաղաւարի Ս. Պատարագին մասնակցեցան հոծ թիւով հաւատացեալներ, որոնք ունկնդրեցին նաեւ իր պատգամին։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, բոլոր ներկաներուն տեսակէտէ հոգեւոր բացառիկ ուրախութեան առիթ հանդիսացաւ աւանդական խաղողօրհնէքի արարողութիւնը։

Տ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ՄԱՏՈՅՑ ՄԵԾ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ

Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան շաբաթ առաւօտ Ս. Աստուածածնի տաղաւարին առթիւ պատարագեց Մեծ կղզիի Ս. Աստուածածին Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, սա վերջին տարիներուն ձեւաւորուած դրական աւանդութիւն մըն է, որու շնորհիւ մեր համայնքի կղզեբնակ անդամները հնարաւորութիւն կ՚ունենան Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն զատ՝ իրենց գտնուած կղզիներուն մէջ հայածէս Ս. Պատարագին մասնակցելու։

ԱՐԵՒԵԼՔ ԳԵՐԱՐՓԻՆ ԵՒ ՕԹԱՐԱՆ ԼՈՒՍԱԾԻՆ

ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր ընծայուած տօնական օրերու կարգին, Վերափոխման տաղաւարը առիթ կ՚ընծայէ, որ անդրադառնանք առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր գրականութեան մէջ Սուրբ Կոյսի կեանքը եւ կենցաղը բնորոշելու եւ մեծարելու համար գործածուած ածական եւ այլաբանութիւններուն։

ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՏՆՕՐԷՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ

Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երեւանի Մատենադարանի նորընտիր տնօրէն Արա Խզմալեանը, որուն ընկերացաւ գիտական գծով փոխ-տնօրէն Վահէ Թորոսեան։

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵՑ ՔՈՒՐԱՆԻ ՀՐԿԻԶՈՒՄԸ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երեւանի մօտ Իրանի նորանշանակ դեսպան Մեհտի Սոպհանին։ Զրոյցի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը շնորհաւորեց դեսպանը նշանակման կապակցութեամբ եւ մաղթեց արդիւնաշատ ծառայութիւն։

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՐԺԱՆԹԻՆԱՀԱՅ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արժանթինի թեմի «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» եւ «Դերձակեան» դպրոցներու աւարտական դասարաններու աշակերտները։

Էջեր