ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ մեկնեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կ՚ընկերանայ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։
Պատրիարքարանի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Նորին Ամենապատուութիւնը երէկ երեկոյեան ժամերուն, Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքով մեկնեցաւ Հայաստան։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը կը յորդորէ պատշաճօրէն արձագանգել անցանկալի երեւոյթներուն:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայկական գրադարանային ընկերակցութեան անդամները։ Ներկայ էր նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչութեան բաժնի եւ «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի տնօրէն Տ. Արարատ Քհնյ. Պօղոսեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Մեծ պահոց Արտաքսման կիրակիի արարողութիւններուն։ Օրուան Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան։
Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին նշուեցաւ Ս. Թէոդորոս զօրավարի յիշատակութեան տօնը։ Արարողութիւններուն հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ խօսեցաւ նաեւ օրուան քարոզը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Անգլիոյ խորհրդարանէն Սըր Ճոն Ուիթինկտէյլի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը, որ վերջին օրերուն շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ՝ հիւրընկալուելով Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։