Եկեղեցական

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ

Վաղը Հայաստանի մէջ պիտի սկսի «Սուրբ Էջմիածինը մեր հաւատքի ծննդավայր» խորագրեալ համահայկական երիտասարդական ուխտագնացութիւնը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ յուլիսի 10-ը։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ եւ Հայ Եկեղեցւոյ համաշխարհային երիտասարդական միաւորման (ՀԵՀԵՄ) կազմակերպութեամբ տեղի կ՚ունենայ այս երիտասարդական ուխտագնացութիւնը։

ԳԷՈՐԳԵԱՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի 2022-2023 կրթական շրջանը եզրափակուեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ կազմակերպուած հանդէսը տեղի ունեցաւ Ճեմարանի հանդիսութիւններու դահլիճի երդիքին տակ։

ԳԻՒՏ ՏՓՈՅ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՏՕՆԸ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ

Երէկ, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածնի տօնին առթիւ արարողութիւններ տեղի ունեցան՝ նախագահութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի։ Ս. Պատարագը մատոյց Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։

ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ

Երէկ տեղի ունեցաւ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութիւնը, որուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։

ԳԻՒՏ ՆՇԽԱՐՀԱՑ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ

Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Նշխարհաց գիւտի տօնին եւ Գնալը կղզիի եկեղեցւոյ ուխտի օրուան առթիւ, շաբաթավերջին, տօնական արարողութիւններ տեղի ունեցան Ս. Գրիգոր Լուաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։ Արարողութիւններուն հանդիսապետեց Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ՀԻՒՐ

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան երէկ հայոց վանքին մէջ ընդունեց Սուրբ Երկրի ասորիներու առաջնորդը՝ Անթիմոս Ժագ Եագուբ եպիսկոպոսը, որուն կ՚ընկերանային երկու միաբաններ։ Հիւր սրբազանը Նորին Ամենապատուութեան յանձնեց Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Եփրեմ Բ. Պատրիարքին կողմէ շնորհակալութեան պաշտօնական գրութիւն մը։

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երեւանի մօտ Իրանի դեսպան Ապպաս Զոհուրին։ Այս վերջինը Հայաստանի մէջ աւարտելու վրայ է իր դիւանագիտական առաքելութիւնը եւ այս առթիւ հրաժեշտի այցելութիւն մը տուած է Վեհափառ Հայրապետին։

Էջեր