ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ՕԾՈՒՄ
Երէկ, Արցախի մէջ պատմական օր մը ապրուեցաւ՝ Ստեփանակերտի մէջ կառուցուած Աստուածամօր Ս. Հովանի Մայր տաճարի օծման ու պաշտամունքի վերաբացման առթիւ։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ օծուեցաւ նորակառոյց այս եկեղեցին, ուր մատուցուեցաւ նաեւ անդրանիկ Ս. Պատարագը։
Հայց. Առաքելական եւ Ռուս Ուղղափառ եկեղեցիներու հայրապետները փոխանակեցին ջերմ պատգամներ:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ Քիրիլ Ա. Պատրիարքին հետ:
Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի նախագահութեամբ, վերջին երեք օրերուն Պելժիոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեւորականաց հաւաք մը։ «Արդարութեան Ս. Աստուածամայր» վանքին (Ռհոտ-Սեն-Ժընէզ) մէջ տեղի ունեցաւ այս հաւաքը, որու առթիւ համախմբուեցան այն հոգեւորականները, որոնք կը ծառայեն Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակութեան հոգեւոր իշխանութեան սահմաններէն ներս։
Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքի ներկայացուցիչը:
Այսօր, Չորեքշաբթի, մեր օրացոյցին համաձայն Միջինք է։ Իսկ ի՞նչ է Միջինքը եւ ինչպէ՞ս պէտք է բացատրել։
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը պիտի տեսակցի Ռուս Ուղղափառ եկեղեցւոյ Քիրիլ Ա. Պատրիարքին հետ:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հարաւային Ռուսաստանի թեմի առաջնորդ Տ. Մովսէս Արք. Մովսիսեանը։ Հարկ է նշել, որ անցեալ Ս. Ղեւոնդեանց Քահանայից տօնին Վեհափառ Հայրապետը առաջնորդ սրբազան հօր շնորհած էր արքութեան պատիւ՝ ի գնահատութիւն Հայ Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս տարիներու վաստակի եւ նուիրեալ ծառայութեան։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը ցաւակցական պատգամ մը ուղարկած էր Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի 84-րդ գահակալ հանգուցեալ Պատրիարք Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի վերջին օծման եւ յուղարկաւորութեան առթիւ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կազմակերպուած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը երէկ հասաւ իր աւարտին։