ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՆՈՐ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄՆԵՐ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը ներկայ տարեմուտին կատարեց շարք մը նոր նշանակումներ։ Հայրապետական տնօրինութիւններու հիման վրայ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ստեղծուեցաւ Քարոզչական կեդրոն՝ 1 յունուար 2020 թուականի դրութեամբ։
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. «Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը ազգի նուիրական տունն է»:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջերս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Արմաւիրի թեմակալ առաջնորդ Տ. Սիոն Արք. Ադամեանը։ Նորին Սրբութիւնը վերջերս իրեն շնորհած էր արքութեան պատիւ։
Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ փոխանցեց համայն հայութեան ուղղեալ տաղաւարի պատգամը՝ Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ խորանէն։ Ստորեւ արեւմտահայերէնի վերածելով կը ներկայացնենք Հայրապետական պատգամը։
Տարեմուտ է կրկին: Մեր աշխարհը իր միլիառաւոր դարձերէն մէկը կատարած է արեւուն շուրջ: Հի՛ն է արեւը, հի՛ն է աշխարհը: Բայց ամենայն կարողութեամբ օժտուած են երկուքն ալ միշտ նոր մնալու, նորոգելու եւ նորոգուելու:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալուեցան յատուկ խնամքի կարօտ երեխաներ ու մանուկներ:
Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատեց Տ. Միքայէլ Արքեպիսկոպոս Աջապահեանի ծառայութիւնները:
Ս. Ստեփանոսի տօնակատարութիւն՝ Երեւանի Ս. Գր. Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այս շրջանին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ իրերայաջորդ կը հիւրընկալէ Հայաստանի զանազան շրջաններէն բազմազաւակ ընտանիքներ։ Ամանորի տօնական շրջանին նման խումբեր կ՚այցելեն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին եւ այս այցելութիւններով կը նշանաւորուի նաեւ՝ Վեհափառ Հայրապետի կողմէ հռչակուած ներկայ Ընտանիքի տարին։
Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ շաբաթավերջին հանդիսաւորապէս մեծարուեցան խումբ մը մտաւորականներ: