Եկեղեցական

ՅԱՐԳԱՆՔԻ ԽՈՆԱՐՀՈՒՄ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ

Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի կեդրոնական կոմիտէի հնգօրեայ ժողովը կը շարունակուի:
Ընդհանուր քարտուղար Տքթ. Օլաւ Թուէյթ ու իր ընկերակիցները փափկավարական այց մը տուին Նախագահ Սերժ Սարգսեանին:

ՏՕՆ ԿԱԹՈՂԻԿԷ Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԻ

Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին նշեց Կա­թո­ղի­կէ Ս. Էջ­միած­նի տօ­նը։ Օ­րուան ա­ռի­թով Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ Ս. Պա­տա­րագ մա­տոյց Քրիս­տո­նէա­կան դաս­տիա­րա­կու­թեան կեդ­րո­նի տնօ­րէն Տ. Վար­դան Եպսկ. Նա­ւա­սար­դեան։

ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Ի­րա­նի Հո­գե­ւոր Ա­ռաջ­նորդ Ա­յէ­թուլ­լահ Հա­մա­նէ­յի ուխ­տագ­նա­ցու­թիւն­նե­րու հար­ցե­րով ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Սէիտ Ա­լի Կա­զի Աս­քա­րը, որ վեր­ջին օ­րե­րուն այ­ցե­լեց Հա­յաս­տան։ Ի­րեն կ՚ու­ղեկ­ցէր Ե­րե­ւա­նի մօտ Ի­րա­նի դես­պան Մու­հա­մմէտ Րէի­սի։

ԱՂԱՆԴՆԵՐՈՒ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐ

Երեւանի մէջ կլոր սեղանի ձեւաչափով քննարկում՝ Հայաստանէ ներս հոգեւոր անվտանգութեան խնդիրներու լուծման ջանքերուն շուրջ:
Ըստ Տ. Բագրատ Եպսկ. Գալստանեանի, խօսքի ազատութեան իրաւունքը պատրուակ կը ծառայեցուի հոգեորսութեան համար:

ՔԱՀԱՆԱՅԻՑ ՀԱՒԱՔ

Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ, Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի նա­խա­գա­հու­թեամբ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ քա­հա­նա­յից տա­րե­կան հա­ւա­քը։ 235 հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ ժո­ղո­վը գու­մա­րուե­ցաւ Գէոր­գեան հո­գե­ւոր ճե­մա­րա­նի հան­դի­սու­թիւն­նե­րու դահ­լի­ճին մէջ։

ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՆԱՏԱՆ ԱՆԱՐԱՏ ՅՂՈՒԹԻՒՆ ՄԱՏՐԱՆ ՄԷՋ ՄԱՅԻՍԵԱՆ ԱՂՕԹՔՆԵՐՈՒ ԵԶՐԱՓԱԿՈՒՄ

Մխի­թա­րեան միա­բա­նու­թեան Իս­թան­պու­լի վա­նա­տան Ա­նա­րատ Յղու­թիւն մատ­րան մէջ այս տա­րի եւս տե­ղի ու­նե­ցան ա­ւան­դա­կան Մա­յի­սի ա­ղօթք­նե­րը։ Ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին վեր­ջին ա­ղօթ­քը տե­ղի ու­նե­ցաւ ջեր­մե­ռանդ մթնո­լոր­տի մը մէջ։

ՆՈՐԱԿԱՌՈՅՑ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ

Հա­յաս­տա­նի Սե­ւան եւ Ար­տա­շատ քա­ղաք­նե­րուն մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին օ­ծուե­ցան եւ պաշ­տա­մուն­քի բացուե­ցան նո­րա­կա­ռոյց ե­կե­ղե­ցի­ներ։ Սե­ւան քա­ղա­քի Ս. Հրեշ­տա­կա­պե­տաց եւ Ար­տա­շատ քա­ղա­քի Ս. Յով­հան­նէս Ա­ւե­տա­րա­նիչ ե­կե­ղե­ցի­նե­րը օ­ծուե­ցան հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի։

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ Տ. ԿՈՐԻՒՆ ԱՐՔ ՊԱՊԵԱՆԻ ՎԵՐՋԻՆ ՀՐԱԺԵՇՏԸ

Շա­բաթ, 23 Մա­յիս, Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւ­նը գլխա­ւո­րու­թեամբ Տ. Եփ­րեմ Արք. Թա­պա­գեա­նի ու մաս­նակ­ցու­թեամբ միա­բան հայ­րե­րու, ժո­ղո­վա­կան կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու եւ հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դին, հրա­ժեշտ տուաւ ե­րի­ցա­գոյն միա­բան­նե­րէն, անձ­նուէր ու հա­ւա­տա­րիմ հո­գե­ւո­րա­կա­նին, հմուտ հա­յա­գէ­տին, ծի­սա­գէ­տին, աս­տուա­ծա­բա­նին եւ Տնօ­րէն ժո­ղո­վի ա­տե­նա­պետ՝ Տ. Կո­րիւն Արք. Պա­պեա­նին։

Էջեր