ԿԱՐԵՒՈՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը հիւրընկալեց Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարը:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի քննարկումներուն ժամանակ օրակարգի վրայ եկան կրթական ոլորտի բարեփոխումներու նախաձեռնութեան վերաբերեալ մտահոգութիւնները:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց, ազգային բարերար, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային հերոս Էտուարտօ Էօրնէքեանը։ Այս վերջինը միեւնոյն ժամանակ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի բարերարներէն է։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ աւանդական շուքով նշեց տարուայ հինգ տաղաւարներէն վերջինը՝ Խաչվերացի տօնը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ այս առթիւ տեղի ունեցան մեծահանդէս արարողութիւններ։
Պէյրութի նաւահանգիստի ահաւոր պայթումէն քառասուն օր անց ոգեկոչման յուզումնալի արարողութիւն:
«Ազգային արժէքներու պաշտպանութիւն» նախաձեռնութեան խումբը երէկ այցելեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին՝ ծանօթացնելով իր օրէնքի նախագիծը:
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը՝ միշտ հաւատարիմ իր հայապահպանման առաքելութեան:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը եւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան երէկ հանդիպում մը ունեցան Երեւանի մէջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Արարատ Միրզոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց, որ Վեհափառ Հայրապետը ընդունած էր հրաւէրը։
Հայորդեաց տուներու պատասխանատուները երէկ այցելութիւն մը տուին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին:
Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքի համալիրէն ներս վերջերս տեղի ունեցաւ միաբանական հաւաք:
Վանայ լճի Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ։ Ինչպէս ծանօթ է, այս պատմական հայկական սրբավայրը պետութեան կողմէ վերանորոգուած է ու կը գործէ թանգարանի կարգավիճակով։