ՅՈՒՍԱԼ ԱՌ ԱՍՏՈՒԱԾ
«Ստեղծուած իրավիճակին մէջ մենք բոլորս կոչուած ենք խստագոյնս հետեւելու պետական պատկան մարմիններու ցուցումներուն, առաւելագոյն սթափութիւն եւ զգօնութիւն դրսեւորելու, որպէսզի պատճառ չդառնանք վարակի տարածման, չվտանգենք մեր, մեր հարազատներու եւ հայրենակիցներու առողջութիւնը»:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը պատգամեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն. «Զօրանանք հաւատով ու սիրով, գօտեպնդուինք յոյսով, զինուինք համբերութեամբ եւ փորձութեան այս օրերը դարձնենք հնարաւորութիւն՝ առանձնութեան մէջ խորհելու կեանքի ու հոգեւոր արժէքներու կարեւորութեան, իրարու հանդէպ հոգատարութեան մասին»: