ԵՒՐՈՊԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔԷ ՆԵՐՍ ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴԸ ՆԵՐԳՐԱՒԵԼՈՒ ՈՒՂՂԵԱԼ ԾՐԱԳՐԵՐ ԿԸ ՄՇԱԿՈՒԻՆ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Եւրոպայի թեմերու առաջնորդները, հայրապետական պատուիրակներն ու առաջնորդական փոխանորդները անցեալ շաբաթավերջին առցանց խորհրդակցութիւն մը ունեցան՝ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ։