ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ՎԵՐԱԲԱՑՄԱՆ ՄԱՍԻՆ
Աթոռոյս Պատկառելի Կրօնական ժողովը 14 յուլիս 2020, երեքշաբթի, յետմիջօրէին, ժամը՝ 16.00-ին, գումարուեցաւ Պատրիարքարանի մէջ, նախագահութեամբ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր։
Աթոռոյս Պատկառելի Կրօնական ժողովը 14 յուլիս 2020, երեքշաբթի, յետմիջօրէին, ժամը՝ 16.00-ին, գումարուեցաւ Պատրիարքարանի մէջ, նախագահութեամբ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, երէկ տեղի ունեցաւ եպիսկոպոսներու հաւաք մը։ Մայրավանքի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս ժողովը, որուն մասնակցեցան թեմակալ առաջնորդներ եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ պաշտօնավարող սրբազաններ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանի Գեղարքունիքի մարզէն հիւրեր, որոնք ներկայացան Գեղարքունիքի թեմի առաջնորդական տեղապահ Տ. Պարթեւ Վրդ. Բարսեղեանի ուղեկցութեամբ։
Կիլիկեան Աթոռի գահակալի կաթողիկոսական օծման 25-ամեակին առթիւ փայլուն արարողութիւններ:
Արամ Ա. Կաթողիկոս շրջապատուեցաւ միաբանութեան եւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամներուն կողմէ:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ հեռակապով հանդիպում մը ունեցաւ Եւրոպայի երկիրներու Հայ Եկեղեցւոյ թեմակալ առաջնորդներու, հայրապետական պատուիրակներու եւ առաջնորդական տեղապահներու հետ։
Քորոնաժահրի համավարակի օրերուն, Պատրիարքական Աթոռոյ «Արմաշ» մատենաշարէն, որպէս տասն եւ երրորդ հատոր լոյս տեսաւ Պատրիարքական Աթոռոյ հոգեւորականաց դասէն Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ուզունեանի «Յովհաննէս Սրկ. Վրդ.ի մատենագիտութիւնը եւ խրատական գործերը» խորագրեալ աւարտաճառը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետի բարձր նախագահութեամբ ԳՀԽ-ի ժողով գումարուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին կը ջանայ յամառօրէն կայուն հունի մէջ պահել իր բազմակողմանի գործունէութիւնը՝ հակառակ առկայ մարտահրաւէրներուն:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանը վերջերս լոյս ընծայեց «Ընդդէմ Եհովայի վկաներուն» գիրքը։ Կիլիկիոյ Աթոռի հոգելոյս միաբաններէն Տ. Զարեհ Արք. Ազնաւորեանն է այս գործին հեղինակը։
Պատրիարքական Աթոռի երանաշնորհ գահակալ հոգելոյս Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի շիրմի պաշտօնական բացման արարողութիւնը երէկ տեղի ունեցաւ Շիշլիի գերեզմանատան մէջ։ Արարողութեան նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որու կողքին էին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ մեր հոգեւորականաց դասու անդամները։
Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօնին առթիւ երէկ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ աշխարհասփիւռ հաւատացեալները հերթական անգամ հոգեւոր մեծ հրճուանք ապրեցան։ Այսպէս, Հայց. Առաքելական Եկեղեցին նշեց Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօնը, որ Արարատեան տօներու շաբաթը կը պսակէ։