Հինգշաբթի 1, Մայիս 2025
Ս. ՊՕՂՈՍ ԵՒ Ս. ՊԵՏՐՈՍ ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ
Սուրբ Պօղոսի եւ Սուրբ Պետրոսի յիշատակութեան տօնին առթիւ, երէկ, Պէյօղլուի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ Պատարագ։ Արարողութեան հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեան, որ խօսեցաւ նաեւ օրուան քարոզը։ Պատարագիչն էր Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։ Ներկայ էին նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւագ Քահանայ Տամատեան, Տ. Կորիւն Աւագ Քահանայ Ֆէնէրճեան, Տ. Ներսէս Քահանայ Այվազեան եւ գաւառի տեսուչ Տ. Աւետիս Քահանայ Թապաշեան, որ հիւրաբար այս օրերուն կը գտնուի քաղաքիս մէջ։
Յաւարտ Ս. Պատարագի այցելութիւն մըն ալ տրուեցաւ երանաշնորհ Տ.Տ. Յակոբ Ջուղայեցի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի շիրմին։
Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 27, 2023