ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՀՈՒՆԳԱՐԻԱՅԷՆ ՀԻՒՐԵՐ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջին օրերուն հիւրընկալեց Հունգարիայէն՝ «Հալածեալ քրիստոնեաներու օգնութեան եւ հունգարական աջակցութեան ծրագրի» պետական քարտուղար Թրիսթան Ազպէյը։ Ներկայ էր նաեւ Երեւանի մօտ Հունգարիոյ դեսպան Աննա Մարիա Շիքօ։
Վեհափառ Հայրապետը զրոյցի ընթացքին գնահատեց, որ այս դժուարին օրերուն աջակցութիւն կը ցուցաբերուի Հայաստանին եւ Արցախի հայրենազրկուած հայերուն համար։ Ան մատնանշեց Հայաստանի անվտանգային խնդիրները։ Նորին Սրբութիւնը գոհունակութիւն յայտնեց Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու քրիստոնէական համայնքներուն Հունգարիոյ կողմէ ցուցաբերուած զօրակցութեան համար։
Հանդիպման ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ Հունգարիոյ իշխանութիւններուն միջեւ մարդասիրական ոլորտէ ներս համագործակցութեան հեռանկարներուն շուրջ։