ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀԱՇՈՒԵՅԱՐԴԱՐ
Երէկ, Հայաստանէ ներս առկայ իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութիւնը նոր փուլ մը թեւակոխեց: Այսպէս, Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան պաշտօնական աղբիւրները հրապարակեցին՝ այսպէս կոչուած Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ բարեփոխման վերաբերեալ ուղեցոյց-զեկոյց մը: Ինչպէս ծանօթ է, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ գլխաւորուած կառավարութեան 2026-2031 թուականներու ծրագրին մէջ ընդգրկուած է՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ բարեփոխման խնդիրը, ինչ որ գործնականօրէն կը նշանակէ Տ. Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը գահընկէց ընել: Մինչ այս կապակցութեամբ մտահոգութիւնները հետզհետէ համատարած կը դառնան, Հայաստանի կառավարութեան աղբիւրներուն կողմէ երէկ կատարուած հրապարակումներու լոյսին տակ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինն ալ հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ: Ստորեւ կը ներկայացնենք Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուական համակարգին կողմէ հրապարակուած յայտարարութիւնը:
*
Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան կողմէ հրապարակուած Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ մասին այսպէս կոչուած զեկոյցը հակասահմանադրական է, հակականոնական եւ անօրինական՝ իր բովանդակութեան եւ ձեւին մէջ:
Պետական միջոցներու մսխմամբ՝ ընկերային ցանցերու վրայ եւ լրատուամիջոցներու մէջ հրապարակուած մեղադրանքներու եւ յերիւրանքներու հիման վրայ շարադրուած «զեկոյց»ը դրսեւորումն է քաղաքական հաշուեյարդարի, քինախնդրութեան եւ եկեղեցւոյ ներքին կեանքին դատապարտելի միջամտութեան:
Տեղին կը համարենք վերստին արձանագրել 2026 թուականի փետրուարի 17-19-ին, Աւստրիոյ Սանկտ Փոլթէն քաղաքին մէջ գումարուած Եպիսկոպոսաց հաւաքի որդեգրած դիրքորոշումը, որով հարկ է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները՝
- դադրեցնեն եկեղեցւոյ դէմ հալածանքները եւ յարգեն եկեղեցւոյ դարերով ամրագրուած ինքնիշխանութիւնն ու ինքնավարութիւնը՝ եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւնները խարսխելով փոխադարձ յարգանքի, իրաւասութիւններու յստակ տարանջատման եւ ազգային շահի առաջնահերթութեան վրայ,
- վերջ դնեն շինծու մեղադրանքներով ու զրպարտութիւններով եկեղեցականներու ու ազգընտիր Ամենայն Հայոց Հայրապետի դէմ բռնաճնշումներուն,
- գործեն բացառաբար Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեամբ, օրէնսդրութեամբ եւ միջազգային օրէնքներով եւ հաւատարիմ մնան հռչակուած ժողովրդավարական սկզբունքներուն՝ երաշխաւորելով երկրէ ներս խղճի, կրօնի եւ դաւանանքի ազատութիւնը, պառակտման փոխարէն ապահովելով հասարակական համերաշխութիւն,
- առկայ խնդիրներն ու հակառակութիւնները փարատեն երկխօսութեան ոգիով, առանց նախապայմաններու՝ զերծ մնալով անհեռանկար վերջնագրային խօսոյթէն:
Ակնյայտ է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն իսկ կողմէ ջանքեր կը գործադրուին արհեստական տագնապ յառաջ բերելու եկեղեցական կեանքէն ներս: Անընդունելի է քաղաքական կամայական մօտեցումներով, մեքենայութիւններով ու պարտադրանքներով թելադրուած բարենորոգման որեւէ շարժում: Հայոց Եկեղեցւոյ առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու յաղթահարման եւ բարեկարգութեան գործընթացները կ՚իրականացուին միմիայն եկեղեցական կանոնական բարձրագոյն մարմիններու որոշումներով:
Եկեղեցւոյ տկարացման, եկեղեցականութեան հեղինակազրկման որդեգրուած սոյն դատապարտելի քաղաքականութիւնը երբեք չի կրնար ծառայել հայրենիքի եւ աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդի բարիքին, միասնականութեան ամրապնդման, առաւել եւս արտաքին անվտանգային սպառնալիքներու դէմ յանդիման՝ առկայ փորձութիւններու դիմագրաւման: