Արխիւ

Հինգշաբթի, Յուլիս 3, 2025

Դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ երկշաբաթեայ ուղեւորութենէ վերադարձին, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այսօր Գումգաբուի մէջ կը սարքէ մամլոյ ասուլիս մը։ Նորին Ամենապատուութիւնը յետմիջօրէին Պատրիարքարանի մէջ ժամադրուած է պոլսահայ մամլոյ ներկայացուցիչներուն հետ։

Հինգշաբթի, Յուլիս 3, 2025

Գումգաբուի մէջ արդէն ընթացքի մէջ է՝ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի մամլոյ ասուլիսը։ Դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ երկշաբաթեայ ուղեւորութենէ վերադարձին, Նորին Ամենապատուութիւնը Պատրիարքարանի երդիքին տակ մէկտեղուած է համայնքային մամուլի ներկայացուցիչներուն հետ՝ ներառեալ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանը, որուն հետ է նաեւ լուսանկարիչ Մկրտիչ Արծիւեան։ 

Հինգշաբթի, Յուլիս 3, 2025

«Եթէ մենք մեր նուիրականութիւնները մրցակցութեան մէջ պիտի դնենք, ապա մեզի համար առաջին նուիրականութիւնը մեր եկեղեցին է»:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 2, 2025

Չորեքշաբթի, Յուլիս 2, 2025

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն վերադարձաւ իր Աթոռը։ Դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ երկշաբաթեայ ուղեւորութեան աւարտին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Թուրք օդային ընկերութեան սաւառնակով վայրէջք կատարեց Իսթանպուլի օդակայանը։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 2, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարդիկ, ընդհանրապէս կ՚ուզեն պաշտել եւ իրենց սէրը եւ յարգանքը յայտնել ուժի մը, էակի մը կամ զօրութեան մը, ակնկալութիւններէ մղուած։ Արդարեւ, պաշտամունքը ընդոծին եւ աստուածատուր մղում մըն է։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 2, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Գիտութիւնը կը բարձրաձայնէ, թէ գուշակութիւնները, երազի մեկնութիւններն ու կանխատեսումները գիտական ո՛չ մէկ հիմք ունին, որովհետեւ երազը ինքնին անորոշութիւն մըն է՝ պատահական պատկերներ եւ հետեւաբար անոնց ճշմարտութիւնը գիտականօրէն փաստել կարելի չէ:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 2, 2025

Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 2, 2025

Երեւան եւ Թեհրան կ՚արժեւորեն ճգնաժամային իրավիճակներու պայմաններով համագործակցութեան հարցերը:
Հայաստան կը յուսայ, թէ Իսրայէլ-Իրան հրադադարը կ՚ըլլայ տեւական եւ առիթ կը դառնայ բանակցութիւններու:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 2, 2025

Հայաստանի մէջ իշխանութիւններու եւ եկեղեցւոյ միջեւ ծագած լարուածութիւնը կը շարունակէ անմիջականօրէն զբաղեցնել օրակարգը։ Եկեղեցին կը խօսի իր դէմ արշաւի մը մասին, իսկ իշխանութիւնները հարցը այլ ձեւով կը մատուցեն։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 2, 2025

Վարդեւանեան. «Եկեղեցւոյ զօրակցութիւն յայտնելէ վերջ բանտարկուած բարերարը որեւէ կոչ չէ հնչեցուցած»:
Սամուէլ Կարապետեանի փաստաբանը կը մատնանշէ գործադիր իշխանութեան ղեկավարի ակնյայտ հաշուեյարդարը:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 2, 2025

Մէկ կողմ թողուլ տարակարծութիւնները եւ հետամուտ ըլլալ ազգային միասնականութեան հաստատման:
Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ աղօթք՝ գերիներու ազատութեան, նեղեալներու մխիթարութեան եւ Հայաստանի խաղաղութեան համար:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 2, 2025

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Նոր եւ մեծ յայտնութիւն չէ, որ կ՚ուզեմ բացայայտել: Գիտեմ, որ շատեր զիս կը ճանչնան իբրեւ ամերիկաբնակ, ամերիկահայ՝ սփիւռքահայ մակդիրիս կողքին: Այս բոլորին տարբերութիւնը դո՛ւք ճշդեցէք:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 2, 2025

ՂԱՍԱՆ ՔԱՆԱՖԱՆԻ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Եթէ միայն հագուստներուն տեսքը այդքան անփոյթ եւ տխրեցնող չըլլար, անոր մասին պիտի ըսէին, թէ բանաստեղծ է…: Արդարեւ, վայրը ուր ընտրած էր, որպէսզի կառուցէր իր տախտակէ եւ թիթեղէ համեստ հիւղակը, ընտիր վայր է…:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 2, 2025

Մխիթարեանի ընտանիքը վարժարանի այս տարուան շրջանաւարտութեան հանդէսին առթիւ ապրեցաւ բացառիկ ոգեւորութիւն։ Դպրոցի պարզէտին մէջ կազմակերպուած հանդէսը փառաշուք տօնախմբութեան մը համազօր էր՝ քանի զուգադիպեցաւ Մխիթարեանի հիմնադրութեան 200-ամեակի յոբելենական շրջանին։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 2, 2025

Ֆէրիգիւղի ընտանիքը վերջին օրերուն համախմբուեցաւ երկու ուրախ հանդէսի առթիւ, թաղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ։ Այդ հանդէսներէն մին Մէրամէթճեան վարժարանի նախակրթարանի բաժնի շրջանաւարտներուն համար էր, իսկ միւսը՝ մանկապարտէզի փոքրիկներու տարեվերջին։

Երեքշաբթի, Յուլիս 1, 2025

Անգարա կը գնահատէ՝ Լոնտոնի կողմէ Դամասկոսի դէմ պատժամիջոցներու այլեւս բաւ համարուիլը:
Թուրքիա եւ Անգլիա գրեթէ իրերանման դիրքորոշում ունին միջազգային հրատապ օրակարգի բոլոր հարցերուն շուրջ:

Երեքշաբթի, Յուլիս 1, 2025

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Տարբեր էր մեր մանկութիւնը։ Լիովին կը հաւատամ, որ ճակատագիր մը չէր անիկա, այլ՝ կամովին ընտրութեան մը արդիւնք։

Երեքշաբթի, Յուլիս 1, 2025

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայ իրականութեան մէջ եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւնները յաճախ վերիվայրումներ ունեցած են։ Պայքարելով զանազան ազգային, եկեղեցական հարցերու համար՝ Ամենայն հայոց կաթողիկոսները շատ անգամ հալածուած են օրուայ իշխանութիւններուն կողմէ. այդ մէկը նկատելի էր՝ մանաւանդ խորհրդային տարիներուն։

Երեքշաբթի, Յուլիս 1, 2025

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Մեր փողոցին վրայ քով-քովի շարուած բոլոր տուներէն ներս, Քիմի հիւանդութեան լուրը կայծակի արագութեամբ տարածուեցաւ: Քիմը՝ բոլորին միայն դէմքով ծանօթ քորէացի Քիմը, որ ամէն առաւօտ կանուխ, մեր փողոցին վերէն-վար, ամբողջ երկայքին ու լայնքին իբրեւ օրուան մարզանք, քանի մը անգամ կը չափչփէր, նոյնիսկ երբեմն քալած պահուն շուէտական մարզանքի ձեւեր ալ ընելով, այս օրերուն ծանր հիւանդ էր:

Էջեր