Արխիւ

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 29, 2020

Գնալըի թաղապետ Էրտալ Այտըն բացատրութիւններ տուաւ քորոնաժահրով պայմանաւորուած առկայ սահմանափակումներուն առընչութեամբ:
«Եթէ ձեր առաջնային բնակութեան արձանագրութիւնը այստեղ չէ, ապա այս պահուն չէք կրնար կղզի այցելել՝ նոյնիսկ կալուածատէր կամ վարձակալ ըլլալու պարագային»:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 29, 2020

Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ քննարկումներ՝ համաճարակով ստեղծուած կացութեան շուրջ:
«Ժողովուրդին պէտք է յոյս ներշնչել, զօրացնել անոր հաւատքը, որպէսզի կարենայ յաղթահարել ներկայ դժուարին պայմանները»:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 29, 2020

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

-Եթէ գիտնայի, որ այսօր կարելի չէ մտնել Ծիծեռնակաբերդ, ապա այսքան ճամբայ ոտքով չէի կտրեր ու անցներ…
Դէպի յուշահամալիր իւր մուտքն արգիլած ոստիկանին այսպիսի համեստ պատասխան տուած է օրեր առաջ համայն հայութեան ուշադրութեան ու ակնածանքին արժանացած, հայ ազգի հաւաքական կերպարը դարձած 82-ամեայ Արտուշ պապը, որ իր վերջին մանրադրամներով գնած էր քանի մը վարդ ու շտապած յարգանքի տուրք մատուցելու Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակին։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 29, 2020

ԵՐԱՄ

Դէպի Թեհրան կ՚ուղղուէր բեռնակառքը ծանրաշարժ։
Պամն արդէն ետեւ ձգած էր Զանան։ Բան մը, որ երբեք մտքէն չէր անցած։
Մտքէն չէր անցած, ո՛չ թէ անոր կապուած ըլլալուն համար, այլ պարզապէս քանի որ պատճառ չունէր անցընելու։ 

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 29, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Անբնական կենցաղ» կը նշանակէ՝ Աստուծոյ հաստատած բնութեան օրէնքներուն հակառակ շարժիլ, անզգոյշ եւ անզուսպ ըլլալ, չափազանցութիւններով տարուիլ եւ անտարբեր գտնուիլ անոնց առթելիք վտանգներուն հանդէպ։ Զոր օրինակ՝ բնութիւնը կը պահանջէ, որ մարդիկ չափաւորութեամբ ուտեն, խմեն, աշխատին, քնանան, պտըտին, վազեն, եւ այլն։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 29, 2020

Հայաստան ընդգրկուած է այն երկիրներու շարքին, որոնք անցեալ տարի ռազմական ծախսերու համար յատկացուցած են իրենց համախառն ներքին աճի առնուազն 4 տոկոսը։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 29, 2020

Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան, որ ներկայիս բանտարկուած է 1 մարտ 2008 թուականին տեղի ունեցած արիւնալի դէպքերուն հետեւանքով, երէկ փոխադրուեցաւ հիւանդանոց։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան Երեւանի «Իզմիրլեան» բժշկական կեդրոնէն ներս անցաւ յետվիրահատական քննութենէ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 29, 2020

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու ղեկավարները տեղեկատուութիւն փոխանակեցին քորոնաժահրի համաճարակի վերաբերեալ Հայաստանէ եւ Իրանէ ներս առկայ իրավիճակին եւ անոր դէմ պայքարի ուղղութեամբ ձեռնարկուած քայլերուն շուրջ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 28, 2020

Ընկերային ցանցերու վրայ «աստղ»ի համբաւ ձեռք բերած Մուրատ Էօվիւչ երէկ հանդէս եկաւ հայատեաց արտայայտութիւններով։ Ամերիկահայ հեռուստաաստղ Քիմ Քարտաշեանի խորհրդանշած կերպարը թիրախաւորելու պատրուակով ան վիրաւորական, անարգական արտայայտութիւններ ունեցաւ ամբողջ հայ ժողովուրդին դէմ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 28, 2020

Մինչեւ մօտալուտ Ռամազանի տօնի շրջանը Թուրքիոյ բոլոր մեծ քաղաքներուն մէջ ի զօրու պիտի մնայ փողոց դուրս գալու արգելքը: Համաճարակի մթնոլորտով պայմանաւորուած սահմանափակումները երկարաձգուեցան եւս որոշ ժամանակ:
Նախագահ Էրտողան կառավարութեան երէկուան ժողովէն վերջ տեղեկացուց, որ ծաւալուն ծրագրի մը պատրաստութիւններուն ձեռնարկուած է:
Ըստ նախարար Քոճայի առողջացած վարակեալներու թիւը հասաւ ամենաբարձր մակարդակին:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 28, 2020

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ պոլսահայ վաստակաւոր ու երախտաշատ կրթական մշակ Ազնիւ Արթուք (Արթիք) կնքած է իր մահկանացուն։ Ան ծնած էր 1928 թուականին եւ կեանքէն հրաժեշտ առած է 92 տարեկան հասակին։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 28, 2020

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Հայաստանի իշխանութիւններու միջեւ ծագած ցաւալի բանավէճի արձագանգները կը շարունակուին՝ ստեղծուած արդար մտահոգութիւններով հանդերձ։ Սփիւռքեան մամուլն ալ կ՚անդրադառնայ այս հարցին՝ զանազան խորհրդածութիւններով։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 28, 2020

Մինչ ամբողջ աշխարհը կը պայքարի պսակաձեւ ժահրին դէմ, հեղինակաւոր մասնագէտներ այս ահաւոր իրավիճակին տուն տուող պատճառներուն մէջ գլխաւոր յանցաւորը կը համարեն մարդը, որ թէ՛ անհատական եւ թէ հաւաքական իմաստով չարաչար կը շահագործէ Մայր Բնութեան աղբիւրները, կը քանդէ արեւադարձային անտառները, անասուններուն բնակավայրերը կը վերացնէ եւ իր անպատասխանատու արարքներով պատճառ կը դառնայ, որ անասնական աշխարհը մարդ էակին առօրեային միանայ եւ իր չարիքները թափէ մեր վրայ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 28, 2020

ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ

«Տէր, սերունդէ սերունդ մեր ապաւէնը եղար։ Դուն կայիր, երբ դեռ չէին հաստատուած լեռները եւ չէին ստեղծուած երկիրն ու ողջ տիեզերքը, յաւիտենականութենէն մինչեւ յաւիտենականութիւն։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 28, 2020

Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Խօսք. «Եւ նոյն գիրքերն են, որ կը վկայեն Իմ մասիս» (Յհ 5.39):
Մեկնութիւն.
Այստեղ այս կերպով, որովհետեւ Քրիստոսի գալուստին ժամանակը Արարածքին մջ գրուած էր. «Յուդայէն պետ ու իշխան պիտի չպակսի, մինչեւ որ գայ Ան՝ որ պիտի գայ» (հմմտ. Ծն 49.10): 

Երեքշաբթի, Ապրիլ 28, 2020

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Ճամբորդութիւնները դարձած են մեր ժամանակներու մարդուն կեանքին անբաժան մասը: Ժամանակից մարդուն կեանքը կարելի չէ պատկերացնել առանց երկրէ երկիր, վայրէ վայր փոխադրուելու՝ ըլլայ այդ մէկը գործով, զուարճանքի, թէ անձնական որեւէ նպատակի համար:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 28, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Համավարակի պատճառով մարդկութիւնը կ՚ապրի նեղութեան մէջ օրեր՝ որոնք կերպով մը կարելի է նմանցնել Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Խորվիրապեան օրերուն՝ անլոյս, խաւար, բայց յոյս եւ հաւատքով լեցուն տանջանքի օրերուն…։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 27, 2020

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ոչ ոք կը մտածէ վաղուան մասին եւ այդ մօտեցումը արդէն աւելի ու աւելի խոցելի կը դարձնէ մեր կեանքը։ Ապրումը՝ բացորոշ է, որ ամբողջ մարդկութիւնը անօգնական է ու տկար։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 27, 2020

ՊԻԱՆ­ՔԱ ՍԱ­ՐԸԱՍ­ԼԱՆ

Ներկայ պայմաններով համաշխարհային օրակարգի առաջնակարգ խնդիրն է քորոնաժահրը եւ բոլոր հարթակներու վրայ կան անոր վերաբերեալ տուեալներ կամ տեղեկութիւններ։ Մարդկութիւնը կ՚առաջնորդուի մշակուած նոր կանոններով, որոնցմով կը կազմակերպուի առօրեան։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 27, 2020

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ, ներկայ ամառնամուտին սահմանափակումներ հաստատուեցան Իշխանաց կղզիներ ելք ու մուտքի համար։ Մեր համայնքի մեծ թիւով անդամներն ալ ուշադրութեամբ կը հետեւին այս իրադարձութեան։

Էջեր