Արխիւ
Բակօ Սահակեան երէկ արձագանգեց Սերկէյ Լաւրովի վերջին յայտարարութիւններուն՝ Արցախի խորհրդարանի լիագումար նիստին ժամանակ:
«Հիմնախնդրին անդրադառնալու ժամանակ մենք կը խօսինք մեր ճակատագրի մասին։ Լեռնային Ղարաբաղի անվտանգութիւնն ու անկախութիւնը սակարկութեան ենթակայ չեն»:
Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա յայտարարեց, որ Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրի նոր դէպքերու ծաւալումը կանխատեսելի մակարդակի մը վրայ կ՚ընթանայ։ Ըստ նախարարին կողմէ փոխանցուած վիճակագրական վերջին տուեալներուն, երէկուան դրութեամբ Թուրքիոյ մէջ 42 հազար 4 քննութիւն կատարուած է եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուած՝ 2 հազար 615 նոր վարակեալ։
Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ իրաւաբան Սիմոն Չեքէմ դատ բացաւ ընկերային ցանցերու «աստղ»երէն Մուրատ Էօվիւչի դէմ, որ նախընթաց օր ամբողջ հայ ժողովուրդին դէմ ատելութեան պատգամներ հրապարակած էր եւ տեղի տուած՝ համայնքային շրջանակներու հակազդեցութեան։
ԵՐԱՄ
Ցնցում մը բացաւ աչքերը Զանային։
Բեռնակառքը կանգ առեր էր։
Ֆարզատ քեռին մեղմ ժպիտով մը նայեցաւ իրեն, եւ «բարիլոյս» մը հանեց շուրթերուն մէջէն.
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
-Կարպետը կամ գորգը աշխատած ատենդ, ուշադրութիւն պիտի դարձնես ամրակարերուն, եթէ անոնք պինդ ըլլան ձիգ հենքերուն վրայ, գորգդ կամ կարպետդ քակուելու եւ փճանալու հնարաւորութիւն չ՚ունենար:
Ըսած էր կարպետի ուսուցիչը երկու ամիս առաջ. դասընթացքը ընդհատեցաւ աշխարհի անկոչ հիւրին՝ քորոնային պատճառով:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Անտարակոյս բոլորս ալ գիտենք, թէ ի՛նչպէս նիւթական աշխարհի մէջ՝ նոյնպէս ալ հոգեւոր աշխարհին մէջ ուժերը միշտ լուռ են. անոնք կ՚արտայայտուին միշտ լռութեան մէջ։ Քիչ անգամ ուժը աղմուկով կ՚արտայայտուի բնութեան մէջ։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Սէրը դրախտէն մնացած միակ զգացումն է։
Սիրոյ մասին կան անթիւ, անհամար երգեր, բանաստեղծութիւններ՝ երգուած ու գրուած։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի մէջ յառաջիկայ ամիսներուն պիտի սկսի «Կառուցէ Հայաստան» նախագիծը, որ գործարար Սեւակ Արծրունիի նախաձեռնութիւնն է գործարար, բարերար Վարդան Սըրմաքէշի համագործակցութեամբ իրականացուելիք: Երկու գործարարները ունին ընդհանուր տեսլական մը, որուն արգասիքն է այս նախագիծը:
ԳԱԲՐԻԷԼ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱՅՎԱԶԵԱՆ
Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Այս ընթացքին երբ սարկաւագը «Աստուծոյ երկրպագեսցուք» կ՚ըսէ, քահանան ու ժողովուրդը ի՞նչ կ՚ընեն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Կեա՛նքը
«Կեանքը բախտ մըն է՝ ըմբռնէ՛ զայն։
«Կեանքը գեղեցկութիւն է՝ հիացի՛ր։
«Կեանքը երջանկութիւն է՝ սորվէ՛ զայն։
Իրան վերջին օրերուն արձակեց ռազմական նշանակութիւնով առաջին արբանեակը։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Իրանի զինուորական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ իրականացուած է առաջին ռազմական արբանեակի թռիչքը դէպի տիեզերք։
Գերմանիա կը պատրաստուի ստանձնել Եւրոմիութեան շրջանային նախագահի պաշտօնը։ 1 յունիս 2020 թուականին ԵՄ-է ներս պիտի սկսի գերմանական նախագահութիւնը։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի տագնապի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրուցակիցները քննարկեցին քորոնաժահրի համաճարակի ծաւալումով պայմանաւորուած մարտահրաւէրները եւ անոնց դէմ ձեռնարկուած քայլերը։
Արցախի նորընտիր ղեկավարը պաշտօնը ստանձնելէ առաջ կ՚իրականացնէ խորհրդակցութիւններ:
Յարութիւնեան եւ Պապայեան կարեւորեցին Լեռնային Ղարաբաղի մարտահրաւէրներու ներքին միասնականութեամբ դիմագրաւումը:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երկրի քաղաքացիներուն յորդորեց սորվիլ քորոնաժահրի պայմաններուն ներքեւ ապրիլ բնականոն կեանքով։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան Դիմագիրքի իր էջին վրայ նախընթաց օր հանդէս եկաւ ուղիղ եթերով, որու ընթացքին շեշտեց, թէ քորոնաժահրի համաճարակը կրնայ երկար շարունակուիլ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լրահոսին վրայ դարձեալ Պէյրութը կայ։ Խնդիրը այն է, թէ հազիւ դուրս գալով քորոնայի համաճարակ ըլլալու դրոյթէն (անշուշտ քորոնան տակաւին չի պատրաստուիր վերջնականապէս լքել այդ երկիրը), Լիբանանի մէջ ընթացք կ՚առնէր տնտեսական բնոյթի նոր լարուածութիւն մը, որ կը պայմանաւորուի ամերիկեան տոլարին մեծ ոստումով։
Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա տեղեկացուց, որ Թուրքիա քորոնաժահրի համաճարակին մէջ գագաթնակէտի շրջանին կը գտնուի, միեւնոյն ժամանակ, համաճարակի ծաւալման թափին մէջ անկումի միտում մը կը նկատուի, սակայն սա պէտք է ըլլայ մշտական։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ վերջերս իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքային շրջանակներու համակրելի դէմքերէն մին՝ Գրիգոր Մըխճեան։ Քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ իր կորուստը որոշ չափով ենթարկուած է անուշադրութեան։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու ղեկավարները տեղեկատուութիւն փոխանակեցին քորոնաժահրի համաճարակի վերաբերեալ Հայաստանէ եւ Իրանէ ներս առկայ իրավիճակին եւ անոր դէմ պայքարի ուղղութեամբ ձեռնարկուած քայլերուն շուրջ։
«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական բաժանմունքի հերթական ծրագիրը:
Հայերէնով արտայայտուիլ մարդկութեան դիմագրաւած առկայ դժուարութիւններուն շուրջ: