Արխիւ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ ունեցան հանդիպում մը։ Սա եղաւ վերջին օրերու անոնց երկրորդ տեսակցութիւնը։
Ծանօթ է, որ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի տնօրինութեամբ, 11 նոյեմբերը հռչակուած է, որպէս Ազգային ծառատկումի օր։ Այս օրուան կապակցութեամբ, Պէյօղլուի քաղաքապետութեան ծառատնկումի պատասխանատուները նախընթաց օր, յետմիջօրէին, այցելեցին Պատրիարքարան, ուր ընդունուեցան Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի կողմէ։
Ազգային մեծ ժողովի Մարդու իրաւանց ուսումնասիրութեան յանձնաժողովի անդամ խումբ մը երեսփոխաններ վերջերս այցելեցին Շիշլի մարզակումբը։
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Օրէ օր աւելի կը յստականան այն պայմաններն ու մանրամասնութիւնները, որոնք հայութեան բաժին կ՚իյնան Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն հետ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ստորագրած համաձայնագիրով:
Լեռնային Ղարաբաղի վերջին լայնածաւալ պատերազմի ծանր հետեւանքներով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ հայաշխարհէն հեղինակաւոր կերպարներ հանդէս կու գան բուռն հակազդեցութեամբ։ Այս ամբողջին մէջ երէկ ուշագրաւ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ Արցախի նախկին պաշտպանութեան նախարարներէն Սամուէլ Պապայեան, որ վերջին շրջանին կը վարէր Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի պաշտօնը։
Ռուսաստանի խաղաղապահները կը տեղակայուին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս:
Ըստ Սերկէյ Լաւրովի, Թուրքիա հրադադարը պիտի վերահսկէ բացառապէս օդէն՝ անօդաչու թռչող սարքերու միջոցաւ:
Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքի կայունացման որոնումները յառաջ կը տարուին՝ Երեւանի բազմամարդ հանրահաւաքներու ու երթերու զուգահեռ:
Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին վերջ դրած հրադադարի ծանր համաձայնութեան պայմաններուն ներքեւ հայկական աշխարհը բազում հարցականներու պատասխանին հետամուտ:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ, Գումգաբուի մէջ ընդունեց Անգարայի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոն, որ քաղաքավարական այցելութեան մը փութացած էր իր առաքելութեան ձեռնարկելու բերումով։
ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
Արցունքներս կոկորդիս մէջ խեղդեցի յաճախ, երբ կարդացի անուններու երկար ցանկերը այն մատղաշ կեանքերուն, որոնք երկվայրկեանի մը մէջ ընդհատուեցան արցախեան սահմաններուն պահպանման ի խնդիր…
Արցունքներս անխօս թրջեցին բարձս, երբ ստիպուած եղայ հաւատալ, որ նահատակներուն կարգին իմ հին, թանկագին ու լաւ բարեկամիս՝ Գէորգին անունն ալ արձանագրուեցաւ՝ իր իսկ արեամբ…
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
-Մեղրը Դադիվանքից ենք բերել. մի քիչ համբերէք, տաք բախլավան մեղրով համեմենք, կը տանք: Համից չէք կշտանայ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
ՈՊՆԻԱԶ. (ԵԶԵԿ. ԻԷ 15)։ Այս փայտը մեծապէս յարգի է իր գոյնին եւ կարծրութեան համար։ Արեւելքի եւ մանաւանդ Սէյլան կղզիին մէջ մեծ առատութեամբ բուսնող տեսակ մը արմաւենիի միջին կարծր մասն է այս։
Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Երեւանի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինի հետ։ Շուրջ երկու ժամ տեւեց զրոյցը, որու ընթացքին կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցան Արցախի մէջ հաստատուած հրադադարէն վերջ ստեղծուած իրավիճակին եւ Հայաստանի ներքին քաղաքական տագնապի յաղթահարման ուղիներուն վերաբերեալ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
ՀԻՆԱ. (ԵՐԳ. Ա 14, Դ 13)։ Հոտաւէտ եւ ծիրանածաղկի (=լէյլակ) նման ծաղկալից փոքրահասակ թուփ մըն է։ (Հինա=գընայ). տերեւները արեւելքի եւ Եգիպտոսի մէջ փոշիի վերածուելով կը գործածուին իբրեւ ներկ եղունգի եւ յօնքի։
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Քորոնաժահրի պարտադրած մեկուսացումը կը շարունակուի: Դիզուած գիրքերու մէջէն յայտնուեցան «Դրօշակ»ի հին թիւեր: Ինչե՜ր կան անոնց մէջ: Կարեւորի կողքին՝ հետաքրքրականը: Ապրիլ 1907-ի համարի վերջին էջին վրայ ծանուցում. Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հրատարակութիւնները:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Պատերազմի օրերուն ամէն անգամ երբ կը հնչէր հեռաձայնը, մինչեւ ընկալուչին հասնիլը՝ սիրտդ կը բաբախէր քանի մը անգամ առաւել ուժգին: Մենչեւ հեռաձայնին հասնիլը մտքերդ իրարու կը խառնուէին: Կը սկսէիր զբաղիլ գուշակութեամբ. արդեօք հեռաձայնողը ո՞վ է, ի՞նչ լուր պիտի յայտնէ...
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Նոյեմբեր 10-ի առաւօտը բացուեցաւ մղձաւանջային տրամադրութեամբ: Ամբողջ գիշեր ցուցարարները աղմկեցին, ջարդեցին եւ փշրեցին կառավարական վայրերուն մէջ՝ դէմ արատայայտուելով նոր իրողութեան, որուն առջեւ կեցած են Հայաստանն ու Արցախը:
Ինչպէս ծանօթ է, Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան կողմէ օրակարգի բերուած եւ հանրային կարծիքի ուշադրութիւնը գրաւած Հաս խանի հարցը Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հօր ուշադրութեան յանձնուած էր։
Ժողովուրդի լուրջ անհանգստութեամբ պայմանաւորուած՝ կարեւորուեցաւ կայունութեան պահպանումը:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին եւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին հանդիպումը Երեւանի մէջ:
Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի հրադադարի յայտարարութեան զուգահեռ Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրքը արդէն կը տեղակայուի հակամարտութեան տարածքաշրջանէն ներս։ Ռուսաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութիւնը երէկ հաղորդեց, որ ռուս զինուորականները արդէն վերահսկողութիւն հաստատած են Լաչինի միջանցքէն ներս։
Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի կողմէ գլխաւորուած Հայ ազգային քոնկրէսը տեղեկացուց, որ երկրի իշխանութիւնը՝ «Իմ քայլը» աններելի յանցանք մը գործած է ամբողջ հայ ժողովուրդին դէմ։