Արխիւ
Պաքուի մէջ երէկ տեղի ունեցած յաղթանակի տողանցքին ժամանակ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներու ելոյթները ունեցան տարբեր երանգներ եւ շեշտադրումներ:
Էրտողան մաղթեց, որ հայ քաղաքական գործիչները այլեւս համարձակ քայլեր առնեն տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութեան ու կայունութեան հիմքով ապագայ մը կառուցելու ուղղութեամբ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքի մէջ յաջողութիւններ ո՛չ անպատասխանատու դիպուածի մը, ոչ ալ կոյր բախտին արդիւնքն են։ Ուստի, ամէն լուրջ յաջողութիւն, աշխատութեան մը արդիւնքն է, որուն կ՚ընկերանան ընդունակութիւն, հաստատամտութիւն՝ որ կը նշանակէ յարատեւութիւն, ձեռներէցութիւն, հեռատեսութիւն։
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ երէկ Ատրպէյճանի կողմէ հայկական կողմին վերադարձուած է երեք հայ գերի։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, անոնք օդային ճամբով վերադարձած են Երեւան եւ զիրենք փոխադրող օդանաւը վայրէջք կատարած է «Զուարթնոց» օդակայան։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները կը պատրաստուին այցելել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան։ Մօտաւոր անցեալի լայնածաւալ պատերազմին վերջ տուած, 9 նոյեմբերին ստորագրուած հրադադարի համաձայնութենէն վերջ առաջին անգամ միջնորդները պիտի այցելեն հակամարտութեան տարածքաշրջան։
Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով երէկ Թեհրանի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի եւ Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Հասան Ռուհանի եւ Ճէյհուն Պայրամով անդրադարձան Ռեշտ-Աստարա երկաթուղիի արագ շինարարութեան կարեւորութեան։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան աւարտեց իր աշխատանքային այցելութիւնը դէպի Փարիզ։ Նախընթաց օր Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիանի կողմէ ընդունուելէ վերջ, ուղեւորութեան եզրափակիչ փուլին նախարարը տեսակցեցաւ Ֆրանսայի օրէնսդիրներուն հետ։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման համար յառաջիկային կ՚ակնկալուին բանակցութիւններ:
Ըստ Տիգրան Աւինեանի, Սոթքի հանքավայրի տարածքէն ներս զինուորականները այժմ աւելի ճշգրիտ դիրքաւորուած են:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ օրուան երկրորդ կէսին մեկնեցաւ Պաքու՝ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հրաւէրին ընդառաջ։ Պաքու հասնելէ վերջ երեկոյեան ժամերուն իրեն բարի գալուստ մաղթեց Իլհամ Ալիեւ։
Հայաստանի ներքին քաղաքական փակուղին կը խորանայ մտահոգիչ ձեւով։ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում» ընդդիմադիր խմբաւորումը միշտ հետամուտ կը մնայ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականին։ Իսկ այս վերջինը կը դիմադրէ ու կը ջանայ անդունդի եզրէն վերադարձնել իր կառավարութիւնը։
Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը տեղեկութիւններ հրապարակեց շաբաթավերջին՝ թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին ի նպաստ կազմակերպուած տարեկան հանգանակութեան արդիւնքներուն շուրջ։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Ձմեռ է:
Եղանակը ցուրտ է: Այլեւս կարճաթեւ կամ թեթեւ հագուած չենք կրնար դուրսը պտտիլ: Դուրսը ցուրտ է, ներսը՝ սառնամանիք:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ատրպէյճանը կը շարունակէ յայտարարել, թէ իր վերահսկողութեան տակ անցած միջնադարեան ու վաղ քրիստոնէական կառոյցները աղուանական ծագում ունին: Մատնացոյց ըրած են գիրքեր, թուղթեր, հրապարակումներ, որոնք ատրպէյճանցի գիտնականները տպագրած են հայկական եկեղեցիներու, յուշարձաններու մասին նախորդ տասնամեակներուն եւ կեղծ փաստերով ջանացած են ապացուցել անոնց աղուանական ըլլալը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
-Ո՜վ Ռոնտա. երբեմն չեմ կրնար անիրաւութիւնը ընդունիլ, աւելին՝ անկումիս պատասխանատուութիւնը ուրիշին վրայ կը նետեմ:
-Դուն ուրիշներուն բեռները չե՛ս վերցներ վրադ սէրէն մղուած, այլ՝ կ՚ուզես որ քու ծանր բեռներդ նետես հիւանդ՝ ոչ առողջ մարդուն վրայ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Հետեւաբար միտքով պատրաստ եւ արթուն եղէք, ձեր ամբողջ յոյսը կապած փրկութեան պարգեւին, որ ձեզի պիտի տրուի երբ Յիսուս Քրիստոս յայտնուի։ Արթուն եւ պատրաստ եղէք, որովհետեւ ձեր թշնամին՝ Սատանան առիւծի պէս մռնչելով կը շրջի եւ կլլելու համար մէկը կը փնտռէ». (Ա ՊԵՏՐ. Ա 13, Ե 8)։
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Ահաւասիկ այս տարի եւս Ամանորը կը մօտենայ եւ ինչպէս ամէն տարի յատկապէս մանուկներուն մօտ անձ մը կայ, որ որպէս հերոս, որպէս երջանկութեան աղբիւր կը ներկայանայ։ Ճիշդ է, որ մեր սիրելի Կաղանդ պապուկն է ան։
Արեւելահայերէնէ վերածեց՝
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Սահմանէն եկող նորութիւնները մոխրագոյն էին՝ յաղթանակի սպիտակի ու պարտութեան սեւի հետ խառնուած: Կանայք կը շարունակէին թութ թափել, ու հեռուէն լսուող խուլ պայթիւնները այլեւս պատճառ չէին մեծ կերպասի ծայրը ձգելու համար:
Կեդրոնական վարժարանի ծնողաց միութեան կողմէ կազմակերպուած ամանորեան քէրմէսը, որ նախատեսուած էր երկու փուլով՝ երէկ հասաւ իր աւարտին։ Ինչպէս հաղորդած էինք, քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած սահմանափակումներու մթնոլորտին մէջ աւանդական քէրմէսը այս տարի կազմակերպուեցաւ առցանց։ «Instagram»ի միջոցաւ կեանքի կոչուած աննախընթաց ծրագիր մը եղաւ այս մէկը։
Կը տեղեկանանք, որ Birzamanlar հրատարակչութենէն լոյս տեսած է Քեմալ Եալչընի նոր գիրքը, որ կը կոչուի՝ «Tek Kanatlı Kartal»։
Յայտնի հեղինակի այս գիրքին մէջ կը պատմուի իր «Seninle Güler Yüreğim» վէպի բեմադրութեան գործընթացը եւ ընթերցողը ճանապարհորդութեան մը կ՚առաջնորդուի Ամերիկայէն դէպի Հայաստան։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ նամակ մը ուղարկեց Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինին։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Արմէն Սարգսեան խնդրեց, որ Վլատիմիր Փութին աջակցութիւն ցուցաբերէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանագծման համար։
Հայաստանի եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարները հանդիպում մը ունեցան Փարիզի մէջ՝ քննարկելով Լեռնային Ղարաբաղի հարցը:
Արա Այվազեան. «Ատրպէյճանէ ներս հայ ռազմագերիներու դէմ անմարդկային վերաբերմունքը կ՚արժանանայ հասարակական աջակցութեան»: