Արխիւ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը աշխարհահռչակ Ճիվան Գասպարեանի մահուան առթիւ երէկ ցաւակցական մը ուղարկեց արուեստագէտի սգաւոր ընտանիքին։ Վեհափառ Հայրապետը մշտամրմունջ աղօթքն ու օրհնութիւնը ընդգծած է ցաւակցականին մէջ, ուր նշուած է հետեւեալը.
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Մասնաւորապէս Հայաստանի մէջ խաչն ու սրբապատկերները ամէնուր են. հանրաշարժերու, երթուղայիններու, ինքնաշարժներու մէջ՝ դիմապակիէն կախուած: Աշխարհի չորս ծագերու մէջ, գրեթէ ամէն հայու օճախի մէջ, մուտքին՝ դրան շեմին, կը հանդիպինք Քրիստոսի պատկերին ու օրհնութեան. «Աստուած օրհնէ այս տունը», Տէրունական աղօթքը, Քրիստոսին խաչի վրայ կամ տասն պատուիրանները:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Չեմ փորձեր այս տողերովս, վերնագրիս մէջ յիշած բառերուս իմաստները պարզել: Բացատրել: Բոլորդ ալ, շատ հաւանաբար կը հասկնաք: Իսկ եթէ ո՛չ.- ընթերցողը, ի՛նք թող ստանձնէ այդ «պարտականութիւնը»: Բայց եւ այնպէս, անկեղծօրէն ըսեմ, որ կը սիրեմ մտածել «ասոնց» մասին:
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Ասորի կաթոլիկ եկեղեցւոյ Պատրիարքական փոխանորդ Մոնս. Օրհան Քհնյ. Չանլըն եւ Ասորի կաթոլիկ եկեղեցւոյ վարչութեան ատենապետ Զեքի Պասաթեմիրը։ Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որուն ներկայ եղան նաեւ դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը հետեւողական աշխատանք կը տանի եկեղեցապատկան կալուածներու արժեւորման ուղղութեամբ։ Կալուածներու արժեւորումը թէեւ որոշ հեռանկարներ կը խոստանայ, սակայն այդ ակնկալութիւնները արդարացնելու նախապայմանն է յիշեալ կալուածները խնամել, վերանորոգել եւ բարւոք վիճակի բերել։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Մարդկային կեանքն ու ազատութիւնը ամենաթանկ, ամենակարեւոր բաներն են աշխարհի վրայ։ Անոնց համար կարելի է վճարել ամէն գին։ Այդ առումով մեր 15 գերիներու հայրենիք վերադարձը պէտք է անվերապահօրէն ողջունել եւ ուրախանալ այդ տղաներու ընտանիքներուն հետ միասին։
«Արմէնփրէս»ի տնօրէն Արամ Անանեան տեղեկացուց, որ գործակալութիւնը շուտով պիտի ունենայ թրքերէն բաժին մը։ «Լրատուական դաշտէն ներս նաեւ թրքերէն պիտի խօսինք», ըսաւ Արամ Անանեան՝ յիշեցնելով, որ թրքերէնը պիտի դառնայ վեցերորդ լեզուն, որով թողարկումներ կ՚ընէ գործակալութիւնը։
«Թէ՛ երաժշտական եւ թէ մարդասիրական բնագաւառներէ ներս հրաշալի համագործակցութիւն»:
Ռիքարտօ Մութթի քսան տարի անց վերստին համերգ մը տուաւ Երեւանի մէջ, ուր նաեւ պարգեւատրուեցաւ:
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւել Մաքրոն շաբաթավերջին ունեցան հեռախօսազրոյց մը, որու ընթացքին անդրադարձան նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Քրեմլինի աղբիւրներու հաղորդումներով, ի թիւս այլ հարցերու, երկու նախագահները շօշափեցին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի կարգաւորման զանազան երեսակները։
Սթանիսլաւ Զասսի յայտարարութիւնները եւ Արմէն Գրիգորեանի հեռաձայնի վրայ հակազդեցութիւնը:
ՀԱՊԿ-ի քարտուղարութիւնը Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ ստեղծուած կացութիւնը կ՚որակէ միջադէպ:
Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Զուիցերիոյ թեմէն ներս շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ կարեւոր ընտրութիւն մը։ Այսպէս, Ժընեւի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ ծուխէն ներս գումարուեցաւ տարեկան ընդհանուր ժողով՝ գլխաւորութեամբ Առաջնորդական տեղապահ Տ. Գուսան Ծ. Վրդ. Ալճանեանի։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երէկ գիշեր իր մահկանացուն կնքած է աշխարհահռչակ տուտուկահար Ճիվան Գասպարեան։ Սա հայ ժողովուրդին տեսակէտէ մեծ ցնցում մըն է, անփոխարինելի կորուստ մը, որովհետեւ Ճիվան Գասպարեան վերջին տասնամեակներուն անոր ծոցէն ծնունդ առած գլխաւոր մեծութիւններէն մին հանդիսացած էր։ Տուտուկահար ու երգահան, ժողովրդական արուեստագէտ Ճիվան Գասպարեան յառաջացած տարիքի մէջ կնքեց իր մահկանացուն։
Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Ս. Սինոդի նստաշրջանը կը շարունակուի Զմմառի վանքէն ներս, Լիբանան։ Նոր կաթողիկոս-պատրիարքի ընտրութեան օրակարգով համախմբուած են Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսները։
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Նախ գիտելի է, թէ Քրիստոսի աղօթելը Աստուածութեան չի՛ պատշաճիր, այլ՝ մարդկութեան, որովհետեւ Աստուածութեամբ Հօր եւ Հոգիին հաւասար է, իսկ մարդկութեամբ՝ մեզի հաւասար է: Դարձեալ՝ Արիոս կ՚ըսէր, թէ Բանը կ՚աղօթէր, որովհետեւ Բանին արարած կ՚ըսէր:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
ԱՆՏՈՆ ՊԵՏՐՈՍ Թ. ՀԱՍՈՒՆԵԱՆ (1866-1880)
Պոլսեցի: Նախագահ եպիսկոպոս Պոլսոյ հայ կաթողիկէներուն: Ս. Աթոռը ժամանակաւորապէս յարմար տեսած էր, որ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին, Հայ Առաքելական Եկեղեցիին օրինակին վրայ՝ ունենար անոնց համապատասխան երկու Աթոռ:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Այս պատմութիւնն ալ մեզի կու գայ Մեսեչուսեց նահանգի Փլիմութհ քաղաքէն։ Մեր պատմութեան կորիզը կը կազմէ Մարք Քենի անունով մարդ մը, որ երկու անգամ արժանացած է մաս կազմելու «Guiness Book of Records»ի արձանագրութեանց մէջ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանի մէջ կայ վերլուծաբաններու խումբ մը, որու համար շատ պարզ ու յստակ է, թէ այսօր իսկ երկիրը պէտք է արագ քայլերու դիմէ, որպէսզի յարաբերութիւններ հաստատէ Թուրքիոյ հետ։ Այս ընկալումը գուցէ նորութիւն մը չէ եւ առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի կողմէ «ընդգծուած» ու ձեւով մըն ալ շրջանառուած թեզ մըն է։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ընկերային հոգեբաններ, որոնք տարատեսակ փորձեր կատարած են պատմութեան որոշ ողբերգական իրադարձութիւններու մասին, յանգած են այն եզրակացութեան, թէ «վկայ մը ունենալը աւելի ձեռնտու է, քան տասնեակ վկաներ»։ Ուրիշ խօսքով, առաւել հաւանական է, որ դուք օգնէք փողոցը վատ բան մը պատահած մարդու մը, եթէ առանձին էք։
ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ
«Միջնաբերդ» գրական տարեգիրքի 1957-ի թիւին մէջ կայ հարցաթերթիկ մը՝ ուղղուած Սփիւռքի հայ գրագէտներուն. անոնք են՝ Կարօ Սասունի, Վարդան Գէորգեան, Համաստեղ, Արսէն Երկաթ, Սիրան Սեզա, Սարգիս Սահակեան, Զարեհ Որբունի, Վահէ Վահեան, Յակոբ Մնձուրի, Մուշեղ Իշխան, Եդուարդ Պոյաճեան, Լեւոն Գարմէն եւ Ժագ Յակոբեան: Զանազան կարգի հարցումներ ուղղուած են գրողներուն՝ կապուած անոնց գրական աշխատանքներուն, առօրեայ կեանքին, սփիւռքահայ գրականութեան վիճակին, զայն ա՛լ աւելի լաւ հունի մը մէջ դնելու հնարաւորութիւններուն եւ այլն, եւ այլն:
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Ընտրութիւններու արդիւնքները ամփոփելու ժամանակ՝ պէտք է պատասխանել բազմաթիւ հարցումներու, որոնց շարքին, կը կարծեմ, առաջնայինը հետեւեալն է։ Ինչպէ՞ս ստացուեցաւ, որ իշխանական ընտրազանգուածի ներկայացուցիչները կ՚ըսեն՝ «աւելի լաւ է՝ Հայաստանը դառնայ Թուրքիոյ մաս, բայց Նիկոլը մնայ, թէ չէ կու գան նախկինները»։