Արխիւ
Ատրպէյճանի եւ Փաքիստանի միջեւ ռազմական համագործակցութիւնը հետզհետէ կը խորանայ։ Վերջին օրերուն Պաքու այցելեց Փաքիստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ Նետիմ Ռազա, որ հիւրընկալուեցաւ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի կողմէ։
Պինկէօլէն դէպի Թաթվան թռիչք առած զինուորական ուղղաթիռ մը երէկ անկում ունեցաւ Պիթլիսի մէջ:
Մշուշի եւ ձիւնամրրիկի հետեւանքով պատահած ցաւալի արկածը խլեց տասնմէկ նահատակ, կայ նաեւ երկու վիրաւոր:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հարիւրներով պէյրութցիք դարձեալ փողոց իջած են։ Պատճառը՝ ոչ միայն ամերիկեան տոլարի 10 հազարի շեմը հատելն է, այլ այդ պատկերի ստեղծումէն ետք սպասելի հետեւանքներուն հարցը։
Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ Ս. Պատարագի արարողութեան հանդիսապետեց Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Պատարագիչն էր Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը այս շրջանին շինարարական լայնածաւալ աշխատանքներու ձեռնարկած է։ Այսպէս, ատենապետ Եդուարդ Այվազեան եւ իր գործակից ընկերները մեծ ծրագրի մը ձեռնամուխ եղած են՝ եկեղեցապատկան կալուածներու վերանորոգութեան առաջադրութեամբ։
«Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւն» առարկայի յաջողագոյնները հիւրընկալուեցան Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ:
Ողիմպիականներու յաղթականները ջերմ ընդունելութեան արժանացան Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին կողմէ:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանի միջնակարգի աշակերտները վերջերս ունեցած են գնահատելի նուաճում մը։ Այսպէս, անոնք արժանացած են «e-Twinning-21 Եւրոպա»ի առաջնութեան։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Համրուած ժամեր մնացած են քննական շրջանին, իսկ ես տակաւին պատրաստ չեմ: Մի ամբողջ ժողովուրդի հազարամեակներու պատմութիւնը քանի մը շաբաթուայ ընթացքին պէտք է սերտեմ ու պատրաստ ներկայանամ քննութեան:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
«Իրանի աստղագիտութեան մայր» կոչուած մեր հայրենակցուհին՝ Ալենուշ Տէրեան, կեանքէն հեռացաւ 4 մարտ 2011 թուականին, Իրանի մէջ, 91 տարեկանին: Ան, որպէս կին գիտնական, վաստակեցաւ իր երկրին կողմէ տուած պարգեւներն ու փառքը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
-Ո՜վ Ռոնտա. Անպա Իսահակը կ՚ըսէ, թէ երբ կ՚աղօթենք, պէտք է զգանք որ երեխաներ ենք:
-Այո՛. սակայն վատ երեխաներու նման:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Պօղոս Առաքեալ, Տարսոն քաղաքը ծնած, Բենիամինի ցեղէն Հրեայ ծնողքի մը զաւակն էր (ՓԻԼԻՊ. Գ 5)։ Տարսոն քաղաքը դպրոցներու եւ գիտուններու կողմէ գրեթէ Աղեքսանդրիոյ եւ Աթէնքի կը հաւասարէր։
Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի նախաձեռնութեամբ երէկ տեղի ունեցաւ եզակի ձեռնարկ մը։ Այսպէս, թանգարանը ընթերցասէրներու դատին յանձնեց անցեալ տարի իր կողմէ հրատարակուած բազմաբովանդակ գիրքեր
Երեւանի Սենեկային երաժշտութեան տան մէջ երէկ տեղի ունեցաւ յատկանշական համերգ մը։ Այսպէս, յայտնի դաշնակահար Հայկ Մելիքեան ներկայացաւ երաժշտասէրներուն, որոնց համար մեծ հաճոյք մը եղաւ իր կատարումներուն հետեւիլը։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Ամէն ժամանակաշրջան, ամէն հասարակութիւն յառաջ կը քշէ իր առաջնորդները։ 1990 թուականին «Ղարաբաղ» կոմիտէն եւ 2018 թուականին Փաշինեանն ու մնացեալ «քայլողները» իշխանութեան գլուխ եկան փողոցի միջոցաւ։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռավար տեսակցութիւն մը ունեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հետ։ Տեսաժողով մըն էր այս մէկը, որու ընթացքին շօշափուեցան Թուրքիա-Ֆրանսա յարաբերութիւնները եւ տարածքաշրջանային զանազան նիւթեր։
Հայաստանի քաղաքական տագնապի մթնոլորտին մէջ դերակատարներու միջեւ հանդիպումներու շարք:
Նիկոլ Փաշինեան. «Արտահերթ ընտրութիւնը կը համարենք՝ հանրային համերաշխութեան վերականգնման միջոց»:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանի մէջ «նոր» ականը մէջտեղ կը բերուէր ճիշդ այն պահուն, երբ Մարոնիթ համայնքի գլխաւոր պետը՝ Ռահի Պատրիարք, կիրակնօրեայ իր պատգամներէն մէկուն ընթացքին կը խօսէր «Լիբանանեան խնդիր»ը միջազգային հարթակի ճամբով լուծելու ընտրանքներուն մասին։
«Հարաւային Կովկասի կայունութիւնը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Թուրքիոյ տեսակէտէ»:
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ հիւրընկալեց իր վրացի պաշտօնակիցը՝ Տաւիտ Զալքալիանին:
Պատրիարքական Աթոռը այս շաբաթավերջին կ՚ոգեկոչէ իր նախորդ երեք երջանկայիշատակ գահակալները։ Այսպէս, ինչպէս ծանօթ է, նախորդ երեք պատրիարքներն ալ վախճանած են Մեծ պահոց շրջանին, մարտ ամսուան մէջ, այսինքն գրեթէ նոյնաժամանակ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանի քաղաքական տագնապի մթնոլորտին մէջ առիթն ունեցանք զրուցելու ընդդիմութեան վառ ներկայացուցիչներէն Գեղամ Մանուկեանի հետ։ Ան կը վարէ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի հանրահաւաքները, նախկին երեսփոխան մըն է, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան անդամ եւ «Երկիր մետիա» հեռուստաընկերութեան ղեկավարներէն։