Արխիւ

Հինգշաբթի, Մարտ 11, 2021

Անգարա-Մոսկուա առանցքին վրայ ամենաբարձր մակարդակի աշխուժութիւնը կը շարունակուի եւ այս ամբողջին մէջ միշտ կը շօշափուի նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին ունեցան իրենց հերթական հեռավար հանդիպումը։

Հինգշաբթի, Մարտ 11, 2021

Երէկ, Մեծ պահոց Միջինքին առթիւ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, Անթիլիաս, տեղի ունեցաւ ժամերգութեան մասնաւոր արարողութիւն։ Հոգեպարար այս արարողութեան նախագահեց Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը, իր շուրջ ունենալով եպիսկոպոսներ եւ միաբանութեան անդամներ։

Հինգշաբթի, Մարտ 11, 2021

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

-Մամա, ծիւ գացի ոչ, (Մամայ, լողի չերթանք): Զաւէնիկը այնքան ալ մեծ հաճոյքով չի յաճախեր լողի. տակաւին շատ պզտիկ է, դժուար կու գայ:

Հինգշաբթի, Մարտ 11, 2021

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Մինչ աշխարհի մէկ մասին մէջ մտահոգութիւններ կը տարածուին, որ համաճարակի սկիզբէն աւելի քան մէկ տարի ետք քորոնաժահրը տակաւին կենսունակ է եւ վերջը չ՚երեւիր, աշխարհի ուրիշ հատուածի մը մէջ, աշխոյժ կերպով կը քննարկուին Մեծն Բրիտանիոյ արքայական ընտանիքին շուրջ զրոյցները:

Հինգշաբթի, Մարտ 11, 2021

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

-Ո՜վ Ռոնտա. կրնա՞յ պատահիլ, որ մարդ զգայ իր մեղաւոր վիճակը, սակայն զղջում չունենայ:
-Այո՛, կրնայ պատահիլ այդ բանը, եթէ խոնարհ չէ:

Հինգշաբթի, Մարտ 11, 2021

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մեծ պահքի ներկայ շրջանը պահեցողութեան շրջան մըն է։ Արդարեւ, կարեւոր եւ օգտակար է պահեցողութիւնը եւ որկրամոլութեան զսպումը։

Չորեքշաբթի, Մարտ 10, 2021

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Փառք քեզ, Աստուած, փառք քեզ. յաղագս ամենայնի, Տէր, փառք քեզ»։
Հաւատալ Միակ Աստուծոյ եւ սիրել զԻնք ամբողջ էութեամբ՝ մեր ամբողջ կեանքին համար անհուն հետեւանքներ ունի։

Չորեքշաբթի, Մարտ 10, 2021

Հայաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Օննիկ Գասպարեանի պաշտօնազրկման խնդիրը կը շարունակէ առանցքային բնոյթ ներկայացնել՝ Հայաստանի առկայ քաղաքական տագնապի մթնոլորտին մէջ։ Հայկական զինեալ ուժերու հրամանատարական կազմը շուրջ երկու շաբաթ առաջ աղմկայարոյց յայտարարութիւնով մը միացած էր վարչապետ Փաշինեանի կառավարութեան հրաժարականի պահանջին, ինչ որ ռումբի ազդեցութիւն գործած էր։

Չորեքշաբթի, Մարտ 10, 2021

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Յակոբ Պատալեան. «Մենք հիմա կը տեսնենք իրավիճակ մը, ուր Անգարա-Երեւան յարաբերութեան հեռանկարը էապէս կախեալ է Մոսկուայէն՝ հաշուի առնելով հայկական կողմի վրայ անոր ազդեցութիւնը: Կը կարծեմ՝ Հայաստանի համար այլ խաղացողներու եւ այլ շահերու ներգրաւումը թոյլ կու տայ հասնիլ ճկունութեան մակարդակի եւ ձեւաւորել միջավայր մը, ուր կը նշմարուին հայ-թրքական երկխօսութեան հեռանկարներ: Այստեղ շատ բան նաեւ մեզմէ կախեալ է»:
«Այսօր Ռուսաստան Արեւմուտքի հետ դիմակայութեան մէջ կը թուլանայ, աւելի ու աւելի կը կորսնցնէ իր ներուժը։ Թէկուզ տեղային մրցակցութեան իմաստով, ի վերջոյ այս պատերազմը փաստ էր, որ Ռուսաստան Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն մէջ առաջուան նման յառաջատարի դիրքերու վրայ չէ։ Թուրքիա կը շարունակէ մնալ ՆԱԹՕ-ի անդամ՝ որքան որ ալ Արեւմուտքի հետ ունի շատ լուրջ հակասութիւններ։ Այդուհանդերձ թէ՛ Արեւմուտքը եւ թէ Թուրքիան կը հասկնան, որ զիրար ձգելը փոխադարձաբար շահաւէտ չէ եւ սա եւս խնդիր է Ռուսաստանի համար: Բայց, այս բանը հաշուի առնելով Թուրքիան չ՚երթար ՆԱԹՕ-էն անջատուելու քայլին: Ես կը կարծեմ՝ տակաւին շատ բաներ անորոշ են գործակցութեան կայուն ձեւերու մասին խօսելու համար»:
«Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի կառավարութեան ի նպաստ յայտարարութիւնը կատարուած է հակառակ ազդեցութեան հաշուարկով»:

Չորեքշաբթի, Մարտ 10, 2021

Հայաստանի ներքին քաղաքական տագնապալի մթնոլորտին մէջ, «Հայրենիքի փրկութեան շարժում» ընդդիմադիր խմբաւորումը ամբողջ թափով յառաջ կը տանի իր գործունէութիւնը՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով։ Շուրջ երկու շաբաթէ ի վեր ընդդիմադիր ցուցարարները փակ կը պահեն Երեւանի կեդրոնի Բաղրամեան պողոտան, որու վրայ կը գտնուի Հայաստանի Ազգային ժողովի շէնքը։ Լարուած են վրաններ, զետեղուած է բեմահարթակ մը, որու վրայ յաճախ ելոյթներով հանդէս կու գան ընդդիմադիր գործիչները։

Չորեքշաբթի, Մարտ 10, 2021

Երէկ, յետմիջօրէին, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Ուաշինկթընի մօտ Թուրքիոյ նորանշանակ դեսպան Հասան Մուրատ Մերճանը։ Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որուն ներկայ եղան նաեւ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Չորեքշաբթի, Մարտ 10, 2021

ԵՐԱՄ

Արեւածագէն առաջ կ՚արթննայ ամէն օր. դուրս կու գայ իր փոքր ու աղքատ տնակէն, մութին մէջէն կ՚երթայ այգիի խորքը, այնտեղ տեղադրուած արտաքնոց։ Թեթեւ մեղեդի մը կը սահեցնէ քիթին տակէն ընթացքին։

Չորեքշաբթի, Մարտ 10, 2021

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

-Ինչո՞ւ պատերազմ պատահեցաւ:
-Պատերազմի գլխաւոր պատճառը մեր հաւատքի հիմերու երերումն է: Հայ ազգը բաւական հեռացաւ Աստուծմէ:

Երեքշաբթի, Մարտ 9, 2021

Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան երէկ «www.ilur.am» կայքէջին վրայ ամփոփ խորհրդածութիւնով մը հանդէս եկաւ ներքին քաղաքական տագնապալի իրավիճակին մէջ։

Երեքշաբթի, Մարտ 9, 2021

Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն յայտարարեց, որ Եգիպտոսի եւ Արաբական ծոցի երկիրներու հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու մէջ նոր էջ մը կրնայ բացուիլ։
«Bloomberg»ին տուած հարցազրոյցին մէջ Իպրահիմ Քալըն անդրադարձաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Ռուսաստանի, Եւրոմիութեան եւ Արաբական երկիրներու հետ յարաբերութիւններու ընթացքին։

Երեքշաբթի, Մարտ 9, 2021

ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ*

Ֆրանսիսքոս Ա. Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետի հրամանով՝ 2 փետրուար 2021 թուականին Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին ընդգրկուեցաւ Լատինական Եկեղեցւոյ ծիսական օրացոյցին մէջ։ Յետ այսու ամէն տարի 27 փետրուարին Կաթոլիկ Եկեղեցին պիտի յիշատակէ Հայ Եկեղեցւոյ այս մեծանուն վարդապետը։

Երեքշաբթի, Մարտ 9, 2021

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, վերջերս Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց «Hay Mentee-Mentor» երիտասարդաց ծրագրի պատասխանատուները, որոնք ծրագրի փետրուար ամսուան գործունէութեանց մասին տեղեկութիւններ փոխանցեցին Նորին Ամենապատուութեան։

Երեքշաբթի, Մարտ 9, 2021

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ոգեկոչման արարողութեան ընթացքին բիւր յարգանքով դիպուկ արտայայտութիւններ ունեցաւ:
Պատրիարքական Աթոռի նախորդ երեք երջանկայիշատակ գահակալներուն՝ Տ. Շնորհք Արք. Գալուստեանի, Տ. Գարեգին Արք. Գազանճեանի եւ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի շիրիմներուն վրայ երէկ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ՝ պոլսահայ հոգեւորականաց դասու մասնակցութեամբ:

Երեքշաբթի, Մարտ 9, 2021

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայաստանի նախկին արտաքին գործոց նախարարներէն Վարդան Օսկանեան շահեկան յօդուածով մը խորհրդածութիւններ ըրաւ առկայ տագնապի վտանգներուն շուրջ եւ առանձնացուց քանի մը հիմնական ուղղութիւններ, որոնց վրայ աշխատանքները պէտք է կեդրոնացուին յառաջիկայ շրջանին, առանց տակաւին երկար յապաղելու:
«Ռազմական գործողութիւններով ստեղծուած կարգավիճակը երբեք հիմք չի կրնար ծառայել տարածքաշրջանէ ներս երկարատեւ ու կայուն խաղաղութեան, ինչպէս նաեւ հարեւան երկիրներու միջեւ բարիդրացիական յարաբերութիւններու հաստատման համար։ Ինչպէս 1994-ի պատերազմով ստեղծուած կացութիւնը հիմք չծառայեց յաջորդ 25 տարիներու խաղաղութեան համար, այնպէս ալ այս պատերազմով ստեղծուած իրավիճակը չի կրնար ամուր խաղաղութեան հիմք ըլլալ գալիք տարիներուն համար։ Հայկական կողմը երբեք յաւակնութիւն չէ ունեցած եւ ապագային ալ պիտի չունենայ տարածքներու համար, որոնք իրենը չեն եղած, բայց նախանձախնդիր ու հետեւողական պիտի ըլլայ տէր կանգնելու ուղղութեամբ այն ամէն ինչին, որ արդարացիօրէն իրեն կը պատկանի»:
«Եթէ շարունակուի այս ներքին յամառութիւնը եւ արտաքին անգործութիւնը, ապա ոչ-հեռու ապագային մեզ կը սպառնայ Արցախի մնացորդ մասի նախիջեւանացում, Սիւնիքի հայաթափում ու նոյնիսկ կորուստ»:

Երեքշաբթի, Մարտ 9, 2021

Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Խօսք. «Փարիսեցիներէն ոմանք լսեցին» (Յհ 9.40):
Մեկնութիւն
. ոմանք, որոնք ամենէն չարերն էին, անոնք էին, որոնք լուսաւորուածին տաճարէն վռնտեցին:

Էջեր