Արխիւ

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2021

Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, շաբաթավերջին նշուեցաւ Խաչվերացի տօնը։ Այս առթիւ պատարագեց տեղւոյն հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան, որ խօսեցաւ նաեւ խրատական մը։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2021

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂ­ԼԵԱՆ

Այսօր ձեզի պիտի պատմեմ դէպքի մը մասին, որուն դիմաց «անզօր» է Սիամանթոյի «Յետոյ ջահով մը բռնկեցուցին մերկ մարմինները հարսներուն. Եւ ածխացած դիակները պարին մէջէն դէպի մահը գլորեցան…» խօսքերը: Դէպք՝ որ գուցէ շա՜տ աւելի կարեւոր է, քան ներկայիս անարդարօրէն զոհուող մանուկներն ու անօթութեամբ տառապող մարդկութեան հոծ բազմութիւն մը:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2021

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Անկեղծօրէն եւ մտերմիկ, նախ ըսեմ, որ ամերիկահայ մեր ներկայ վիճակը նման չէ սփիւռքի այժմու գրեթէ բոլոր գաղութներուն: Հարցը ճշմարտութեան լոյսի բերելով նաեւ ըսեմ, որ հսկայ տարբերութիւններ կան սփիւռքահայու (յատկապէս՝ Միջին Արեւելքի) եւ ամերիկահայու ներկայ ապրելակերպին, գործելակերպին, մտածելակերպին ու կենցաղին միջեւ:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2021

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

2021 թուականին լրացաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբան եւ բազմերախտ անդամ Տ․ Ներսէս Արքեպիսկոպոս Մելիք-Թանգեանի ծննդեան 155-ամեակը եւ բիւզանդագէտ, հայագէտ, պատմաբան, բանասէր Նիկողայոս Ադոնցի ծննդեան 150-ամեակը։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2021

Գրաբարէ թարգմանեց՝ 
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Երկրորդ հարցում. թէ ինչո՞ւ համար աւանակի վրայ նստաւ, եւ ո՛չ թէ ձիի կամ ջորիի վրայ:
Պատասխան.
վարդապետները կ՚ըսեն՝ ո՛չ աղքատութեան եւ կամ կարօտութեան համար, որովհետեւ ինչպէս էշին տէրը համաձայնեցուց, նոյնպէս կրնար համաձայնեցնել ձիերու տէրերը, ինչպէս նաեւ ո՛չ թէ անբանութեան համար, քանի որ ըստ մարգարէին անբանները միապէս են, ե՛ւ ձիերը, ե՛ւ ջորիները:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2021

Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան փոխ-նախարար զօրավար Քերիմ Վելիեւ երէկ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Անգարա։ Ան հանդիպումներ ունեցաւ Ընդհանուր սպայակոյտի փոխ-նախագահ զօրավար Սելչուք Պայրաքթարօղլուի եւ յատուկ նշանակութեամբ զօրքերու հրամանատար զօրավար Էօմէր Էրթուղրուլ Էրպաքանի հետ։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2021

Սլովաքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Իվան Քորչոք այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այս առաւօտ հիւրընկալեց իր պաշտօնակիցը, որու հետ ունեցաւ առանձնազրոյց մը։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2021

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ Թուրքիա Հայաստանին ուղղեալ դրական պատգամներ կու տայ, Հայաստանէն ալ կարգ մը դրական պատգամներ կը հասնին, սակայն այս բոլորը միայն խօսք պէտք չէ մնայ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 13, 2021

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂ­ԼԵԱՆ

Ամերիկայի Սաութ Տաքոթա նահանգի Փարքըր աւանին մէջ գաղթական հայ մը կ՚երթայ վաթսունի սեմին հասած միջահասակ սափրիչի մը մօտ՝ ածիլուելու համար:
Բազկաթոռին յենած կը սպասէ, որ իր կարգը հասնի: 

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 13, 2021

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Հասարակութիւնները վերահսկելու հիմնական գաղափարն է՝ իրենց միտքը անոնց համար կարեւոր բաներէ շեղելով կեդրոնացնել անօգուտ բաներու վրայ։ Այսպէսով վանդակի ներքեւ վազող, բայց տեղ մը չհասնող մուկի նման մարդիկ կը յոգնեցեն իրենց միտքը՝ գլուխն ու կոկորդը «պայթեցնելով» անիմաստ ու անօգուտ նիւթերու շուրջ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 13, 2021

Շիշլի մարզակումբի վարչութիւնը միշտ զգայնութիւն կը դրսեւորէ մօտաւոր անցեալի նուիրեալներու յիշատակին նկատմամբ երախտագիտական թերացում չունենալու ուղղութեամբ։ Այս ամբողջին մէջ շաբաթավերջին Գնալը կղզիի մէջ մրցաշարք մը կազմակերպուեցաւ ի յիշատակ հոգելոյս Ղազարոս Ունանի, որ Շիշլի մարզակումբի պատուոյ ատենապետը եղած էր։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 13, 2021

Երէկ, Խաչվերացի տօնին առթիւ, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց տաղաւարի արարողութիւններուն, Ս. Պատարագ մատոյց եւ քարոզեց։ Նորին սրբազնութեան առընթերակայ էր տեղւոյն հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան, որ այլ սարկաւագներու եւ դպիրներու հետ սպասարկեց Ս. Սեղանին։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 13, 2021

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Եւրոպահայ կեանքը երկար ժամանակէ ի վեր հայ իրականութեան ուշադրութեան առարկայ է իր վերափոխումներով։ Այս ամբողջին մէջ Յունաստանի հայութիւնը ունի եզակի դիրք մը, որովհետեւ զանազան առումներով կ՚առանձնանայ Եւրոպայէն։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 13, 2021

Երեւանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսի յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը որոշուած չի համարեր։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ամերիկացի դեսպանը շաբաթավերջին զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներու հետ զրուցելու ժամանակ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 13, 2021

Ատրպէյճանի ոստիկանները սկսած են Որոտանի մէջ փաստաթուղթերու ստուգման ենթարկել Իրանի այն բեռնատարներն ու վարորդները, որոնք մուտք կը գործեն Հայաստանի տարածքը:
Պաքու զգուշացուց Մոսկուան, որպէսզի այլ երկիրներու ինքնաշարժները ապօրինի ձեւով մուտք չգործեն Լեռնային Ղարաբաղ:

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 13, 2021

Երէկ, Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախագահեց տարեկան անուան տօնախմբութեան։ Խաչվերացի տօնին առթիւ պատարագեց Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան եւ Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան, ինչպէս նաեւ Ֆրանսիսքեան միաբանութենէն Հայր Անտրէա։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 13, 2021

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւանի մէջ շահեկան զրոյց մը ունեցան ԺԱՄԱՆԱԿ-ի սիրուած աշխատակիցներէն Անուշ Թրուանց եւ Հրակ Փափազեան՝ մին զրուցավարի, իսկ միւսը զրուցակիցի դերով։
Պէյրութ ծնած երիտասարդ մարդաբանը, որ վերջին տարիներուն Հայաստան հաստատուած էր, այժմ գիտական ծրագրի մը համար բռնած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ճանապարհը։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 11, 2021

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Գրական ճանապարհորդութեան ընթացքին որոշած եմ ընդհանրապէս քաղաքական նիւթեր չշօշափել, ժամանակաւոր ու անցաւոր գտնելով այդ մէկը, որովհետեւ քաղաքականութիւնը ուրի՛շ բան չէ, եթէ ոչ ազգերու, կուսակցութիւններու եւ տարբեր տարբեր խմբաւորումներու մէջ գոյութիւն ունեցող ընթացքին հաշիւներ, որոնք ցանկացած պահու ատակ են փոփոխութեան եւ յեղաշրջման ենթարկուելու՝ ի խնդիր այս կամ այն կողմի անյայտ շահերուն:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 11, 2021

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Արցախի Արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Պապայեանը։ Զրոյցի ընթացքին արժեւորուեցան Արցախէ ներս ստեղծուած յետպատերազմեան իրավիճակին, եկեղեցի-հասարակութիւն կապին վերաբերեալ հարցեր։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 11, 2021

Վեհափառ Հայրապետը Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ պարգեւատրեց Քերոլայն Քոքսը:
«Միջազգային կրօնական ազատութիւն եւ խաղաղութիւն» համաժողովը եզրափակուեցաւ:

Էջեր