Արխիւ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Խաչվերացը Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Տաղաւար տօներուն հինգերորդն է, ինչպէս նաեւ Խաչին նուիրուած տօներուն գլխաւորը, որ ընդհանրապէս կը նշուի 11-17 սեպտեմբերի ընթացքին հանդիպած կիրակի օրը:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Նորութիւն մը չէ: Տակաւին աշխարհը կը մնայ իր խառնակ վիճակով: Թէ՛ հետաքրքիր եւ թէ վախազդու: Անոր համար մարդիկ շուարած են: Շուարած ենք նաեւ մենք՝ հայերս ալ:
ԿՈՐԻՒՆ Ա․ ՔԱՀԱՆԱՅ ՖԷՆԷՐՃԵԱՆ
Խորհուրդ ըսելով կը հասկնանք խորհելու կարողութեան այն հետեւանքը, զոր բանային յղացումներ մեր միտքին մէջ կազմուելով կը փոխանցուին ուրիշներու։
Յիրաւի խորհելու կարողութիւնը մեր միտքին մէջ իրականացող հրաշք մըն է եւ մինչեւ որ յայտնուի, բացի Աստուծմէ, ո՛չ ոք կրնայ գիտնալ զանոնք:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Տակաւին չեմ հասկցած, թէ ի՛նչ պատճառով 1982 թուականի սեպտեմերի 15-ին քեռայրս՝ Անդրանիկը լացաւ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Գրական ճանապարհորդութեան ընթացքին որոշած եմ ընդհանրապէս քաղաքական նիւթեր չշօշափել, ժամանակաւոր ու անցաւոր գտնելով այդ մէկը, որովհետեւ քաղաքականութիւնը ուրի՛շ բան չէ, եթէ ոչ ազգերու, կուսակցութիւններու եւ տարբեր տարբեր խմբաւորումներու մէջ գոյութիւն ունեցող ընթացքին հաշիւներ, որոնք ցանկացած պահու ատակ են փոփոխութեան եւ յեղաշրջման ենթարկուելու՝ ի խնդիր այս կամ այն կողմի անյայտ շահերուն:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Արցախի Արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Պապայեանը։ Զրոյցի ընթացքին արժեւորուեցան Արցախէ ներս ստեղծուած յետպատերազմեան իրավիճակին, եկեղեցի-հասարակութիւն կապին վերաբերեալ հարցեր։
Վեհափառ Հայրապետը Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ պարգեւատրեց Քերոլայն Քոքսը:
«Միջազգային կրօնական ազատութիւն եւ խաղաղութիւն» համաժողովը եզրափակուեցաւ:
ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Տարւոյն վերջին տաղաւարն է այսօր. Խաչվերաց։ Խաչը, մեզի կը յիշեցնէ մահուան դէմ տարուած յաղթանակը։ Պատմութիւնը այնպէս կը զարգանայ, որ այս յիշատակութեան անբաժանելիօրէն կը միանայ նաեւ, Խաչը գերութենէն ազատագրելու համար նախանձախնդիր Քրիստոնեայ հասարակութեան մղած պայքարի մը յաղթանակը։
Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդը երէկ Երեւանի մէջ ժողով մը գումարեց՝ գլխաւորութեամբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի։
Տիարպաքըրի երեսփոխան Կարօ Փայլան Ազգային մեծ ժողովէ ներս օրակարգի վրայ բերաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման վերաբերեալ խնդիրները։ Սահմանադրութեան 98-րդ եւ խորհրդարանի ներքին կանոնակարգի 96-րդ եւ 99-րդ յօդուածներու տրամադրութիւններուն հիման վրայ Կարօ Փայլան Ազգային մեծ ժողովի դիւանին յղեց հարցադրում մը՝ պահանջելով, որ գրաւոր պատասխան տրուի Հանրապետութեան փոխ-նախագահ Ֆուաթ Օքթայի կողմէ։
«MUNDUS VINI 2021» միջազգային մրցոյթը մեծ յաջողութիւնով եզրափակուեցաւ հայ գինեգործներուն տեսակէտէ։ Այսպէս, Հայաստանի «Արմենիա» գինեգործական ընկերութեան արտադրանքը արժանացաւ ութ բարձրագոյն մետայլի։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան այս ամսուան մէջ պիտի այցելէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Ուղեւորութիւնը նախատեսուած է 19-22 սեպտեմբեր թուականներուն։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ աւարտեց դէպի Վրաստան պաշտօնական այցելութիւնը։ Ուղեւորութեան վերջին օրուայ ծրագիրը նախատեսուած էր Պաթում քաղաքին մէջ։
Երեւանի մէջ «Անտարես» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է պատմաբան ու նախկին դիւանագէտ Ժիրայր Լիպարիտեանի՝ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն վերաբերեալ գիրքը։ «Հայաստան-Թուրքիա. Պետականութիւն, պատմութիւն, քաղաքականութիւն» աշխատութեան առաջին հատորն է այս մէկը, որ կը ներառէ հեղինակի՝ զանազան տարիներուն հրապարակուած յօդուածներն ու հարցազրոյցները, առաջին անգամ հայերէնով ներկայացուած վերլուծութիւններ, մեծ թիւով անտիպ նիւթեր։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ճիշդ չեմ յիշեր թուականը, բայց լաւ կը յիշեմ այն պահը, երբ առաջին անգամ լսեցի սուրիահայ բժիշկ Ճորճ Բարսեղեանին մասին։
Ա. Թ.-ն էր պատմողը. «գիտես, Նորարարական բժշկութեան կեդրոնին մէջ կարող բժիշկ մը կայ, հոն գնայ մէյ մը թող նայի»։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան կալուածոց տեսուչ Տ. Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեանի յայտարարութիւնները:
«Կովերու պարտէզ» կոչուած տարածքի գործարքի պարագային Պատրիարքարանի սեփականութեան իրաւունքը չէ վտանգուած:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ համաժողով. «Միջազգային կրօնական ազատութիւն եւ խաղաղութիւն»: Կոչ համայն աշխարհին:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի պատգամը. «Պարտադրուած խաղաղութիւնը, առանց արդարութեան, բարիքի փոխարէն ցաւ ու տառապանք կը ծնի, ատելութիւն ու թշնամանք կը բերէ մարդկային կեանքին»:
«Արաս» հրատարակչութիւնը ընթերցողներու տրամադրութեան տակ դրած է դարձեալ շահեկան ու հետաքրքրական գործ մը, որու հեղինակն է գրող ու ազատ լրագրող Մելինէ Թումանի։ «Թուրքերն ու հայերը. ճանապարհորդութիւն մը հաւանականութիւններու եւ ատելութեան միջեւ» խորագրեալ Մելինէ Թումանիի անգլերէն գիրքի թրքերէն թարգմանութիւնն է այս մէկը։
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Մանուկը չկրցաւ յաջողիլ արեւի լոյսին, բաց աչքերով, նայիլ, ծռեց գլուխը յոռետեսօրէն եւ մօրը ըսաւ.
-Արեւը կ՚ատէ զիս:
Մայրը ըսաւ.
-Արեւը բոլոր մարդիկը կը սիրէ:
Մանուկը շեշտելով ըսաւ.
-Արեւը զիս չի՛ սիրեր:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Քաղաքականութենէ հեռու մարդ եմ, սակայն վերջերս կը նայէի մեր հայ մեծաւորներուն օտար երկիրներու եւ ժողովներու ընթացքին ունեցած ելոյթները: Միեւնոյն ժամանակ աչքէ կ՚անցընէի միւս պետութիւններու մեծաւորներունը: