Արխիւ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ պահոց 39-րդ օրն է:
Ընդամէնը մէկ օր եւ Քառասնորդաց պահեցողութեան ճանապարհորդութիւնը կը հասնի իր աւարտին:
Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ, Նիկոլ Փաշինեան եւ Իլհամ Ալիեւ երէկ շուրջ չորս ժամ բանակցեցան Պրիւքսելի մէջ. ԵՄ-ի աղբիւրները տեսակցութիւնը որակեցին գերազանց:
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման ու սահմանագծման համար մինչեւ ամսավերջ պիտի ստեղծուի երկկողմանի յանձնաժողով մը, որ հետամուտ պիտի ըլլայ նաեւ սահմանի վրայ անվտանգութեան ու կայունութեան ապահովման: Արտաքին գործոց նախարարներուն կը յանձնարարուի սկսիլ նախապատրաստական աշխատանքներու՝ խաղաղութեան բանակցութիւններու համար:
Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու համայնքային վաքըֆներու հարցերուն շուրջ արտասահմանեան քննարկում:
Իրաւաբան Էօմէր Քանթիկ բացատրեց սեփականութեան իրաւունքի խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ առնուած աննախընթաց քայլերը:
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի աղբիւրները երէկ հերթական անգամ համայնքային շրջանակները լուսաբանեցին՝ եկեղեցապատկան ապարանքի վերանորոգութեան ծրագրին շուրջ։
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1902)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
բ. Հիւանդի սենեակին կահ-կարասիքի ախտահանումը.
Մենք ըսինք, որ սենեակին մէջի անկողինը, աթոռները եւ ամէն կարասիքը պէտք է ուղղակի սենեակին մէջ թաց կտորով կամ սպունգով սրբել եւ դուրս տանիլ բակը, կամ պատշգամը:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Անոնք, որոնք կը փափաքէին ընդունուիլ համալսարան՝ ընդունուեցան, բացի մէկէն: Հայոց լեզուի քննութիւնը անցայ, հայոց պատմութիւն առարկայի քննութեան ձախողեցայ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւանի մէջ նոր գիրք մը լոյս տեսած է՝ «Զմիւռնիոյ եւ Եգէականի առափնեակի հայկական այլ գաղթօճախները (16-19-րդ դարու կէս)» խորագրով: Հեղինակը անուանի հայագէտ, պատմաբան, Գիտութիւններու Ազգային ակադեմիոյ թղթակից անդամ Ալպերթ Խառատեանն է:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Արդէն իսկ 27 տարիներէ ի վեր՝ 1995 թուականէն սկսեալը 7 ապրիլը ազգային տօնացոյցին համաձայն, Հայրենիքէն ներս կը նշուի որպէս Մայրութեան եւ գեղեցկութեան օր: Հայ Առաքելական Եկեղեցին ապրիլի 7-ը կը նշէ որպէս Սուրբ Աստուածածնի աւետման տօն:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Յաճախ նահատակութիւնը մենք պատերազմի դաշտին վրայ արիւն թափող զինուորին կը վերապահենք, մոռնալով որ նահատակութիւնը ունի այլ կողմ մը՝ որ հեռու է պատերազմական դաշտէն:
ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Ապաշխարութեան մասին աստուածաբանական մօտեցումները թերի կը մնան, ըլլալով հանդերձ տեսականօրէն ճիշդ, իմաստասիրական մտորումները եւս կը մնան ակադեմական։ Հաւատացեալը անոնց կարիքը չունի եւ կամ չի հասկնար։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Անգլիոյ խորհրդարանէն պատուիրակութիւն մը, որ վերջին օրերուն շփումներ ունեցած էր Երեւանի մէջ՝ հիւրընկալուելով Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։
Արաբերէնէ թարգմ.՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Պահեցողութեան շրջանը սկսելով, յիշէ՛ սիրելի ընթերցող, թէ Յիսուս ի՞նչ ուզեց քեզմէ, երբ ըսաւ. «Երբ ծոմ կը պահէք, տրտում երես մի՛ ըլլաք… երբ դուն ծոմ կը պահես, օծէ՛ գլուխդ եւ լուա՛ երեսդ, որպէսզի մարդիկ չտեսնեն թէ ծոմ կը պահես, այլ՝ միայն Հայրը, որ անտեսանելի է. եւ Հայրդ, որ կը տեսնէ կատարածդ, քեզ պիտի վարձատրէ յայտնապէս» (Մտ 6.16-18)։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Անցնող մէկ ամսուան եւ աւելի ժամանակամիջոցին գրեթէ ամէնօրեայ դրութեամբ գրեցինք պահեցողութեան մասին, թէ մարդ ինչո՞ւ համար պէտք է պահք պահէ, ինչպէ՞ս պէտք է պահէ, ո՞րն է ճիշդ պահեցողութիւնը, ուտելու կամ չուտելու, եւ այլնի մասին:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Անցնող քառասուն օրերուն աշխարհը իր «աքցան»ին մէջ առած Ուքրայնայի պատերազմը կը շարունակուի։ Կը շարունակուի, գուցէ տարբեր առաջնահերթութիւններով, բայց եւ այնպէս, ռազմական գործողութիւններու մեծ թափը իր տեղը տուած է տարբեր մակարդակի պայքարներու։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ աշխատանքային այցելութեամբ մեկնեցաւ Պրիւքսել, ուր այսօր նախատեսուած է իր հանդիպումը Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ Փաշինեան եւ Ալիեւ արդէն երկրորդ անգամ այսօր կը տեսակցին՝ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան ատենապետ Սարգիս Քիւլէկէչը, որու հետ էին նաեւ Մարիամ Տրամէրեան եւ Նաթալի Պաղտատ-Քոճապայ։ Այցելութեան ընթացքին Ուսուցչաց հիմնարկի ներկայացուցիչները Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր յանձնեցին Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեանի յօդուածներու ժողովածոն։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Այլեւս աւարտական դասարանի աշակերտուհի մըն եմ: Ամիսներ անց պէտք է հրաժեշտ տամ դպրոցական նստարանին: Անհոգ ու կենսուրախ կեանքէն ոստում մը պիտի կատերեմ դէպի մեծիկներու կեանք:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Քեզի ի՛նչ...:
Երկու բառ: Կոպիտ խօսք եւ նոյնքան ալ խիստ ու կոշտ: Պոռթկում, որ վէճի ու վիճաբանութեան դուռ ալ կրնայ բանալ:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես յայտարարեց, որ կլիմայի փոփոխութեան դէմ պայքարի համար տրուած ի զուր խոստումները կը կազմեն ամօթալի թղթածրար մը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, ընդհանուր քարտուղարը շարունակեց ահազանգ հնչեցնել կլիմայի փոփոխութեան հարցին շուրջ։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս այս շրջանին յառաջ կը տարուի «Հայ քրիստոնեայ ընտանիքը» խորագրեալ նախաձեռնութիւնը՝ հովանաւորութեամբ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի։ Այս ծրագրի պատասխանատուն է Տ. Վազգէն Քհնյ. Մովսէսեան։