Արխիւ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Վերջերս հայու մը կողմէ լեզուն լաւապէս չգիտնալուս համար ընկերային կատակի շեշտով մը յանդիմանութիւն ստացայ:
Չմոռնամ ըսելու՝ ֆրանսերէնի լաւապէս չտիրապետելուս համար:
Որքան դիպուկ բանաձեւած է ֆրանսացի գրողներէն մին. մեծերը տղաքը դպրոց կ՚ուղարկեն, որպէսզի անոնք կրթուին, իսկ տղաքը դպրոց կ՚երթան ապրելու համար… Իսկ այդ ո՞ր կեանքի մասին է խօսքը՝ առանց մտահոգութեան ու նեղութեան։
Երէկ երեկոյեան, Գնալը կղզիի ջրային մարզաձեւերու ակումբէն ներս տեղի ունեցաւ եզակի ձեռնարկ մը, որ արժանացաւ հետաքրքիրներու կոկիկ բազմութեան մը ուշադրութեան։ Այսպէս, Հասան Քուրուեազըճըի կողմէ հեղինակուած «Adalar, Binalar, Mimarlar» գիրքի ծանօթացման հաւաքոյթը անցաւ հաճելի մթնոլորտի մը մէջ։
ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Երբ մեծ հայրս Յակոբ Արզումանեան, Էվէրէկի քաղաքապետութեան մնայուն պաշտօնեայ, 1925 թուականին Երուսաղէմ իր ուխտի այցելութենէն ետք Գահիրէ իր զաւակներուն մօտ կը հասնէր, հետը բերած էր իր հնատիպ գիրքերէն մի քանին, որոնցմէ մին հօրս վկայութեամբ «Մեկնութիւն Ժամակարգութեան» գիրքն էր, զոր ձեռքերովս կաշեկազմ ամրացուցեր էի տարիներ առաջ։
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
«Կեանքը տարբեր էր Իրաքի մէջ: Շատ բարգաւաճ գաղութ էր, եւ լաւ կեանք ունէինք»:
Անդօ եւ Շաքէ Արամեանները Ալմելօ, Հոլանտա հասած են Իրաքէն՝ 2012 թուականին:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանի հանրային գործիչ Սուրէն Սահակեանի հետ ունեցանք հարցազրոյց մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Կ՚ապրինք ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր մարդ արարածը մէկ կողմէ իր հպարտութեան հետեւանքով, իսկ միւս կողմէ իր ցինիկութեան պատճառով սկսած է անգիտանալ իր էութեան սկզբնաղբիւրը, աւելին սկսած է ուրանալ իր գոյութեան Պատճառը, որով վերածուած է եսակեդրոն եւ եսապաշտ արարածի մը, որ բացի ինքն իր անձէն ո՛չ մէկ արժէք եւ ո՛չ մէկ գոյութիւն կը ճանչնայ, կը յարգէ ու պատրաստակամութիւն կը յայտնէ անոր հետ բնական ու ընկերային յարաբերութիւն մշակելու եւ ունենալու:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր թուականէն 138 տարիներ առաջ՝ 1889 թուականին թուրք կառավարութիւնը դիմումներ կը կատարէ պուլկարական կառավարութեան իրեն յանձնելու եւ կամ Պուլկարիոյ մէջ բանտարկելու եւ պատժելու Մկրտիչ Թիւթիւնճիէֆֆը (Թիւթիւնճեան) «Ազատութիւն Պուլղարիոյ եւ կենսագրութիւն Պուլղար ապստամբապետաց» անունով գրական աշխատանք մը պատրաստելու համար, որով կը դատուէր որպէս հայ ժողովուրդը ապստամբութեան յորդորելու եւ Փոքր Ասիայի մէջ խառնակութիւններ ստեղծած ըլլալու մեղադրանքով:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է յայտնի մտաւորական Ալեքսանդր Թոփչեան։ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութիւնն ալ խոր վշտով արձագանգեց այս կորուստին:
Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի հետ սահմանազատման ու սահմանագծման աշխատանքներուն կապակցութեամբ Երեւան կը սպասէ Պաքուի դրական արձագանգին։
Մոսկուայէն իրերայաջորդ պատգամներ՝ Անգարա-Երեւան բնականոնցման համար:
Լաւրովի խօսքով՝ Ռուսաստան պատրաստ է աջակցիլ Թուրքիա-Հայաստան կապերու կարգաւորման:
Լոնտոնի մէջ բացուած է ընտանի կենդանիներու ու անոնց տէրերուն համար ակումբ մը։ Այսպէս, ակումբին մէջ այցելուներուն կը տրամադրուի երկու տեսակ ճաշացանկ, ուր կան քոքթէյլներ ինչպէս մարդոց, այնպէս ալ անոնց կենդանիներուն համար։
Ռիօ տէ Ժանէյրոյի մէջ երկու ֆրանսացիներ բարձրացած են Ամենափրկիչ Յիսուսի արձանի վրայ։ Պրազիլիայի իշխանութիւնները ձերբակալած են երկու ֆրանսացիներ, որոնք առանց թոյլտուութեան բարձրացած են Ամենափրկիչ Յիսուսի արձանի ամենաբարձր կէտը:
Ամերիկեան Amazon ընկերութեան ղեկավարութիւնը մտադիր է յառաջիկայ ամիսներու ընթացքին ամբողջ աշխարհի մէջ 55 հազար նոր աշխատակիցներ ընդունիլ: Այս մասին «Ռէյօթըրզ»ին տեղեկացուցած է ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Էնտի Ճեսի, որու առաջին հարցազրոյցն է սոյն պաշտօնին նշանակուելէ յետոյ։
Վենետիկի 78-րդ շարժանկարի փառատօնը տեղի կ՚ունենայ Լիտօ կղզիին մէջ։ Սեպտեմբերի 1-11 թուականներու միջեւ տեղի պիտի ունենայ փառատօնը, որու բացումը կատարուեցաւ սպանացի բեմադրիչ Փետրօ Ալմոտովարի «Զուգահեռ մայրեր» շարժանկարի ցուցադրութեամբ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Լուիզիանա նահանգը հարուածած «Իտա» փոթորիկի հետեւանքով երկրի հիւսիս-արեւելքին աւելի քան յիսուն հոգի զոհուած է։
Փոթորիկը տեղատարափ անձրեւներ յառաջացուցած է սեպտեմբերի 1-ի երեկոյեան եւ սեպտեմբերի 2-ի առաւօտեան՝ Մերիլենտէն մինչեւ Նիւ Եորք։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մարդկային կեանքի մէջ կան ճշմարտութիւններ, որոնք իրենց ընդհանրութեան մէջ ունին հասարակաց գիծեր. արաբին մօտ, թուրքին մօտ, հայու մօտ եւ կամ օտարին՝ անոնք կը մնան նոյնը: Սակայն հակառակ այս իրողութեան գոյութիւն ունին այլ չափանիշեր՝ որոնք յարաբերական են եւ ո՛չ թէ ազգէ ազգ, այլ նոյնիսկ անհատէ անհատ կրնան տարբերութիւններ կրել:
ԶԱՔԱՐԻԱ ԹԱՄԷՐ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Մանուկը քունին յանձնուած էր, երբ ոգի մը բարձրացաւ, մութ տեղէ մը, գետնին ընդերքէն եւ մեղմ ձայնով շշնջաց.
-Քեզի ծով պիտի տանիմ:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Երբեմն կը մտաբերեմ մանկութեանս ժամանակ մեր հասցէին ուղղուած յանդիմանութիւններն ու մեզի տրուած խրատները, մեր մեծերուն կողմէ։ Այն ատեն մենք կը վիրաւորուէինք ու կը նեղուէինք, սակայն վերջը կ՚անդրադառնայինք, որ մեր օգտին համար եղած էին անոնք։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Թեհրանի «Ալիք»ի առցանց տարբերակի գլխաւոր խմբագիր Արամ Շահնազարեանի հետ ունեցանք հեռավար ձեւաչափով հարցազրոյց մը, որուն սղագրութիւնը կը ներկայացնենք ստորեւ։