Արխիւ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 5, 2022

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես յայտարարեց, որ կլիմայի փոփոխութեան դէմ պայքարի համար տրուած ի զուր խոստումները կը կազմեն ամօթալի թղթածրար մը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, ընդհանուր քարտուղարը շարունակեց ահազանգ հնչեցնել կլիմայի փոփոխութեան հարցին շուրջ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 5, 2022

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս այս շրջանին յառաջ կը տարուի «Հայ քրիստոնեայ ընտանիքը» խորագրեալ նախաձեռնութիւնը՝ հովանաւորութեամբ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի։ Այս ծրագրի պատասխանատուն է Տ. Վազգէն Քհնյ. Մովսէսեան։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 4, 2022

Տիգրանակերտի վերջին վկան հրաժեշտ առաւ՝ աւանդելով վիթխարի վաստակ մը, որ հայ գիւղագրութեան ժառանգութեան արդի շրջանի առանցքը բնորոշած ծաւալուն արտադրանքով արժանացած է համատարած գնահատանքի ու տակաւին կ՚արժեւորուի ժամանակներու մէջ:
Մկրտիչ Մարկոսեանի մահով թրքահայութեան երկնակամարէն կը սահի՝ իմաստութեան կերպարի մը աստղը:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 4, 2022

Երէկ, Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան Երեւանի իր առանձնատան մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ։ Այս տեսակցութիւնը համընկնեցաւ ներկայ բարդ ժամանակաշրջանին, երբ Արցախի իրադրութիւնը հետզհետէ կը դառնայ հրատապ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 4, 2022

«Միջազգային հանրութիւնը պէտք է հասցէական արձագանգ տայ Ատրպէյճանի գործողութիւններուն»:
Երեւանի ղեկավարութիւնը շաբաթավերջին հիւրընկալեց Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Լուիճի տի Մայոն:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 4, 2022

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Տարիներ առաջ, երբ որպէս նորաօծ հոգեւորական պատեհ առիթը ունեցած էի գտնուելու Արաբկիր քաղաքին մէջ ու աղօթելու տեղւոյն բարեկարգեալ հայոց գերեզմանատան մօտ, հետաքրքրական յիշատակներով ու ապրումներով վերադարձած էի Պոլիս։ Տէր հօրս հետ հասած էինք Մալաթիա եւ Խարբերդ, շրջանի ժողովուրդին Ս. Յարութեան աւետիսը փոխանցելու եւ այս առիթով մեր ճամբան կը հանդիպէր նաեւ Արաբկիրի շրջանը։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 4, 2022

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մեծ պահոց 36-րդ օրն է:
Մերօրեայ աշխարհը եթէ փորձենք ժամանակահատուածի վերածել, կարելի է անվարան ըսել, թէ այլասերուածութեան ժամանակահատուածն է, որ կ՚ապրի մարդկութիւնը: 

Երկուշաբթի, Ապրիլ 4, 2022

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

ՃորՃ Սորոսի մասին բազմաթիւներ գրած են։ Մեծամասնութեամբ ժխտական շեշտադրումներով՝ մասնաւորապէս հիմնուելով Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած «այլափոխող» դէպքերէն ետք, որոնց խորագիրը եղաւ «Թաւշեայ յեղափոխութիւն»։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 4, 2022

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Մարդը բնութեան եզակի էակն է, տինամիք մէկ տարրը։ Մարդը ընկերային էակ մըն է, կը մտածէ հաւաքական կեանքի սահունութեան եւ այլ հաւաքականութիւններու հետ մշակութային կամուրջներ կառուցելու մասին։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 4, 2022

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Խաղաղութեան խորհրդանիշները շատ են՝ աղաւնի, ձիթենիի ճիւղ, լատիներէն V տառի տեսքով բացուած եւ վեր ուղղուած մատներ եւ այլն: Սակայն, վերջին վաթսուն տարուայ ընթացքին աշխարհի մէջ երթերու, հաւաքներու, հակապատերազմական շարժումներու ժամանակ ամենաշատ գործածուող նշանը դարձած է փացիֆիք կոչուող պատկերը, որն ալ 1958 թուականի այս օրը՝ ապրիլի 4-ին Լոնտոնի մէջ առաջին անգամ հանրութեան ներկայացուեցաւ իբրեւ խաղաղութեան զինաթափման, հակապատերազմական շարժման միջազգային խորհրդանիշ:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 4, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Եւրոպայի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ բազմաթիւ այլ «զարգացած» երկիրներու մէջ այսօր ունինք բարեկեցիկ, ինչու չէ նաեւ մեծահարուստ հայեր, որոնց հայրենասիրութիւնը լոկ խօսքի սահմաններուն մէջ կը գործէ. անձեր՝ որոնք հոգիով ու սիրտով հայրենասէր ըլլալ կը ձեւացնեն, սակայն այդ բոլորը փաստող գործ կամ արարք գտնել չի՛ փորձէք. անոնց հայրենասիրութեան դրամագլուխը իրենց լեզուն է պարզապէս:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 4, 2022

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի յայտնի դեղագործներէն Անի Համամճեան։ Այս կորուստը իսկապէս խոր ցաւ յառաջացուցած է, որովհետեւ Անի Համամճեան թէ՛ իր ասպարէզին մէջ արձանագրած յաջողութիւններով ծանօթ էր եւ թէ արժանացած էր բոլորի համակրանքին։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 4, 2022

Հայոց հաւատքի հօր՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի յիշատակութեան հերթական տօնը Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ նշուեցաւ շաբաթ առաւօտ մատուցուած Ս. Պատարագով, որուն մասնակցեցան հոծ թիւով հաւատացեալներ։

Շաբաթ, Ապրիլ 2, 2022

Հայաստանի Ազգային արխիւը հիմնադրութեան 100-ամեայ ոսկէ յոբելեանին ընդառաջ. տարի մը անց արդէն դարադարձ:
Այժմու առաջնահերթութիւններու շարքին կը գտնուին թուայնացումը, արդի սարքաւորումներու ձեռքբերումը եւ գիտահետազօտական աշխատանքները:

Շաբաթ, Ապրիլ 2, 2022

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Օր մը առաջ ալ ան զրուցած էր Ուքրայնայի նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի հետ։

Շաբաթ, Ապրիլ 2, 2022

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մեծ պահոց 34-րդ օրն է:
Օր օրի կը մօտենայ այն պահը, երբ մենք մեր Տէրը պիտի դիմաւորենք: Երանի՜ անոնց, որոնք մաքուր սիրտով եւ անկեղծ հոգիով պիտի դիմաւորեն զԻնք, որովհետեւ Տէրը մաքուրներն ու անկեղծներն է, որ կը սիրէ:

Շաբաթ, Ապրիլ 2, 2022

Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութենէն ներս ներկայ ամառնամուտին թափ ստացած են գործունէութիւնները։ Նորահասներու համար այս շրջանին նախատեսուած է նկարազարդման աշխատանոց մը, որու ծրագիրը կեանքի կը կոչուի Թանիա Հանչէրօղլուի կողմէ։

Շաբաթ, Ապրիլ 2, 2022

ԳՐԻԳՈՐ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան հետեւեալ բանախօսութիւնը ներկայացուցած է Էսաեան սանուց միութեան վերակազմութեան 75-ամեակի հանդիսութեան, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ «Շիրինօղլու» սրահին մէջ. 26 մարտ 2022, շաբաթ։

Շաբաթ, Ապրիլ 2, 2022

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ժամանակ շահելու հաշուարկներուն մէջ Երեւան կը մոռնայ, թէ Հարաւային Կովկասի առկայ իրավիճակը կը տարբերի՝ Պաքուի հետ հրադադարի ստորագրուած շրջանէն:
Նիկոլ Փաշինեան-Իլհամ Ալիեւ յաջորդ շաբթուան Պրիւքսելի այս անգամուան հանդիպումը տեղի կ՚ունենայ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմով պայմանաւորուած միջազգային իրադրութեան պայմաններով:

Շաբաթ, Ապրիլ 2, 2022

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մեծ պահքի վեցերորդ կիրակին Գալստեան կը կոչուի, որ կը խորհրդանշէ՝
ա) Քրիստոսի առաջին գալուստը, որու հիմնական նպատակն էր Աստուծմէ հեռացած մարդկութիւնը վերստին վերադարձնելու Աստուծոյ, այլ խօսքով՝ մեղաւոր մարդոց մեղքերը քաւելու Իր փրկագործական զոհագործումով:

Էջեր