Արխիւ
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Արցախն ու արցախցին անկոտրուն են: Ձեր բոլոր ջանքերը ապարդիւն են: Արցախցին պատերազմի թոհ ու բոհի մէջէն անցած՝ լաւ մը թրծուած է:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ապերախտութիւն» իր լայն առումով կը նշանակէ զանց ընել բարիք մը, օգտակարութիւն մը եւ մանաւանդ ցուցաբերուած անկեղծ եւ ճշմարիտ սէրը եւ մերժել ճանչնալ զանոնք եւ ուրանալ բոլոր անոնք, չփոխարինել այդ ամէնքը անոր՝ որ տուած է մեզի։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր ներկայ իրականութեան մէջ թիւով շա՜տ են անոնք՝ որոնք գրող դառնալու համար անհրաժեշտ կը նկատեն բառարաններու փոշիներէն դուրս հանել արդէն իսկ գործածութենէ դադրած բառեր եւ կը հաւատան, թէ անոնց գործածութեամբ է միայն որ մարդ կրնայ գրող դառնալ, որովհետեւ կայ այն համոզումը, որ գրող կը նշանակէ չնաշխարհիկ մայրենի մը ունենալ. մայրենի մը՝ որ թարմի փոխարէն պալարտ, իսկ ծեծի փոխարէն ձաղկը կը գործածէ, կազմելով «Արամը պալարտ ծաղիկները ձաղկեց» նախադասութիւնը...:
ARA KOÇUNYAN
Beyoğlu Üç Horan Ermeni Kilisesi Vakfı'nın tasarrufundaki önemli kaynaklar kaçınılmaz olarak yönetim kuruluna toplumsal yaşamda belli bir önem yüklemekte. Aslında burada o kadar da yadırganacak bir durum olmayabilir ancak asıl mesele on yıllardan bu yana yönetim kurullarının o ağırlığı nasıl kullandığı. Baştan söylemekte belki yarar var, burada sorun tam olarak sadece kaynakların adil paylaşımı da değil.
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հին ժամանակ հայերը իւրայատուկ պատկերացումներ ունեցած են բնութեան երեւոյթներուն մասին: Հայ հին առասպելներուն, վէպերուն, ասքերուն եւ աւանդազրոյցներուն մէջ դրսեւորուած են այդ պատկերացումները, որոնք այսօրուան գիտութեան տեսակէտէն թէեւ մերժելի են, սակայն անոնց մէջ ազգագրագէտներ եւ բանագէտներ կը տեսնեն մեր ժողովուրդին բնաւորութեան եւ խառնուածքին բնորոշ գիծերը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ժողովուրդներ, ազգեր ունեցած են հանճարներ, հերոսներ՝ որոնք օգտակար են եղած իրենց ժողովուրդին եւ համայն մարդկութեան։
Եկեղեցին ալ ունեցած է հերոսները՝ սրբութեան եւ առաքինութեան տիպարները, որոնք իրենց կեանքով յեղաշրջած եւ մեծ ազդեցութիւն գործած են մարդկութեան ընդհանուր ընթացքը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր թուականէն 114 տարիներ առաջ՝ 1908 թուականին, գրեթէ մեր ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի հրատարակութեան սկզբնաւորութիւններուն, հայ դերասան, գրող եւ արձակագիր Վահրամ Փափազեան կը գրէ «Թերթերու տարափ» անունով յօդուած մը, որուն մէջ կը քննադատէ նորաստեղծ հայկական թերթերը։
Էմրէ Էօքթէմ եւ Մեսուտ Եաշար Թուֆան կը ներկայացնեն «İstanbul՚da Çok Dilli Kitabeler» գիրքը:
Խայտաբղէտ համայնապատկեր:
Երկու հեղինակաւոր մտաւորականին կողմէ տարուած ծաւալուն աշխատանքին եւ բազմակողմանի ուսումնասիրութեան արդիւնքը լոյս կը սփռէ քաղաքի բազմալեզու եւ բազմամշակոյթ վկայութիւններուն վրայ՝ հայկական վառ հետքերով հանդերձ:
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ լարուած իրավիճակը կը շարունակուի։ Արդէն շուրջ տասն օրէ ի վեր Ատրպէյճան փակ կը պահէ Լաչինի միջանցքը, ինչ որ ինքնին տագնապ մը կը նշանակէ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջին օրերուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Վարդգէս Էրկիւն Այըքը, որ այցելեց Հայաստան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Նազլը Տանաճըօղլուն եւ գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։
Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ այս շրջանին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս կը գտնուի, անցեալ կիրակի պատարագեց եւ քարոզեց Մենհեթթընի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ։ Արարողութեան ընթացքին վաղահաս նշուեցաւ նաեւ Ս. Ստեփանոսի յիշատակութեան տօնը։
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Ժամանակակից աշխարհը եւ հին աշխարհը երկու տարբեր ժամանակաշրջաններ են, որոնք ձեւաւորած են մարդկութեան պատմութեան ընթացքը: Ժամանակակից աշխարհը, որ նաեւ յայտնի է որպէս արդի աշխարհ, կը սահմանուի որպէս աշխարհի եւ անոր հասարակութիւններուն ամենաբաց վիճակով՝ ներառեալ անոնց մշակոյթներուն, տնտեսութիւններուն ու քաղաքական համակարգերուն փոխկապակցուածութեամբ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Վերադառնալով հօրս ընտանեկան պարագաներուն, ապա ըսեմ, որ անոնք բոլորովին այլ ընկալումի, մօտեցումի, կարգավիճակի մարդիկ էին։ Մեծ հաշուով հայախօս էին եւ մօրս ընտանիքին հետ համեմատած՝ ունէին աւելի բարւոք պայմաններ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Կը շարունակենք Գերպ. Վաղինակ Ծայրագոյն Վարդապետին հարցում-պատասխանով տուած բացատրութիւնները սուրբերու բարեխօսութեան մասին:
Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանութիւնը եւ հաւատացեալ ժողովուրդը կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին մասնակցեցան Ս. Գայիանէ վանքին մէջ՝ նախագահութեամբ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի։ Արարողութեան ընթացքին կատարուեցաւ խաղաղութեան ու զօրակցութեան աղօթք յանուն Արցախի։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ ի Տէր հանգած է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասու երիցագոյն անդամներէն, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի վաստակաշատ միաբաններէն Տ. Վաչէ Արք. Յովսէփեան։
ARA KOÇUNYAN
Türkiye Ermeni toplumunun seçim maratonu bu hafta sonunda tamamlanıyor. Yaklaşık 15 yıllık bir aradan sonra, gayrimüslim azınlık topluluklarının cemaat vakıfları seçim yönetmeliğinin yayımlanmasını izleyen süreçte birbiri ardına seçimler yapıldı. Peşpeşe düzenlenen oylamalar haftalar boyunca sürdü. İşte bu uzun soluklu sürecin son aşaması bu haftasonunda.
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայագէտ, ազգագրագէտ եւ մեծ գիտնական, հայ բանագիտութեան նահապետ Սարգիս Յարութիւնեան (1928-2019թթ.) ծնած է Աշոցքի շրջանի Ղազանչի գիւղը՝ ծագումով ալաշկերտցի եւ մշեցի արմատներ ունեցող ընտանիքի մը մէջ:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Մենք շատ բան պարտական ենք հին յոյներուն՝ յատկապէս ներկայ քաղաքական բառապաշարի մեծամասնութեան պարագային։ Սակայն բոլորովին տարբեր են անոնց եւ մեր ժամանակներու քաղաքականութեան մասին ընկալումները։