ԿԱՄՈ՞ՒՐՋ, ԹԷ ՑԱՏԿԱՏԱԽՏԱԿ

Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը ժողով մը գումարեց մայրաքաղաքի մէջ։ Պեշթեփէի համալիրի հերթական այս նիստէն առաջ, հայկական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ օրակարգի վրայ կու գայ նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորումը՝ երկու հարեւան երկիրներու միջեւ պարբերաբար աճող լարուածութիւնը ներառեալ։

Թէեւ ժողովէն վերջ հրապարակուած զեկոյցին մէջ այս նիւթին ուղղակի անդրադարձ մը չկատարուեցաւ, սակայն, անոր բովանդակութեան մէջ տեղ գտած նիւթերը ուղղակի կամ անուղղակի ձեւով կ՚առընչուին Երեւան-Անգարա-Պաքու առանցքին հետ։ Թուրքիա կը շարունակէ անշեղ ուշադրութեամբ հետեւիլ Հարաւային Կովկասի իրադրութիւններուն։ Այս ամբողջին մէջ Անգարա կը կեդրոնանայ Երեւան-Պաքու հաշտութեան գործընթացին վրայ՝ տարածաշրջանի երկարաժամկէտ խաղաղութեան ու կայունութեան տեսանկիւնէն։

Այս բոլորը կ՚ընթանան, երբ «Զանգեզուրի միջանցք»ի խնդիրը դարձեալ օրակարգի վրայ է՝ մանաւանդ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու՝ արտապատուիրակման վերաբերեալ առաջարկով։ Այս կապակցութեամբ կը ծաւալուին բազմակողմանի քննարկումներ՝ մինչ հայկական լրահոսին մէջ ուշադրութիւն կը գրաւեն հարցադրումներ։ Ըստ անոնց՝ այս առաջարկը ԱՄՆ-ի կամո՞ւրջ է, թէ ոչ Թուրքիոյ ցատկահարթակ՝ «Իրական Հայաստանի» վրայով դէպի «Մեծ թուրան»։ Այլ մեկնաբաններու կարծիքով՝ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի տեսակէտէ միջնացքը կրնայ նշանակել ամբողջ Սիւնիքը, որովհետեւ անոնք կը ձգտին ընդհանուր սահման ունենալ։

Հինգշաբթի, Յուլիս 31, 2025