Արխիւ

Շաբաթ, Յուլիս 23, 2022

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղը, կիրակի, 24 յուլիս 2022-ին, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին պիտի նշէ տաղաւար տօներէն երրորդը՝ Տէր Յիսուսի Քրիստոսի պայծառակերպութիւնը, այլ ասոյթով՝ այլակերպութիւնը, իսկ ժողովրդական հասկացողութեամբ վարդավառը:

Շաբաթ, Յուլիս 23, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ժամանակէ մը ի վեր սկսած եմ ատել ա՛յն «հայրենասէր»ները, որոնք Հայաստանէն դուրս՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն կամ Եւրոպայի այս կամ այն երկիրը գտնուելով Հայաստանի ներկայ վիճակի գովքը կը հիւսեն, հաւատարիմ մնալով «թմբուկին ձայնը հեռուէն անուշ կը լսուի» ճշմարտութեան:

Ուրբաթ, Յուլիս 22, 2022

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը կը շարունակէ իր հայրապետական ուղեւորութիւնը դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Վեհափառ Հայրապետի կեցութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ յուլիսի 29-ը։

Ուրբաթ, Յուլիս 22, 2022

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Պիտի չուզէիր երբեք գրիչդ ձեռք առնել ու սկսիլ թուղթը մրոտել, անշուշտ, եթէ գաղափարներդ ուռճացած չըլլային ու չնեղէին ուղեղիդ բոլոր բջիջները: Պիտի չուզէիր քու գրածներովդ փորձել համոզել ու նոյնիսկ «խաբել» բոլոր այն ընթերցողները, եթէ ընթերցող ունենայիր, եթէ հաւատացած չըլլայիր, որ տողերուդ յանձնած բոլոր բառերդ իրաւացի ու միաժամանակ՝ հասուն մտքի մը պտուղներն էին:

Ուրբաթ, Յուլիս 22, 2022

ՄԱՀՄՈՒՏ ՏԷՐՒԻՇ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Մենք մոռացութեան կը պատկանինք:
Եկանք քաղաքներ նուիրելու աստուծոյ մը,
Որ փախուստ տուաւ մեր վրանէն
Եւ անհետացաւ, 
Երբ ելանք իրեն համար որս ժողվելու:

Ուրբաթ, Յուլիս 22, 2022

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Թեհրանի մէջ վերջերս կայացած գագաթը ունէր բազմանիշ ուղղութիւններ։
Նախ յիշեցնելու կարգով պէտք է հաստատել այն փաստը, որ Թեհրանի գագաթաժողովը, որուն անձամբ ներկայ կ՚ըլլային տարածաշրջանային  երկու հիմնական ուժեր՝ Թուրքիան եւ Իրանը, նաեւ միջազգային գերուժ՝ Ռուսաստանը, ունէր խորքային նպատակ մը. աշխարհին «բացատրելու» եւ բացայայտ կերպով ըսելու, թէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ մեծ ճիգերով իրականութիւն դարձած Ճիտտէի գագաթը ունի «հակազդող» կողմ, որուն մասնակիցները մեծ հաշուով Մերձաւոր Արեւելքի կտրուածքով ունին ազդեցութեան գօտիներ «կառավարելու» մեծ ու լարուած ներուժ։ 

Ուրբաթ, Յուլիս 22, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վերջերս ձայնասփիւռի ալիք մը իր ունկընիրներուն հարց կու տար, թէ ի՞նչ կարծիք ունին վիճաբանութեան մասին: Մասնակիցներուն մեծամասնութիւնը որպէս սխալ եւ ժխտական երեւոյթ մեկնաբանեց վիճիլը, նախընտրելով լռութիւնը՝ քան վէճը:

Ուրբաթ, Յուլիս 22, 2022

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Առաջին հայեացքով օրինապահ կը թուի, որ Ճիտտէի վեհաժողովը քննարկած ըլլայ բարի դրացնութեան կանոններուն կառչած մնալու սկզբունքները: Օրակարգը հիմնականին մէջ անվտանգութեան հարցերն են եւ անոր հետ անմիջականօրէն կապուած առեւտրատնտեսական յարաբերութիւնները:

Ուրբաթ, Յուլիս 22, 2022

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ հերթական անգամ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին շուրջ։ «TRT Haber»ին տուած հարցազրոյցին մէջ ան անդրադարձաւ այս նիւթին եւ իր յայտարարութիւնները լայն արձագանգ գտան նաեւ հայկական լրահոսին մէջ:

Ուրբաթ, Յուլիս 22, 2022

RUMVADER-ի ներկայացուցիչները Անգարայէ վերադարձին Իսթանպուլի մէջ ալ հանդիպումներ ունեցան:
Փոքրամասնութեանց համայնքային վաքըֆներու ընտրութեան նոր կանոնադրութեան լոյսին տակ յստակեցման ջանքեր:

Ուրբաթ, Յուլիս 22, 2022

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութեան խորհրդական Նաղաշ Յակոբեանը։ Հրաժեշտի հանդիպում մըն էր այս մէկը, որովհետեւ շուրջ քառամեայ պաշտօնավարութենէ վերջ Նաղաշ Յակոբեան աւարտելու վրայ է իր դիւանագիտական առաքելութիւնը քաղաքիս մէջ։

Ուրբաթ, Յուլիս 22, 2022

Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ երկրորդ Ս. Պատարագին ընդառաջ մշակութային խանդավառ ձեռնարկ:
«Ուրբաթ, շաբաթ, կիրակի»ն այս անգամ կը ներկայացուի վերանորոգեալ պատմական Թաշխորան հայկական տաճարին մէջ:

Ուրբաթ, Յուլիս 22, 2022

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ մէկտեղուեցաւ Պատրիարքական Աթոռի ժառանգաւոր սաներէն տիրացու Արտա Սարկաւագ Փընարճեանի եւ տիրացու Գրիգոր Սարկաւագ Կարապետեանի հետ, որոնք այս շաբաթավերջին ձեռնադրուելով պիտի համալրեն մեր հոգեւորականաց դասու շարքերը։

Ուրբաթ, Յուլիս 22, 2022

Մեր քահանայից դասու բարեյիշատակ անդամներէն վախճանեալ Տ. Մինաս Աւ. Քհնյ. Ճիհանկիւլեան երէկ ոգեկոչուեցաւ իր վախճանման առաջին տարելիցին առթիւ։ Առաւօտուն, Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Պատարագէն վերջ հոգելոյս տէր հայրը ոգեկոչուեցաւ՝ հանդիսապետութեամբ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեանի։

Հինգշաբթի, Յուլիս 21, 2022

Մեծանուն բարերարի յիշատակին կազմակերպուած համերգը պատուեց նաեւ Փորթուգալի նախագահը:
20 յուլիսի անխափան աւանդութիւն. Գալուստ Կիւլպէնկեան վերյիշուեցաւ երախտագիտութեամբ ու բիւր յարգանքով:

Հինգշաբթի, Յուլիս 21, 2022

Հինգշաբթի, Յուլիս 21, 2022

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Իմ սիրտը կը բաբախէ տասնեակ քիլօմեթրեր անդին: Երեւանէն լսելի չեն բաբախները: Անոնք հոն են՝ հեռու հեռաւոր դրախտավայրին մէջ:

Հինգշաբթի, Յուլիս 21, 2022

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Ֆրանսահայ յայտնի մտաւորական, հեղինակաւոր պատմաբան, հայագէտ, հայկական Կիլիկիոյ պատմութեան մասնագէտ, Սորպոնի համալսարանի փրոֆեսէօր եւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ արտասահմանեան անդամ Քլոտ Արմէն Մութաֆեան այս յուլիսին կը նշէ իր ծննդեան 80-ամեակը:

Հինգշաբթի, Յուլիս 21, 2022

Գնալը կղզիի մէջ կը շարունակուի «Մենք երգենք եւ պարենք» համերգաշարը։ Նախընթաց օր այս ծրագրի երկրորդ ձեռնարկը տեղի ունեցաւ՝ մասնակցութեամբ Առէն Քոճապայի, Նարէ Էօզտաղի եւ Քամի Պիւյիւքիշմանի, որոնք իրենց երաժշտական յաջող կատարումներով արժանացան ծափահարութիւններու։

Հինգշաբթի, Յուլիս 21, 2022

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ Պէզճեան Մայր վարժարանի տնօրէնուհի Թալին Նայիր։

Էջեր