Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սա անուրանալի իրականութիւն մըն է, թէ՝ որեւէ գաղափար, որեւէ ըմբռնում կամ համոզում, ինքնին արժէք մը չի ներկայացներ, եթէ գործի չվերածուի, ուրիշ խօսքով կեանքի ապրում մը չներկայացնէ։ Բարութիւնն ալ ըստ էութեան լաւ բան մըն է, բայց եթէ բարեգործութեան չվերածուի, ի՞նչ արժէք կ՚ունենայ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ներկայ ընկերութիւնը յստակ տարբերութիւն կը դնէ հարուստ ըլլալուն եւ հարուստ երեւելուն միջեւ, որովհետեւ ամէն հարուստ երեւցող չէ որ իրապէս հարուստ կրնայ ըլլալ եւ ասոր հակառակ ամէն հարուստ չէ որ իրապէս հարուստ կ՚երեւի։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքը այս շրջանին կ՚ուղղորդուի համայնքային ընտրութիւններով։ Ինչպէս արդէն կ՚ենթադրուէր, Պէյօղլուի պարագան դարձած է թէժ օրակարգ։ Դժբախտաբար, ամենայոռետես կանխատեսումները մի առ մի կ՚իրականանան համայնքի աչքին առջեւ։
Եւրոպայի հնագոյն հայկական սրբավայրերէն Ս. Հոգի եկեղեցւոյ պաշտամունքի վերաբացումէն 33 տարի անց:
Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեան խորհրդակցեցաւ ծխական խորհուրդի անդամներուն եւ երիտասարդներուն հետ:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Թեհրանէն հնչած պաշտօնական յայտարարութիւններուն ամենէն ուշագրաւ բաժինը այն էր, որ Իրանի ընկերութիւնները պատրաստ են զարգացնել Հայաստանի հետ փոխադրումները եւ նոր տարանցիկ անցք մը ստեղծել Հայաստանի եւ Պարսից ծոցի միջեւ՝ Արեւելեան Ատրպէյճանի Նորտուզ գիւղով:
Նիւ Եորքի շրջանի հայկական միակ ամենօրեայ դպրոցի համալիրէն ներս արտասովոր հրճուանք:
Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեան հանդէսով մը հիւրընկալուեցաւ Սրբոց Նահատակաց վարժարանի երդիքին տակ:
Հայաստանի վարչապետն ու Ռուսաստանի նախագահը ժամադրուած են ՀԱՊԿ-ի գագաթաժողովի ծիրէն ներս:
Նիկոլ Փաշինեան Մոսկուայի հետ քննարկումներ կը ծաւալէ՝ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հետ տեսակցութենէն քանի մը օր անց:
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբան՝ Հոգշ. Տ. Զաքարիա Ծայրագոյն Վարդապետ Բաղումեան դիմատետրի իր էջին վրայ ունէր կարեւոր յիշեցում մը. «1918 թ. նոյեմբերի 19-ին իր մահկանացուն կնքեց ազգային-եկեղեցական նշանաւոր գործիչ Մաղաքիա արք. Օրմանեանը՝ աստուածաբան, հայագէտ, հասարակական գործիչ եւ եզակի հոգեւորական, որուն կեանքը համակ նուիրում էր Հայոց Եկեղեցւոյ եւ մեր ազգին։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Աշխարհը կրկին մտաւ ֆութպոլային անողոք կիրքերուն յորձանուտը: Ֆութպոլը, այո՛, անողոք աշխարհ մըն է զայն սիրողներուն, որոնք իրենց սէրն ու կիրքը վայելելու համար ոչինչ կը խնայեն:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Լրատուութիւնը իբրեւ արհեստ-ասպարէզ եւ իբրեւ կառուցուածք ու այսպէս կոչուած առաքելութիւն՝ նոր ոլորտ կը համարուի մարդային երկար պատմութեան մէջ: Ան իր պետական ու մասնաւոր ճիւղաւորումներով եւ իր գործունէութեան իրագործման լայն ու նեղ դաշտերով սկսաւ գերծաղկում ապրիլ երկուհազարական թուականներէն վերջ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Դաստիարակութիւնը մարդուն համար միշտ ալ եղած է, է եւ պիտի մնայ ամենէն անհրաժեշտ սնունդը իր կեանքին:
Դաստիարակութեան հասկացողութիւնը մշակոյթէ մշակոյթ որոշ տարբերութիւններ ու զանազանութիւններ կը կրէ, սակայն խորքին մէջ միշտ ալ նոյն նպատակին կը ծառայէ՝ լաւ մարդ պատրաստել:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մաղաքիա Արք. Օրմանեանի (1841-1918) «Խոհք եւ խօսք» հատորը (յետմահու հրատարակութիւն՝ 1929) որքան ինքնակենսագրութիւն մըն է, նո՛յնքան՝ իւրայատուկ տեսութիւններու ամփոփում մը շահեկան հարցերու մասին։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Եթէ համակարգիչ գործածող անձ էք, նկատած պիտի ըլլաք, որ այլեւս համակարգիչը ինք եւս սկսած է կասկածիլ մեր «մարդ» ըլլալէն։ Մարդու ձեռքերով ստեղծուած համակարգիչը անընդհատ հարց կու տայ «մա՞րդ ես» եւ մեր մարդկութիւնը փաստելու համար կը սկսինք նկարներուն մէջէն գտնել ուզուած նկարները եւ մանկապարտէզի գրաւոր մը լրացնելու պէս մեր մարդկութիւնը կը փաստենք։
Հոգելոյս Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան երէկ մեր համայնքէն ներս յուզումնախառն մթնոլորտի մը մէջ ոգեկոչուեցաւ վախճանման առաջին տարելիցին առթիւ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. Կաթողիկոսին հետ երբեւէ առընչութիւն ունեցած շատ մարդիկ իրենց յուշերը յանձնած են թուղթին: Ակնյայտ է, որ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ 130-րդ կաթողիկոսը, մեծ հայագէտն ու Հայաստանի Ազգային հերոսը անջնջելի տպաւորութիւն ձգած է թէ՛ անմիջապէս իր շուրջիններուն եւ թէ՛ մէկ անգամուայ զրուցակիցներուն, հիւրերուն վրայ
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ի՞նչ կ՚ընէիք, եթէ հասարակական վայրէ մը ներս վեցամեայ երեխայ մը առանձին տեսնէիք։
ԻՒՆԻՍԷՖ թողարկած է կարճ տեսանիւթ մը, որ երկու միլիոն դիտում ունեցած է։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքի մէջ «տիպար անձ» ըլլալ դիւրին բան չէ, իսկ մահէն վերջ «տիպար անձ» մնալ շատ աւելի դժուար է։ Այլապէս «տիպար անձ»ը ընտրել, անոր տիպար գործերուն, գաղափարներուն անդրադառնալ եւ առանց իր անձնաւորութիւնը կորսնցնելու՝ անոնց հետեւիլ իմաստութիւն եւ խոհեմութիւն կը պահանջէ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երէկ գիշեր երեկոյեան ընթերցանութեան ժամերուս կը թերթատէի Գրիգոր Զօհրապի նամականին եւ մեծ գրողին նամակները կը կարդայի. ուշադրութիւնս գրաւեց Արսէն Այտընեանի ուղղուած նամակը, ուր Գրիգոր Զօհրապ զինք կը դիմէր «Մեծանուն եւ համայն հայ գրականութեան պարծանք Հայր» ներբողով:
Մինչ համայնքային ընտրութիւններու գործընթացը արդէն թափով հունի մէջ մտած է, Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի վերաբերեալ իրադարձութիւնները մէկ կողմէ անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը դառնան, միւս կողմէ կ՚ընկալուին խոր մտահոգութեամբ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Յիսնակի Բարեկենդանի արարողութիւններուն։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։