Արխիւ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Արձակագիր եւ հրապարակախօս Արփիար Արփիարեան իր «Ոսկի ապրջան» աշխատութեան ԺԵ. գլուխին մէջ հետեւեալ բառերով կը նկարագրէ Ղուկաս աղայի մանկութիւնը.- «հավէսով կ՚աշխատէր ինչպէս աշխոյժ, եռանդոտ պատանի մը, որ ապագայ մը պատրաստելու համար նոր գործի կը ձեռնարկէ, հաւատալիր վստահութեամբ». թէ՛ նախկիններուն եւ թէ՛ մեզմէ իւրաքանչիւրիս համար տարբեր իմաստ մը ունէր եւ ունի պատանեկութիւնը, սակայն մերօրեայ պատանեկութիւնը քիչ մը տարբեր պատկեր կը պարզէ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աստուծոյ ծրագրին մէջ, այրը եւ կինը կոչումը ունին երկրին «տիրելու». (ԾՆՆԴ. Ա 28) իբրեւ «տնտեսներ» Աստուծոյ եւ գործակատար Անոր ծրագրին։ Այս գերիշխանութիւնը պէտք չէ ըլլայ կամայական եւ գործ մը՝ դժուարակամ եւ տիրապետութիւն մը կործանարար։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր թուականէն 50 տարիներ առաջ՝ 6 մայիս 1972 թուականին 25 տարեկան թուրք երիտասարդ մը իր կախաղանին դիմաց նստած վերջին սիկառէթ մը վառել կ՚ուզէ, սակայն չի սարսափիր մահէն, որովհետեւ կախաղանին դիմաց հասնելէն առաջ մտածած էր այդ բոլորին մասին եւ մինչեւ իսկ իր բանտի խուցին մէջ թուղթի վրայ գրի առած այդ սոսկալի, սակայն իրեն համար երանելի պահերը:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ համակրելի մեներգչուհի Մարալ Այվազ ներկայիս երաժշտասէրներուն կը ներկայանայ նոր գործով մը, որ կը կոչուի «Կռունկ»։ Մարալ Այվազի նոր երգն ու տեսահոլովակը արդէն հասանելի են համացանցի վրայ։
Վաղը երեկոյեան Ֆէրիգիւղի մէջ տեղի պիտի ունենայ «33 ձայն Իսթանպուլէն» գրքին շնորհանդէսը՝ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր հովանաւորութեամբ:
Պէյօղլուի Սուրբ Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդին ղեկը ստանձնելու մղումով սկսած պայքարը պատճառ դարձած է քաոսի մը՝ 25 դեկտեմբերի քուէարկութեան ընդառաջ:
Այժմու ղեկավարութեան հրահրած անարդար ընտրական համակարգը եւ ընդդիմադիր թեկնածուներու անիրատես գործելաոճը խոր անհանգստութիւն յառաջացուցած է համայնքի աչալուրջ շրջանակներէն ներս:
Ֆէրիգիւղի մէջ երէկ երեկոյեան կազմակերպուած խորհրդակցութեան մթնոլորտը եկաւ ապացուցանել, որ այս փուլին անհրաժեշտ են՝ համախմբման ներուժով աւելի լուրջ այլընտրանքներ:
ՀԱՊԿ-ի Երեւանի գագաթաժողովի ծիրէն ներս Փաշինեանի եւ Փութինի միջեւ տեսակցութիւն:
«Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի համաձայնութիւնները լաւ հիմք ստեղծած են սկզբունքային հարցերու շուրջ ապագայ փոխզիջումներու համար։ Կը յուսանք, թէ սա ի վերջոյ կ՚ապահովէ խաղաղութեան պայմանագիրը»:
Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն մը, որու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Պէյօղլուի ընտրութեան վերաբերեալ առկայ խնդիրները։ Թաղային խորհուրդի ղեկը ստանձնելու հետամուտ մէկէ աւելի թեկնածուական խումբերու կամ խմբաւորումներու ներկայացուցիչներ ելոյթներ ունենալով փորձեցին արժեւորել ստեղծուած իրադրութիւնը։
ARA KOÇUNYAN
Türkiye Ermeni toplumunun yaşamı bu dönemde tamamıyla cemaat vakıflarının yönetim kurulu seçimlerinin dominasyonu altında. Tahmin edildiği üzere, Beyoğlu Üç Horan Ermeni Kilisesi Vakfı'nın durumu da sıcak gündem olarak karşımızda.
ԹԵՐԵԶԱ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
Արեւելահայերէնէ վերածեց՝
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Ինչպէ՞ս հասկնալ, որ երկրի իշխանութիւնը զաւթած են համաշխարհայնավարները:
1. Առաջին ու կարեւոր նշանն այն է, որ բացարձակապէս ոչ մէկ արհեստավարժ պատրաստուածութիւն, համապատասխան փորձ ու կրթութիւն ունեցող մարդիկ, իրենց կեանքին մէջ ոչ մէկ բանի հասած մարդիկ կը դառնան նախարար, պատգամաւոր ու կը սկսին զբաղեցնել կարեւոր պաշտօններ:
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Կը շարունակենք բժշկապետ Վահան Արծրունիի բժշկական բովանդակութեամբ գրքոյկներու շարքին արեւմտահայերէնի վերածումը եւ զանոնք մեր ընթերցասէրներու ուշադրութեան յանձնելը:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւանի մէջ օրերս տեղի ունեցաւ թրքերէն առաջին ժամանակակից վէպը նկատուող «Ագապի»ի նոր հրատարակութեան շնորհանդէսը: Պոլսահայ գրող, պատմաբան եւ խմբագիր Յովսէփ Վարդանեանի (Վարդան փաշա) «Ագապի հիքայէսի» խորագրով գիրքը 1851 թուականին Պոլսոյ Յովհաննէս Միւհէնտիսեանի տպարանէն լոյս տեսնելէ ետք, 1953 թուականին թարգմանուած է հայերէնի եւ «Ագապիի պատմութիւնը» խորագրով լոյս տեսած Երեւան, ապա՝ մէկ տարի ետք՝ 1954-ին Պէյրութ, 1979-ին՝ կրկին Երեւան
Լուսաւորիչ երգչ.ի եւ «Եոլճու» թատերախումբի ողջունելի համագործակցութեան առթած հրճուանքով երեկոյթ մը :
Ֆիշեքհանէի «Ֆերիտա Իսթանպուլ» ճաշարանին մէջ անմոռանալի ընդունելութիւն մը՝ ի շարունակութիւն եղանակի ձեռքբերումներուն:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. Արքեպիսկոպոս Մաշալեան երէկ Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց հաւաքական մկրտութեան խորհրդակատարութեան։
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի Կոմիտաս դպրաց դաս-երգչախումբի հիմնադրութեան 65-ամեակը:
Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեան հանդիսապետեց Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ յոբելենական արարողութիւններուն:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Խելքը տարիքին մէջ չէ՝ գլուխին մէջ է:
Բնաւ չէի ախորժեր, երբ աւագ սերունդի ներկայացուցիչներէն մին կը թերագնահատէր, թթու խօսք մը կը յղէր մեր սերունդին:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Ծաղրողին, ամբարիշտին եւ իմաստունին հետ վարուելու մասին որեւէ մէկ բան գրուա՞ծ է Առակաց գիրքին մէջ:
Պատասխան. Անշուշտ: Առակացի 9-րդ գլուխին 7-9 համարներուն մէջ կը կարդանք. «Ծաղրողը յանդիմանողը՝ իրեն անարգանք ու ամբարիշտը խրատողը իրեն արատ կը վաստակի:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սա անուրանալի իրականութիւն մըն է, թէ՝ որեւէ գաղափար, որեւէ ըմբռնում կամ համոզում, ինքնին արժէք մը չի ներկայացներ, եթէ գործի չվերածուի, ուրիշ խօսքով կեանքի ապրում մը չներկայացնէ։ Բարութիւնն ալ ըստ էութեան լաւ բան մըն է, բայց եթէ բարեգործութեան չվերածուի, ի՞նչ արժէք կ՚ունենայ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ներկայ ընկերութիւնը յստակ տարբերութիւն կը դնէ հարուստ ըլլալուն եւ հարուստ երեւելուն միջեւ, որովհետեւ ամէն հարուստ երեւցող չէ որ իրապէս հարուստ կրնայ ըլլալ եւ ասոր հակառակ ամէն հարուստ չէ որ իրապէս հարուստ կ՚երեւի։
Այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն Տիւզճէի մէջ տեղի ունեցաւ երկրաշարժ մը, որու պատճառած ցնցումը զգալի դարձաւ նաեւ Իսթանպուլէն։ Թեքիրտաղէն մինչեւ Իզմիր՝ բազմաթիւ քաղաքներու մէջ զգալի դարձաւ երկրաշարժը, որուն յաջորդեցին յետցնցումներ։