ՆԵՐԿԱՅ ԴԱՐՈՒ ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԱՊԱԳԱՅԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆ

Ընդհանուր առմամբ կեանքի համար դրական ապագայի ուրուագծումը կը կոչուի ապագայապաշտութիւն, իսկ անոնք, որոնք որդեգրած են այս մօտեցումը՝ կը կոչուին ապագայապաշտ։ Ապագայապաշտութիւնը արդի արուեստի ու հասարակական շարժում մըն է, որ ծագած է Իտալիոյ մէջ, 20-րդ դարու սկիզբին (յատկապէս 1909-1920 թուականներու միջեւ): Այս շարժման հիմնական նպատակներն են՝ ամբողջովին մերժել անցեալի գեղագիտական ​​արժէքներն ու աւանդոյթները՝ պնդելով, որ աշխարհի ապագան արդիականութիւնն է, երկիրները պէտք է արդիականացուին՝ հեռանալով անցեալի ծանրութենէն եւ քաղաքացուած քաղաքակրթութիւն, մեքենայացում եւ արագութիւն հասկացութիւնները հիմք դարձնել ընկերային կեանքէ ներս:

Ապագայի մասին մեր ընկալումները յաճախ բացասական են, բայց մեր դիրքորոշումները կրնան փոխուիլ։ Առայժմ կ՚ըսուէր, որ անոնք, որոնք աւելի առաջ կը կանխատեսեն ապագան եւ համապատասխանաբար կը պատրաստուին, երջանիկ եւ յաջող կ՚ըլլան։ Մինչդեռ ապագայապաշտներ կ՚ըսեն, թէ պէտք չէ համակերպուիլ ապագայի հետ, այլ կարելի է զայն նախագծել։ Մենք կը մտածենք, թէ ապագայ մը կայ եւ կը փորձենք այդ մէկը կանխատեսել. իսկ եթէ պատրաստուած ըլլանք, յաջող եւ երջանիկ կ՚ըլլանք։ Բայց եւ այնպէս, ապագայապաշտ մօտեցման ապագայ ընկալումը այլ է։ Նախապէս ապագայի մասին մեր պատկերացումները այնպէս էին, որ մենք կրաւորական ենք, սակայն այժմ անդրադարձած ենք, որ կրնանք գործօն ըլլալ։

Ըստ ապագայապաշտութեան, ապագան մենք կը կառուցենք՝ օգտագործելով գիտելիքը, թեքնոլոժին, բանականութիւնը, զգացումները, փորձառութիւնը։ Ապագայապաշտութիւնը երջանիկ ապագայի ուրուագիծ մըն է, իսկ ապագայապաշտը՝ երջանիկ ապագան ուրուագծող։ Այս ուղղութեամբ մենք կը փափաքինք ձեռք բերել անհրաժեշտ միջոցներն ու գիտելիքը։ Նախապէս ուժի եւ յաջողութեան կը տիրանային անոնք, որոնք գիտելիք ունէին։ Ներկայիս գիտելիքը, տեղեկատուութիւնը դիւրութեամբ հասանելի է բոլորին։ Մենք կ՚ըսենք, որ մտած ենք սիպերնասիոնի (համակարգիչով տեղեկատուութեան մշակման միջոցաւ արդիւնաբերական գործողութեան կամ առաջադրանքի վերահսկում) դարաշրջան եւ այստեղ էական նշանակութիւն ունին նոր մօտեցումներ եւ նոր հարթակներ։ Այնուհետեւ, տեղեկատուութիւնը կրնանք լաւագոյնս օգտագործել՝ մարդկութեան եւ ընդհանրապէս տիեզերքի համար։

Բոլորս այսօր տեղեկատուութիւնը օգտագործելով լաւագոյն արդիւնքին հասնելու որոնման մէջ ենք։ Ապագայապաշտութիւնն ալ կը համարուի այս շրջանի ամենաօգտակար փիլիսոփայութիւններէն մին։ Ամէն ինչ սրընթաց կը փոխուի, իւրաքանչիւր ասպարէզ, իւրաքանչիւր մասնագիտութիւն կը վերաիմաստաւորուի։ Ըստ Չարլզ Տարուինի՝ կը գոյատեւեն ո՛չ թէ ամենախելացին կամ ամենաուժեղը, այլ՝ փոփոխութեան առաւել յարմարողները։ Ըստ էութեան, փոփոխութիւնը կարեւոր չէ, այլ անհրաժեշտութիւն է. փոփոխութիւնը վիճելի չէ։ Ամբողջ կեանքը արդէն կառուցուած է փոփոխութեան հիման վրայ։ Նոյնիսկ բան մը չընելը փոփոխութիւն է։ Անոնք, որոնք գիտակցաբար կը հետեւին ու կը յարմարին փոփոխութիւններուն, աւելի ազատ, հանգիստ, ինքնավստահ են, իսկ միւսները՝ անընդհատ դժուարութիւններու կը հանդիպին։ Արդարեւ, չփոխուիլ հնարաւոր չէ։

Ապագայապաշտութիւնը չի կրնար պատկանիլ որոշ անձի, հաստատութեան կամ հասարակութեան։ Մարդկութեան բարօրութեան, համակեցութեան ձգտողները կրնան կեանքի իւրաքանչիւր երանգը, ընթացքը դիտարկել ապագայապաշտ մօտեցումով։ Իւրաքանչիւր անհատ, ընկերութիւն, հիմնարկ կամ պետութիւն կրնայ կերտել ապագան՝ հեռատեսօրէն օգտագործելով գիտելիքը, փորձառութիւնն ու թեքնոլոժին, որոշելով իր ապագայ տեսլականը եւ հաշուի առնելով այն իրադարձութիւնները, որոնք կ՚ազդեն իր ապագայի վրայ։

Ապագայապաշտներ կը մտածեն հաւանական բեմագրութիւններու մասին եւ կը մտածեն հեռատեսօրէն։ Ապագայապաշտ ըլլալու համար մասնաւոր ուսում գոյութիւն չունի։ Իրականութեան մէջ երազելը եւ ապագայի ուրուագծումը բաւարար են ապագայապաշտ դառնալու համար։

Տեղեկացուածութիւնը, գիտելիք ամբարելը կարեւոր են լաւ ապագայի համար։ Յառաջընթաց արձանագրելու համար անհրաժեշտ է ընդունիլ փոփոխութիւնները, զարգացնել տեսլականը եւ անընդհատ երազել։ Կարեւոր է հասկնալ, թէ անհրաժեշտութեան պարագային ինչպէ՛ս պէտք է համադրել գիտելիքը, հմտութիւններն ու տուեալ պահու հնարաւորութիւնները։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ուրբաթ, Փետրուար 23, 2024