Արխիւ
Փրակի մէջ երէկ պատահեցաւ սահմռկեցուցիչ դէպք մը, որուն 15 հոգի զոհ գնաց, իսկ 25 հոգի ալ վիրաւորուեցաւ։ Չեխիոյ մայրաքաղաքի «Շարլ» համալսարանը մուտք գործած Տաւիտ Քոզաք հրացանով սարսափելի դէպք մը իրականացուց։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վերջին օրերուն հիւրընկալեցին Միջազգային ճգնաժամային խումբի նախագահ Քոմֆորտ Էրոն, որու կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի հետ։ Երեւանի աղբիւրները հաղորդեցին, որ քննարկուեցան Հայաստան-Իրան յարաբերութիւններու օրակարգային հարցերը, նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ երկկողմանի համաձայնութիւններու իրականացման ընթացքին։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտիւլֆեթթահ էլ Սիսիի հետ։ Էրտողան այս առթիւ պաշտօնակիցը շնորհաւորեց վերընտրուելու կապակցութեամբ՝ մաղթելով, որ նոր շրջանը բարեբեր ըլլայ Թուրքիա-Եգիպտոս յարաբերութիւններուն տեսակէտէ։
Պատրիարքական Աթոռը արձագանգեց վերջին օրերուն վախճանած երկու սրբազաններու կորուստին։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Օրերս, երբ նախորդ անցնող տարիներուն գրածս գրութիւններէն գրութիւն մը կը փնտռէի, աչքիս զարկաւ «Մարդ ըլլալ…» վերնագիրը կրող գրութիւն մը, որ ստորագրած եմ 24 յունիս 2014-ին, երբ տակաւին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքին անդամ չէի դարձած, հակառակ անոր որ յաճախ կը կարդայի զայն համացանցի վրայ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Այլաբանութիւնը միշտ ներկայ է մեր կեանքին մէջ: Շատ անգամ, բանաւոր խօսքի մէջ, գեղարուեստական կամ հրապարակային գրութիւններու միջոցով կը փորձենք միտք մը, գաղափար մը կամ զգացում մը արտայայտել անուղղակի ձեւով, առարկայի կամ երեւոյթի մասին պատկերացում տալ ուրիշ առարկայի մը կամ երեւոյթի մը միջոցով:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Արեւը վաղը առաւօտ պիտի ծագի՞։ Տարօրինակ եւ անիմաստ հարցում. առանց բացառութեան ամէն մարդ պիտի պատասխանէ՝ այո՛։ Ստեղծագործութեան առաջին օրէն իսկ արեւը, անխափան ծագած է եւ օր մը իսկ չէ՛ եղած որ արեւը չծագի։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ամէն ժամանակ կը փորձենք հեռու մնալ կուսակցական խնդիրներու մասին խօսելէ, սակայն միաժամանակ անտարբեր չենք կրնար անցնիլ տեսնելով գործող կուսակցութիւններու անտարբերութիւնն ու աւելի սարսափելին՝ մղած պայքարը ո՛չ թէ հակառակորդին, այլ ինքն իր դէմ:
Ատրպէյճանի նախագահական աշխատակազմի արտաքին քաղաքականութեան բաժնի ղեկավար Հիքմէթ Հաճիեւ յայտարարեց, որ իր երկիրը այլեւս որեւէ ռազմական նպատակ չունի։
Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան BBC-ին հարցազրոյց մը տալով ըսաւ.
«Ատրպէյճան կրնայ յայտարարել, որ շահագրգռուած է Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրը վերջացնելով, սակայն, դժբախտաբար, բառերը բաւարար չեն՝ մենք պէտք է կեդրոնանանք գործերու վրայ։
Դաշնակիցներու տագնապ. Երեւան կը հիւրընկալէ ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը:
Իմանկալի Թասմակամպետով Արարատ Միրզոյեանին կը ներկայացնէ Մինսքի գագաթաժողովին արդիւնքը:
Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգը կը ձեւաւորուի՝ որպէս անվտանգութեան գործօն:
Երեւանի ղեկավարութիւնը ուշադրութեամբ կը դիտարկէ նոր աշխարհակարգը, ուր կ՚ընթանան խորքային վերափոխումներ:
«Ակադեմիայի փառահեղ ժառանգութիւնը ապագայի համար ռազմավարական ներդրում ընելու առումով անհրաժեշտ ու շատ կարեւոր գործօն է»:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հայաստանի ապագան կը տեսնէ գիտութեան ու կրթութեան մէջ, իսկ ակադեմական քաղաքը կրնայ յեղափոխական նշանակութիւն ունենալ:
Ատրպէյճանի նախագահական աշխատակազմի արտաքին յարաբերութիւններու բաժնի վարիչ Հիքմէթ Հաճիեւ յայտարարեց, որ Հայաստանի հետ սահմաններու որոշուիլը կրնայ ըլլալ ենթադրեալ խաղաղութեան համաձայնագրէն անջատ։
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Աթոնիօ Կութերեսի բանբերը՝ Սթեֆան Տիւժարիք յայտարարեց, որ վերջին քանի մը շաբաթներու ընթացքին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ զգալի քայլերու ձեռնարկուած են։
Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլի յայտարարեց, որ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ յստակ արդիւնքներ ապահովուած են՝ շնորհիւ Թիֆլիզի խաղաղութեան նախաձեռնութեան։ Վրաստանի կառավարութեան 2023 թուականի գործունէութիւնը ամփոփելու ժամանակ Իրակլի Ղարիպաշվիլի շեշտեց, որ տարածաշրջանէն ներս Վրաստան սերտ բարեկամական յարաբերութիւններ ունի Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ հետ։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հիւրընկալեց միջազգային ճգնաժամային խումբի նախագահ Քոմֆորտ Էրոն, որ վերջին օրերուն այցելեց Երեւան։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրուցակիցները կարծիքներ փոխանակեցին տարածաշրջանային անվտանգութեան վերաբերեալ հարցերու շուրջ։
Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը երէկ ժողով մը գումարեց:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ արժեւորուեցան Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու ընթացքը:
