Արխիւ

Չորեքշաբթի, Մարտ 29, 2023

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

​Տակաւին տասնչորս տարեկան էի, երբ առաջին անգամ կարդացի Շահան Շահնուրի «Նահանջը առանց երգի» վէպի առաջին տողերը. «հասունցած տղայ մըն էր սակայն, ապացոյց որ չկրցաւ բոզ ու Աստուած բառերուն սահմանում մը տալ»:

Երեքշաբթի, Մարտ 28, 2023

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Եզնիկի «Եղծ աղանդոց»էն՝ Գարեգին Եպսկ. Խաչատուրեանի (Տրապիզոնի) թարգմանութեամբ կը ներկայացնենք «Չարին ծագումը» հատուածը։
Գիտնական Եզնիկ Ե. դարու մէջ ամենէն ինքնատիպ եւ ուշագրաւ մատենագիրներէն մէկն է։

Երեքշաբթի, Մարտ 28, 2023

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Եթէ ստախօսութիւնը գեհենի կրակի արժանացող մեղք մըն է, ապա կրնանք վստահ ըլլալ, որ քաղաքականութեամբ զբաղուող ամէ՛ն մարդ՝ ըլլայ նախարար կամ երեսփոխան, անտարակոյս այդ բոցը պիտի ըմբոշխնեն:

Երեքշաբթի, Մարտ 28, 2023

Երկրագունդի բնակչութիւնը առաւելագոյն մակարդակին պիտի հասնի 2050 թուականին։ Այսպէս, երկրագունդի բնակչութիւնը մինչեւ 2050 թուականը կրնայ հասնիլ 8.6 միլիառի սահմանին, իսկ մինչեւ 2100 թուականը նուազիլ՝ հասնելով 7 միլիառի, եթէ պահպանուին զարգացման ներկայ միտումները:

Երեքշաբթի, Մարտ 28, 2023

Երեւանի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ «Միայնակ ընդդէմ ճակատագրի. ֆութպոլային դիւանագիտութեան յետնաբեմը» գիրքին շնորհանդէսը։ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն եւ շուրջ 15 տարի առաջուած ֆութպոլային դիւանագիտութեան ձօնուած գիրք մըն է այս մէկը, որու հեղինակն է Սամուէլ Ֆարմանեան։

Երեքշաբթի, Մարտ 28, 2023

Համաշխարհային թատրոնի օրուան առթիւ երէկ արուեստագէտներ պարգեւատրուեցան Երեւանի մէջ:
«Արտաւազդ» 22-րդ տարեկան մրցանակաբաշխութիւնը այս անգամ ձօնուած էր Վահէ Շահվերտեանի յիշատակին:

Երեքշաբթի, Մարտ 28, 2023

Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար յայտարարեց, որ վերջին երկրաշարժին հետեւանքով իրենց մերձաւորները կամ բնակարանները կորսնցուցած շուրջ 60 հազար սուրիացի կամաւոր ըլլալով վերադարձած է իր երկիրը։

Երեքշաբթի, Մարտ 28, 2023

Ստեփանակերտ-Լիսակոր ճանապարհը ամբողջութեամբ Ատրպէյճանի դիտարկման ենթարկուած է:
Փաշինեան Միշելի հետ հեռախօսազրոյցի ընթացքին կրկնեց Արցախի տագնապին վերաբերեալ մտահոգութիւնները:

Երեքշաբթի, Մարտ 28, 2023

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մեծ Պահքի 37-րդ օրն է:
Պօղոս առաքեալ Կորնթացիներուն ուղղած առաջին նամակին 12-րդ գլուխին 27-րդ համարին մէջ այսպէս կը գրէ. «Արդ, դուք թէպէտ առանձին-առանձին անդամներ էք, բայց միասնաբար կը կազմէք Քրիստոսի մարմինը»:

Երեքշաբթի, Մարտ 28, 2023

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Տխուր լուրով բացուեցաւ կիրակի առաւօտը՝ մահացած է Երուանդ Ազատեան: Ոչ եւս է մտաւորականը, գրող-գրականագէտը, հրապարակախօսը, կուսակցական, մշակութային գործիչը…

Երեքշաբթի, Մարտ 28, 2023

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Յետոյ սկսաւ երիտասարդութիւնը, գիշերային կեանքերը, եւրոպական երկիրներու այցելութիւնները… Եւ հասաւ տեղ մը, ուր ինքզինք դրսեւորեց քաղաքական հանգանակը եւ այն եկաւ բազմելու յաւիտեան մեր մէջ, քանի դեռ Արեւելքի մէջ էինք եւ ինքնաբերաբար առաւել չափով քաղաքականացած կը համարուէինք արեւմուտքցիներէն:

Երեքշաբթի, Մարտ 28, 2023

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Ի՞նչ է տարբերութիւնը ուղիղ ճանապարհով քայլողին եւ անուղիղ ճանապարհով քայլողին միջեւ:
Պատասխան.
Առակագիրը կը գրէ. «Իր ուղղութեանը մէջ քալողը Տիրոջմէ կը վախնայ, բայց ծուռ ճամբայ ունեցողը զԱնիկա կ՚անարգէ» (Առ 14.2):

Երկուշաբթի, Մարտ 27, 2023

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Թատրոնի համաշխարհային օրը՝ թատերական գործիչներու մասնագիտական միջազգային տօնը, կը նշուի ամէն տարի մարտի 27-ին: Տօնը աւանդաբար կը նշուի հետեւեալ խորագիրով՝ «Թատրոնը իբրեւ ժողովուրդներու միջեւ խաղաղութեան ամրապնդման եւ փոխըմբռնման միջոց»:

Երկուշաբթի, Մարտ 27, 2023

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Շուտով պիտի բոլորենք երկրորդ ամիսը այն ծանր օրէն, երբ աղէտալի երկրաշարժ մը հարուածեց Թուրքիան։ Երկրաշարժին ցնցումները զգալի դարձան մինչեւ Պէյրութ եւ Նիկոսիա, իսկ Սուրիոյ բազում քաղաքներ եւ գիւղեր (որոնց շարքին՝ Հալէպը եւ Քեսապը) անցուցին դժուարին ժամանակներ։

Երկուշաբթի, Մարտ 27, 2023

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Կենդանի բոլոր արարածները կ՚ունենան ծնունդ եւ յետոյ՝ մահ։ Մենք այս աշխարհ եկած ենք մեռնելու համար: Պարզ է, որ մենք կը մեռնինք, բայց եւ այնպէս մահուան թուականը անակնկալ է։

Երկուշաբթի, Մարտ 27, 2023

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ճշմարտութիւնը գտնելու համար՝ պարտաւոր ենք մեր սրտէն եւ մտքէն դուրս հանել ամէն տեսակ կրօնական նախապաշարումները։ Արդարեւ, նախապաշարումները կը խափանեն հաւատքը եւ կը հակադրեն կրօնքի տրամադրութիւններուն եւ սահմանումներուն։

Երկուշաբթի, Մարտ 27, 2023

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Յետ ցեղասպանութեան շրջանին, մանաւանդ 1930 թուականներուն ծնունդ առաւ հարց մը՝ որ մինչեւ օրս պատասխանը կը փնտռէ: Ծնունդ առաւ խումբ մը, որ պնդեց ու հաւատաց, թէ հայ ըլլալու համար հայերէն խօսիլը անհրաժեշտ չէ, որովհետեւ հայ ըլլալը լեզուէն աւելի հոգեկան ապրում ու ինքնութեան գիտակցութիւն է, որ ըստ իրենց պայմանաւորուած չէ լեզուով եւ բնականաբար անոնց դիմաց դուրս եկան անոնք, որոնք ազգի մը փրկութեան, հայապահպանութեան ու գիտակից հայեր ունենալու համար առաջնահերթութիւններէն մին նկատեցին մայրենի լեզուի գիտութիւնը:

Երկուշաբթի, Մարտ 27, 2023

Թրքահայ կեանքէն ներս վերջին օրերուն ողբերգութեան համազօր իրադարձութիւն մը եղաւ մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդուհիներէն՝
ՆԻՔՈԼ ՕՏԱՊԱՇԸԻ
անժամանակ կորուստը։ Ան իր բնակարանին մէջ ցաւալի արկածի մը զոհ գնաց, ինչ որ խոր սուգի մատնեց թէ՛ իր ընտանիքը եւ թէ ամբողջ սիրելիներու շրջանակը։

Երկուշաբթի, Մարտ 27, 2023

Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը կը պատրաստուի ելոյթի մը, որ նախատեսուած է յառաջիկայ ապրիլի 14-ին։ Երկրաշարժի աղէտեալներուն ի նպաստ նախատեսուած ձեռնարկ մըն է այս մէկը, որ տեղի պիտի ունենայ Ֆուլիայի մշակոյթի կեդրոնին մէջ։

Երկուշաբթի, Մարտ 27, 2023

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութիւնը, թէ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը շուտով կրնան ստորագրել խաղաղութեան համաձայնագիր՝ կ՚ընդգծէ Ուաշինկթընի ներգրաւուածութեան տարողութիւնը: Ուաշինկթըն մինչ այդ յայտարարած էր, որ միջնորդի դեր չ՚ուզեր ստանձնել, որեւէ պարտադրանք չունի կամ փաստաթուղթի նախագիծ չէ մշակած:

 

Էջեր