Արխիւ

Շաբաթ, Մարտ 25, 2023

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ Թուրքիոյ հետ համաձայնութիւն գոյացած է՝ որպէսզի մինչեւ 2023 թուականի զբօսաշրջութեան եղանակին սկիզբը բացուի երկու երկիրներու սահմանը երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն եւ դիւանագիտական անցագրի տէր անձերուն համար։

Ուրբաթ, Մարտ 24, 2023

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

Մինչ Արցախի շրջափակումը բոլորեց իր 100-րդ օրը, հակառակ միջազգային հասարակութեան համատարած դատապարտումին, Ատրպէյճան անվրդով ու վճռակամ կը շարունակէ իր ապօրինի արարքը, որուն հետ լռելեայն համակարծիք ըլլալ կը թուին ռուսական եւ արեւմտեան հակադիր ճակատները։ Այսպէսով, Արցախի հակամարտութիւնը կը մնայ անել դրութեան մէջ, զոհ՝ Արեւմուտք-Ռուսաստան միջազգային առճակատումին։

Ուրբաթ, Մարտ 24, 2023

Իսրայէլ Ատրպէյճանին նաւթի փոխարէն գաղտնի ձեւով վաճառած է միլիառաւոր տոլարներու զինամթերք:
«Հաարէց» հրապարակեց զեկոյց մը, որու բովանդակութիւնը հետեւութիւններու դուռ կրնայ բանալ Հայաստանի տեսակէտէ:

Ուրբաթ, Մարտ 24, 2023

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոննա կը պատրաստուի այցելել Հարաւային Կովկաս։ Ան տարածաշրջանային ուղեւորութեան մը պիտի ձեռնարկէ յաջորդ ամիս։

Ուրբաթ, Մարտ 24, 2023

Ըստ Նիկոլ Փաշինեանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պիտի ստորագրուի խաղաղութեան պայմանագիր:
Վարչապետը ներկայիս միջազգային հանրութեան կողմէ վճռական աջակցութիւն կ՚ակնկալէ այս պատումին համար:

Ուրբաթ, Մարտ 24, 2023

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի տնօրէն Տ. Զաքարիա Ծայրագոյն Վարդապետ Բաղումեան այս օրերուն կ՚այցելէ Սուրբ Քաղաք։ Այս առթիւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան հիւրընկալեց հայր սուրբը, որուն տուաւ իր օրհնութիւնը եւ մաղթեց բարի կեցութիւն։

Ուրբաթ, Մարտ 24, 2023

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մեծ Պահքի 33-րդ օրն է:
Մեծ պահոց մէջ կը գտնուինք: Այս հոգեւոր եղանակին, անձնիւր քրիստոնեայ անհատ, պարտի խի՛ստ քննութեան մը բովէն անցընել իր անձը եւ ճանչնալ իր բարեմասնութիւններն ու արժանիքները, թերութիւններն ու մոլութիւնները: 

Ուրբաթ, Մարտ 24, 2023

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Հաւանաբար այս տողերը շատերուն համար քիչ մը տափակ «հնութիւններ» թուին:
Բայց անպայման կ՚ուզեմ ըսել, որ թէեւ կ՚ապրինք 21-րդ դարու մէջ, սակայն տակաւին իր քառորդին չհասած, արդէն ան մեզ ազգովին սկսած է կրկին անգամ համտեսել տալ կամ՝ ճանչցնել տառապանքն ու սարսափը, ահն ու մահը, աւերակն ու ջարդը ու նոյնիսկ պատերազմն ու կոտորածը:

Ուրբաթ, Մարտ 24, 2023

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Յաճախ կը խօսուի ու զանազան հարթակներու վրայ կը քննարկուի եսասէր կամ եսամոլ մարդոց միջեւ տարբերութիւններու, եսամոլութեան ու անոր հետեւանքներու մասին։ Կարգ մը փիլիսոփաներ այս նիւթը արծարծած են՝ հեղինակելով ուսումնասիրութիւններ, յօդուածներ, գիրքեր։

Ուրբաթ, Մարտ 24, 2023

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Հասարակաց բարիք»ով կը հասկնանք՝ ամբողջութիւնը ընկերային կեանքի այն պայմաններուն, որոնք խմբաւորումներուն եւ անհատներուն հնարաւորութիւն կ՚ընձեռեն իրենք զիրենք կատարելագործելու։ Այս իմաստով, ահաւասիկ «հասարակաց բարիք»ով կը հասկնանք.

Ուրբաթ, Մարտ 24, 2023

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մեր առօրեայ խօսակցութեան ընթացքին, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ խորաններէն տրուող քարոզներուն, բեմերէն հնչող ճառերուն, ինչու չէ նաեւ յաճախ մամուլի էջերուն մէջ կը հանդիպինք մայրենի լեզուի սխալներու, որոնք սովորութիւն դառնալով կը շարունակեն սխալ ձեւով գործածուիլ:

Ուրբաթ, Մարտ 24, 2023

Երէկ երեկոյեան Մխիթարեանի ընտանիքին տեսակէտէ յատկանշական ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ՝ սանուց միութեան նոր հաւաքատեղիի պաշտօնական բացումով։ Սա, ինչպէս Մխիթարեանի ընտանիքին, այնպէս ալ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին տեսակէտէ յատկանշական իրադարձութիւն մըն է՝ մանաւանդ, որ Մխիթարեան սանուց միութիւնը միշտ եղած է համայնքային ընկերամշակութային կեանքի մղիչ ուժերէն մին։

Հինգշաբթի, Մարտ 23, 2023

Ստեփանակերտի Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան աշխատակազմի նախազօրակոչային պատրաստութեան եւ արտադպրոցական ծրագիրներու վարչութեան արտադպրոցական ծրագիրներու բաժինին կողմէ Ստեփանակերտի եւ շրջաններու մանկապատանեկան ստեղծագործական կեդրոններու միջեւ կազմակերպուեցաւ ձեռային աշխատանքներու ցուցահանդէս-մրցոյթ՝ նուիրուած կիներու միամսեակին:

Հինգշաբթի, Մարտ 23, 2023

Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի վախճանման 850-րդ տարելիցի արժեւորման ուղղեալ պատրաստութիւնները հետզհետէ թափ կը ստանան։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրապետական սրբատառ կոնդակի հրապարակումէն վերջ այս նախապատրաստական աշխատութիւնները արդէն աստիճանաբար աւելի գործնական փուլ կը թեւակոխեն։

Հինգշաբթի, Մարտ 23, 2023

Ատրպէյճան երէկ Հայաստանի դէմ դարձեալ կրակ բացաւ այս անգամ Երասխի հատուածէն. նոր նահատակ մը:
Հուլուսի Աքար եւ Սերկէյ Շոյկու հեռախօսազրոյցի ընթացքին անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան:

Հինգշաբթի, Մարտ 23, 2023

Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Սուրբ Երկրի նորանշանակ վիճակաւորին քաղաքավարական այցելութիւնը:
Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան պաշտօնամուտին առթիւ շնորհաւորեց Տ. Անթիմոս Ժաք Եագուպ եպիսկոպոսը:

Հինգշաբթի, Մարտ 23, 2023

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Ժողովուրդներու հոգեւոր միասնութեան միջազգային հիմնադրամի նախագահ տքթ. Վալերի Ալեքսէյեւը։ Զրոյցի ընթացքին Ալեքսէյեւ ուրախութիւն յայտնեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին իր հերթական այցելութեան բերումով ու Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց անցեալ տարիներուն իր գլխաւորած հիմնադրամի արձանագրած ձեռքբերումները եւ ապագայի վերաբերեալ ծրագրերը։

Հինգշաբթի, Մարտ 23, 2023

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մեծ Պահքի 32-րդ օրն է:
Այսօր եւ յաջորդող երկու օրերուն մաս առ մաս, մեր յարգարժան ընթերցողներուն պիտի ներկայացնենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երջանկայիշատակ հայրապետներէն՝ Խորէն Ա. Կաթողիկոսի «Պահքին նկարագիրը» վերնագիրը կրող գրութիւնը՝ նկատի ունենալով անոր այժմէականութիւնը: 

Հինգշաբթի, Մարտ 23, 2023

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է յայտնի գործարար եւ համայնքային բարերար Բարսեղ Սարայլը։ Այս կորուստը մեծ ցաւ յառաջացուցած է թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս՝ քանի նորոգ հանգուցեալ Բարսեղ Սարայլը հետեւողականօրէն իր ներդրումը կը բերէր համայնքային կեանքին՝ մասնաւորապէս խրախուսելով կրթական հաստատութիւններն ու անոնց աշակերտներուն յաջողութիւնները։

Հինգշաբթի, Մարտ 23, 2023

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Իմ մայրիկը կը պնդէ, թէ Զաւէնը կը նախանձի: Ո՛չ, ան պարզապէս հաւասարութիւն կը պահանջէ իրեն ու եղբօր միջեւ: Զաւէնը Դանիէլը շատ կը սիրէ՝ իւրովի, ինքնատիպ: Զաւէնի սէրը յաճախ կ՚արտայայտուի կոպիտ շարժումներով ու վարուելակերպով:

Էջեր