Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բանականութեամբ օժտուած մարդկային արարածը միշտ պէտք է հնազանդի իր խղճմտանքին ստոյգ դատողութեան։ Այս կը նշանակէ ներդաշնակել եւ հաւասարակշռել բանականութիւնը եւ խղճմտանքը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Պատկերացուցէք անձ մը, որ իր սեփական տան մէջ ազատ շրջելու իրաւունքը անգամ չունենայ. անձ մը՝ որ կը սարսափի իր իսկ տան անդամներէն. նման տպաւորութիւն մը ունեցաւ մի քանի օրեր առաջ, երբ տեսայ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի Երեւանեան պտոյտը՝ շրջապատուած հինգ-վեց թիկնապահներով:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի տնօրինութեամբ, Ս. Զատկի տաղաւարի առթիւ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ Վաքըֆլըգիւղի եւ Տիարպաքըրի մեր եկեղեցիներուն մէջ։
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը երէկ համայնքային ընդունելութեան ընթացքին կարեւորութեամբ անդրադարձաւ, որ մօտաւոր ապագային երկրի մէջ տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն ընդառաջ համայնքային շրջանակները ինչպէս միշտ, պիտի հիւրընկալեն քաղաքական շրջանակներէ գործիչներ։
Տօնական բարձր տրամադրութիւնը շաբաթավերջին ամբողջութեամբ համակեց թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքը: Ամեն. Սրբազան Պատրիարք Հայրը Սուրբ Յարութեան տաղաւարին առթիւ պատարագեց Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ: Գումգաբուի աւանդական ընդունելութեան ժամանակ համայնքային շրջանակները ջերմօրէն զիրար ողջունեցին՝ փոխանակելով բարեմաղթութիւններ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Տարուան ընթացքին Տաղաւար հինգ տօներուն յաջորդող օրերը Մեռելոց կը կոչուին։ Եկեղեցւոյ Հայրապետները այնպէս կարգաւորած են, որպէսզի մեռելներուն եւս՝ որոնք յաղթական եկեղեցին կը կազմեն, յիշեցնենք յարութեան մասին, որպէսզի անոնց յոյսը չմարի։
Երէկ, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին տօնախմբեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութեան տաղաւարը։ Այս առթիւ աշխարհասփիւռ հայութիւնը վերականգնեց իր հոգեւոր միասնութիւնը՝ «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց» աւետիսով։ Ինչպէս բոլոր տաղաւարներուն, այս անգամ ալ բոլորին ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի վրայ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Այս գարնան սկիզբը գործի բերումով եղայ Երեւանի Նուպարաշէն թաղամասը, ուր վերջին անգամ շուրջ քսան տարի առաջ այցելած էի: Երեւան քաղաքի 12 վարչական շրջաններէն է Նուպարաշէնը, որ սահմանակից է մէկ կողմէն Էրեբունի, միւս կողմէն՝ էնգաւիթ վարչական շրջաններուն եւ Երեւանի մէկ ծայրամասը կը գտնուի:
Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան, որ աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Թեհրան, ընդունուեցաւ Իրանի Անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Շամխանիի կողմէ։
14 մայիսին նախատեսուած նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ, երէկ, արդէն քաղաքական ուժերուն կողմէ թեկնածուական ցուցակները վերջնականօրէն ներկայացուեցան Բարձրագոյն ընտրական մարմնին։ Նախագահական թեկնածուները, ըստ էութեան, արդէն յայտնի են՝ քանի անհատական հիմունքի վրայ են։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Արդեօք կեանքը կ՚արժէ՞ ապրիլ։ Այս հարցման մասին զանազան կարծիքներ յայտնած են կեանքի մասին մտածողներու մեծամասնութիւնը։ Առ հասարակ ստացուած են դրական պատասխաններ։ Մահը ընտրողները քիչ են, որքան գիտենք:
ՍԱՀԱԿ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔ
Ահաւասիկ մեր եկեղեցիներու զանգերը զատկական ցնծութեամբ նորէն կ՚աւետեն Քրիստոսի հրաշափառ Սուրբ Յարութիւնը: Եօթը շաբաթներէ ի վեր աղօթքով, ապաշխարութեամբ, ծոմապահութեամբ, բազմաթիւ եկեղեցիներ տրուած ուխտի այցելութիւններով, ողորմութիւններով, նուիրատուութեամբ եւ նման հոգեւոր վարժութիւններով պատրաստուեցանք Սուրբ Զատկին՝ մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Սուրբ Յարութեան փառաշուք տօնին:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Առաւօտ կանուխ էր, տակաւին լոյսը ամբողջութեամբ իր տիրակալութիւնը չէր հռչակած երկրի վրայ: Թռչունները տակաւին նոր կը սկսէին իրենց ամէնօրեայ ճռուողիւնը՝ մարդոց ու բնութեան յայտարարելով նոր արշալոյսի մը սկիզը:
ԱՆՈՅՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Հակառակ անոր, որ տօնական օրերու ընթրիքները շատ սիրած եմ միշտ, սակայն, մանկութեանս ամենաերկար թուացող ընթրիքներէն մէկը ինծի համար եղած է Զատիկի ճրագալոյցի պատարագին յաջորդող ընթրիքը, երբ միշտ եղած է իմ շատ սիրած՝ չամիչով փիլաւն ու ձուկը։ Բայց այդ ընթրիքը շատ կ՚երկարէր…
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Կասկած չկայ, որ մեր եկեղեցական տօնացոյցով Սուրբ Զատիկը՝ Սուրբ Յարութեան տօնը հայ ժողովուրդի հոգեհարազատ ու շատ սիրուած եւ ամենէն նշանաւոր տաղաւար տօներէն մէկն է, որ նաեւ Մեծ Զատիկ ալ կը կոչենք:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ուշագրաւ գրութիւն մը ունի Կոստան Զարեան՝ վերտառուած «Հայուն Յիսուսը»։ Միշտ ալ սիրելով կարդացուելիք գրութիւն մը, որ քրիստոնէական հաւատքի ընկալումներէն աւելի՝ կը փորձէ քննել Տիրոջ իսկական կերպարը եւ անոր երակներուն մէջ մտնել արուեստի ընկալումներով։
ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ուրեմն, եղբա՛յրներ, համարձակութիւն ունինք սուրբ տեղը մտնելու Յիսուսին արիւնովը, այն նոր եւ կենդանի ճամբովը՝ որ բացաւ մեզի վարագոյրին մէջէն, որ է իր Մարմինը» (ԵԲՐ. Ժ 19-20)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
«Ո՞ւր են առաջուան Զատիկները…»:
Այս խօսքը հնութիւն եւ ծերութիւն կը բուրէր, երբ մանուկ էինք, սակայն, ինչքան հասակ առինք, այնքան աւելիով «ծերացանք» եւ մեր կարգին սկսանք փնտռել «առաջուան Զատիկները»:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ զանգերը այսօր դարձեալ կը ղօղանջեն Սուրբ Յարութեան աւետիսով։ Շնորհաւո՜ր հայուն Զատիկը…
ԿՈՐԻՒՆ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՖԷՆԷՐՃԵԱՆ
«Քրիստոս Յարեաւ Ի Մեռելոց, Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի»։
Աւելի քան երկու հազար տարիէ ի վեր ո՜վ գիտէ քանի անգամ այս հրաշալի աւետիսը մարդկանց աւետուած է. «Քրիստոս Յարեաւ Ի Մեռելոց, Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի»։