Արխիւ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս հոգեւորականաց համագումար:
Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան բարձր գնահատեց հոգեւոր հայրերուն նուիրեալ ծառայութիւնը բոլոր ուղղութիւններով:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Աւագ հինգշաբթին, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ծիսական արարողակարգին մէջ ամենէն խորհրդաւորն է եւ ժողովուրդին կողմէ ամենասիրելին։ Այսօրուան աւարտին կատարուած է Վերջին Ընթրիքը, Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդին հաստատումը եւ Վերջին Կտակը։
Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Այսօր Աւագ հինգշաբթի է:
Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ծիսական կեանքին ամենէն խորհրդաւոր օրն է: Այս օրուան ընթացքին է, որ Տէր Յիսուս մատնուեցաւ զԻնք խաչել ուզողներուն ձեռքը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Մոսկուան խուճապի մատնած ահաբեկչութիւնը կը շարունակէ մնալ ուշադրութեան կիզակէտին։ «Crocus City Hall»ի շքեղ համերգասրահը թիրախաւորած ահաբեկչութիւնը ընթացք առաւ կրակոցներով, համալիրի երդիքի հրկիզման արարքներով։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
1914-ի մարտի 28-ին ծնած է անցեալ դարու ամենազարմանալի նկարիչներէն մին՝ հայազգի Արթիւր (Աշոտ) Փինաճեան, որ իր կենդանութեան օրօք անյայտ մնալով՝ հանրահռչակ դարձած է մահէն շատ տարիներ յետոյ միայն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ինչո՞ւ այսպէս վախկոտ էք, ինչպէս կ՚ըլլայ որ հաւատք չունիք». (ՄԱՐԿ. Դ 40)։ Յիսուսի աշակերտները երբ նաւակին մէջ էին, մեծ փոթորիկ մը ելաւ եւ ալիքներ սկսան գրեթէ նաւը լեցնել։ Մինչ Յիսուս նաւին ետեւի կողմը բարձի վրայ կը քնանար։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Այսօր՝ մարտի 27-ին ողջ աշխարհը կը նշէ «Թատրոնի միջազգային օր»ը եւ այս մէկը պատեհ առիթ է խորհրդածելու արուեստի այս ճիւղին մասին, որ խոր նշանակութիւն ունի համաշխարհային մարդկութեան պատմութեան մէջ:
«Stratfor» վերլուծական կեդրոնը վերջերս հերթական անգամ խոշորացոյցի տակ առաւ Հարաւային Կովկասի իրադրութիւնը։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնած էր, որ Ատրպէյճանի հետ նոր պատերազմ մը կրնայ ծագիլ, եթէ սահմանակից կարգ մը գիւղեր չվերադարձուին։ Այս յայտարարութեան լոյսին տակ վերլուծական կեդրոնը կը նշէ, որ վախը Երեւանը կը ստիպէ շարունակել զիջումները Պաքուին։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի հետ բանակցութիւնները կը շարունակուին՝ առանցքային հարցերու շուրջ համաձայնութեան հասնելու նպատակով։
Երեւան կը ձգտի նպաստել Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման:
Հայաստան տարածաշրջանային ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման հասնիլ կը ջանայ «Խաղաղութեան խաչմերուկ»ով:
Գարնանամուտը աստիճանաբար զգալի կը դառնայ ամէնուրեք։ Մէկ կողմէ բնութիւնը կը վերակենդանանայ, միւս կողմէ ալ մեծ քաղաքներու տրամադրութիւնը կը փոխուի։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Դարձեալ «Աւագ շաբաթ» է: Ու ի՜նչ տխուր է աշխարհը, երբ զայն կը դիտենք մեր սեփական աչքերով, Քրիստոսի ծնունդէն երկու հազար տարի ետք:
ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Արաբ մտաւորականը իր մտահոգութիւններուն մէջ խորասուզուած էր եւ իր կուրծքին տակ եղածները կը փոխանցէր փոքրիկ շունի մը, որ հանգիստ եւ շքեղ կերպով բազմած էր օտար դիւանագիտական ինքնաշարժի մը մէջ՝ անցնող ամբոխի ծաղր ու ծանակին առարկայ դառնալով, յանկարծ ոստիկան մը արագ կերպով մօտեցաւ իր ատրճանակով, մահակով եւ ձեռնաշղթաներով, ինչպէս նաեւ արաբական ժողովրդարութեան այլ «գործիք»ներով:
Թաքսիմի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Աւագ շաբթուան խորհրդաւոր արարողութիւններէն Սրբոց Տասն Կուսանաց յիշատակութիւնը։ Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեան հանդիսապետեց արարողութեան, որու երգեցողութիւնները կատարուեցան Ասողիկ դպրաց դասուն կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Ուրարակիր Թադէոս Գարափեքմեզի։
Թրքագէտ Սերկէյ Մանվելեանի կողմէ առաջնորդուած հիւրերը կը ծանօթանան թրքահայ կեանքին:
Հայաստանէն զբօսաշրջիկներու խումբ մը երէկ յետմիջօրէին այց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագրատունը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Աւագ չորեքշաբթին խաղաղ օր մըն է։ Յիսուս Իր սովորութեան համաձայն Տաճար չ՚երթար աղօթելու կամ քարոզելու։
Աւագ չորեքշաբթին նախապատրաստուելու եւ ինքնամփոփուելու օրն է՝ յաջորդող օրերուն գալիք փոթորիկներուն տոկալու համար։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Քաղաքական գործիչները այսօր բան մը կ՚ըսեն, վաղը՝ ուրիշ բան մը, սա ինչ-որ տեղ բնական է: Բայց միթէ նո՞յն կերպ պէտք է վարուինք մենք՝ շարքային քաղաքացիներս: Կը կարծեմ՝ ոչ, եթէ մենք ինչ-որ ընդգծուած շահեր չունինք:
Հայաստանի Գրողներու միութիւնը վերջերս յատուկ ձեռնարկով մը ոգեկոչեց հայ բանաստեղծութեան տիտաններէն Պարոյր Սեւակը։ Բանաստեղծութեան միջազգային օրուան՝ մարտի 21-ին զուգադիպեցաւ այս հանդիսութիւնը, որու ընթացքին ասմունքողներ ներկայացուցին Պարոյր Սեւակի ստեղծագործութիւններէն օրինակներ։
ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովը վերջերս միաձայնութեամբ ընդունեց արհեստական բանականութեան վերաբերեալ բանաձեւ մը։ Սա կը հանդիսանայ արհեստական բանականութեան վերաբերեալ առաջին կլոպալ բանաձեւը, որով աշխարհի երկիրներուն կոչ ուղղուած է՝ պաշտպանել մարդու իրաւունքները, անձնական տուեալները եւ հետեւիլ արհեստական բանականութեան՝ ռիսքերու յայտնաբերման նպատակով։
Երեւան եւ Թիֆլիզ հետամուտ՝ տարածաշրջանէն ներս լիարժէք խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման:
Վրաստան կ՚աջակցի Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան: ԵՄ անընդունելի կը համարէ Ատրպէյճանի սպառնալիքները: