Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, փորձա՞ծ էք բնաւ լսել լռութեան ձայնը։ Արդարեւ, լռութիւնը՝ ներքին խաղաղութեան ամենէն ազդու միջոցն է. առանձնութեան մէջ լռութիւն, որ մարդուս ներքին խաղաղութիւն մը կը պատճառէ։ Այս իմաստով, լռութիւնը բազմաթիւ օգուտներ ունի, երբ մարդ կարենայ լռութեան ձայնը լսել…
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ճիշդ ու որակեալ բանաստեղծութիւն գրելու համար առաջին հերթին կարեւոր է անձին համար ներքին զգացումները եւ միտքերը անկեղծօրէն բացայայտելն ու հասկնալը, որովհետեւ բանաստեղծութիւն մը եթէ միայն բառեր ըլլան՝ մեծ իմաստ կրնայ չներկայացնել, որովհետեւ բանաստեղծութեան մէջ բառերէն աւելի ապրումը, հոգին ու զգացումն է կարեւորը:
Արարատ Միրզոյեան. «Մարդկութիւնը դէմ յանդիման է մեծ անորոշութեան, բայց սա աշխարհի վերջը չէ»:
Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերակայութիւնն է՝ իր շուրջ խաղաղ ու անվտանգ միջավայր մը ձեւաւորելը:
Երէկ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան ամենաբարձր մակարդակի վրայ շփումներ ունեցաւ Մոսկուայի մէջ։ Քրեմլինի պալատէն ներս ան ընդունուեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ։
Մինչ Հայ Երուսաղէմը կը դիմագրաւէ գոյաբանական մարտահրաւէրներ, Հայոց Պատրիարքարանէն ներս վերջերս գումարուեցաւ միաբանական ընդհանուր ժողով։ Սա Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան միաբանական ընդհանուր ժողովին 14-րդ նիստն էր։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը արդէն Զուիցերիոյ մէջ է։ Վեհափառ Հայրապետը մայրաքաղաք Պեռնի մէջ կը մասնակցի՝ «Կրօնական ազատութիւն. հայկական հոգեւոր, մշակութային եւ պատմական ժառանգութեան պահպանումը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ» խորագրեալ միջազգային համաժողովի մը, որ կազմակերպուած է Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի եւ Զուիցերիոյ Բողոքական եկեղեցւոյ կողմէ։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի աշակերտներուն համար նաւապտոյտ մը կազմակերպուեցաւ դէպի Վոսփոր։ Այս նախաձեռնութիւնը առիթ դարձաւ, որպէսզի տղաքը Իսթանպուլի պատմական եւ բնական գեղեցկութիւններուն գիւտը ընեն տարբեր տեսանկիւնէ մը։
Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան աջակցութեամբ եւ «Արհեստաւորներու միութիւն» մշակութային հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ, վերջերս կազմակերպուեցաւ նկարչութեան միջազգային մրցոյթ մը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Կէտիկփաշայի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլուն, որու հետ էր Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան Գանատայի ներկայացուցիչ Յարութ Ներսէսեան։
Էսաեան վարժարանի երդիքին տակ երէկ տեղի ունեցաւ՝ պոլսահայ կրթական համակարգի ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ խորհրդակցութիւն մը։ Ինչպէս հաղորդած էինք, մեր համայնքի կրթական մշակներէն Լենա Չաքըր, Մելիսա Ինկիլիզօղլու եւ Արփէն Չընար, որոնք Էսաեան եւ Թարգմանչաց վարժարաններուն մէջ կը պաշտօնավարեն, վերջերս Գերմանիա այցելած էին՝ միջազգային ծրագրի մը մասնակցելու համար։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ելիշգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ տքթ. Արա Էրօլ Չընարն ու Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Պեքպըչաքը։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Վերջին օրերուն Երեւանը կը շնչէր «Թանգարանային գիշեր» ծրագրի պարգեւած մշակութային խանդավառ շունչով։ Այդ շունչը տակաւին զգալի է՝ թանգարաններու օրուայ առիթով բացուած որոշ ցուցահանդէսներ երկարած են մինչեւ մայիսի վերջը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Մարդ պէ՞տք է վախնայ:
Պատասխան. Վախը, աւելի ճիշդ երկիւղը բնական յատկութիւն մը պէտք է ըլլայ մարդուն համար: Վախը երբ աշխարհիկ հասկացողութեամբ միայն ընկալենք, այն բացասական է եւ չի՛ կրնար մարդուն օգտակար ըլլալ, սակայն, երբ վախը որպէս երկիւղ եւ ակնածանք ընկալենք, ապա մարդուն համար ո՛չ միայն օգտակար կ՚ըլլայ, այլեւ կ՚օգնէ մարդուն իր հոգիին շինութեան եւ փրկութեան ջանքին ու պայքարին մէջ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Բայց յիմարական եւ անիմաստ վէճերէն մէկդի քաշուէ, գիտնալով որ անոնցմէ կռիւներ կը ծնանին։ Տէրոջը ծառան պէտք չէ կռուի, հապա հեզահոգի ըլլայ ամենուն, սորվեցնող, ոխ չպահող. քաղցրութեամբ խրատէ՝ հակառակ կեցողները, որ թերեւս Աստուած ապաշխարութիւն տայ անոնց՝ ճշմարտութիւնը ճանչնալու համար». (Բ ՏԻՄԹ. Բ 23-25)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Կը հաւատանք, որ բանաստեղծութիւնը որպէս արուեստ եւ որպէս գրականութեան հիմք դպրոցներուն մէջ թերի ձեւով կը ներկայացուի աշակերտութեան, որովհետեւ մեր ազգին մէջ տարածուած է այն թիւր համոզումը, որ բանաստեղծութիւն գրելը դիւրին արուեստ մըն է՝ մի քանի ծանր բառերը, համաչափ վանկեր ու նոյնավանկ վերջաւորութեան. եւ արդէն ի յայտ կու գայ բանաստեղծութիւն մը:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Համացանցը դարձած է ժամանակակից աշխարհի մէջ հաղորդակցման եւ տեղեկատուութեան փոխանակման ամենաարդիւնաւէտ միջոցներէն մէկը։ Համացանցի տեսանելի դէմքը սահմանափակ տարածք մըն է, որուն կարելի է մուտք գործել դիւրաւ հասանելի որոնողական համակարգերու միջոցով։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքի մէջ անպակաս են դժուարութիւններ, նեղութիւններ եւ մարդուս համար անկարելի եւ անկատարելի բաղձանքներ, տենչանքներ՝ որոնց իրականացումը երեւակայել իսկ կարելի չ՚ըլլար։ Եւ բոլոր այս եղելութիւնները, կորուստներ ցաւ, վիշտ եւ նեղութիւն կը պատճառեն մարդուս։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Շաբաթ օրուան մեր յօդուածը աւարտեցինք «Դրամը անդիմադրելի փորձիչ մըն է» խօսքով։ Իրականութեան մէջ կը հասկնանք, որ «փորձիչ» բառը տկար կը մնայ նկարագրելու բոլոր այն բաները՝ զորս մարդ կը կատարէ յանուն դրամի, որովհետեւ այդ գործողութիւնները յաճախ կը գերազանցեն պարզ փորձի սահմանները եւ մարդը կ՚առաջնորդեն ոչնչացումի:
Երեւանէն կը դիտարկուի, թէ Մոսկուա տարածաշրջանի ծրագիրները կը համաձայնեցնէ Անգարայի հետ:
Թուրքիա-Ռուսաստան արժեւորումներու օրակարգի անփոփոխ բաղադրիչը՝ Հարաւային Կովկասի իրադրութիւնը:
«Երեւանեան երկխօսութիւն» երկրորդ համաժողովը այս առաւօտ սկսաւ՝ համախմբելով միջազգային ընտանիքէն բազում ներկայացուցիչներ։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան, ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները։