ԴԺՈՒԱՐԸ ԵՒ ԱՆԿԱՐԵԼԻՆ
Կեանքի մէջ անպակաս են դժուարութիւններ, նեղութիւններ եւ մարդուս համար անկարելի եւ անկատարելի բաղձանքներ, տենչանքներ՝ որոնց իրականացումը երեւակայել իսկ կարելի չ՚ըլլար։ Եւ բոլոր այս եղելութիւնները, կորուստներ ցաւ, վիշտ եւ նեղութիւն կը պատճառեն մարդուս։ Բայց Յիսուս կը պատուիրէ քա՛ջ ըլլալ, քաջութեամբ դիմաւորել զանոնք, դիմակալել եւ յաղթահարել ամէն նեղութիւն։
Այս ուղղութեամբ, հաւատքով եւ յոյսով զօրացած ճշմարիտ հաւատացեալը կ՚ըսէ. «Ես հաւատքով եւ յոյսով անմիջապէս կը յաղթահարեմ դժուարին, իսկ անկարելին կատարել՝ ջանք կը պահանջէ, որ ժամանակի կը կարօտի, բայց անպայմա՛ն անկարելին ալ կը կատարեմ…»։ Ահաւասի՛կ, այս է ճշմարիտ հաւատացեալի հոգեվիճակը։ Արդարեւ, ան գիտէ, որ թէեւ մարդուս համար անկելի են կարգ մը բաներ, բայց Աստուծոյ համար անկարելի որեւէ բան գոյութիւն չունի՛։ Եւ հաստատ հաւատքով կարելի է անկարելին վերածել կարելիի Աստուծոյ օգնութեամբ։ Եւ այս մարդուս կեանքին անվիճելի եւ անուրանալի մէկ ճշմարտութիւնն է՝ տեսնուած հաւատքի աչքով եւ հոգեւոր կեանքի փորձառութեամբ, որ կենդանի վկան է եղած այս տրուպ գրիչը։
Մարդկային ուժը որոշ տարողութիւն մը ունի. զոր օրինակ, չափաւոր է անոր վերցնելու ուժը որեւէ ծանրութիւն։ Մարդուս համար վերցնել, շարժել իսկ անկարելի է՛ հսկայ ժայռ մը՝ որքան ալ ուժով զգայ մարդ ինքզինք։ Բայց Աւետարանը կը վկայէ, թէ Յիսուս գերեզանին քարը արդէն վերցուցած էր. «Շաբաթ գիշերը, երբ մէկշաբթին կը լուսնար, եկան Մարիամ Մագդաղենացին եւ միւս Մարիամը գերեզմանը տեսնելու։ Ահա մեծ երկրաշարժ մը եղաւ, վասնզի Տէրոջը հրեշտակը երկինքէն իջնելով, գնաց դռնէն մէկդի գլորեց քարը եւ անոր վրայ նստաւ». (ՄԱՏԹ. ԻԸ 1-2)։ Եւ դարձեալ. «Մէկշաբթի օրը առտուն շատ կանուխ, կիները գերեզման գացին եւ տարին այն խունկերը որոնք պատրաստեր էին եւ ուրիշ կիներ ալ անոնց հետ։ Եւ քարը գերեզմանէն մէկդի գլորուած գտան». (ՂՈՒԿ. ԻԴ 1-2)։ Ահաւասի՛կ, իւղաբեր կիներու համար «անկարելի»ն արդէն կատարուած էր…
Մենք ալ սիրելի՜ներ, երբ հոգերու, մտահոգութիւններու մէջ յաճախ կը տառապինք, եւ յուսալքուած «անկարելի»ին յանձնատուր կ՚ըլլանք, Աստուած կերպով մը կը հասնի մեր օգնութեան եւ անկարելին՝ կարելի, խաւարը լոյս կ՚ըլլայ։
Մեր նեղութիւնները, մտահոգութիւնները կը նմանին Յիսուսի գերեզմանի քարին, անոնք Աստուծոյ անտեսանելի բայց ճշմարիտ ձեռքով կ՚անհետանան, բաւ է որ հաւատք ունենանք եւ չկորսնցնենք մեր լոյս յոյսը։ Այս իմաստով «հրաշք» միշտ կը պատահի մարդկային կեանքին մէջ, բայց շատեր չեն անդրադառնար, քանի որ հրաշքը մարդուն համար է, իսկ Աստուծոյ համար շատ բնական, քանի ան Ամենակարող է եւ Ամենատե՛ս։
Սիրելի՜ներ, այս տողերը կը գրեմ վկայելու համար իմ կեանքի ապրուած փորձառութիւններուն։ Հաւատացողին համար դժուար եւ անկարելի բան չկա՛յ, հաւատանք եւ պիտի ստանա՛նք…
Զօրութիւնը այն բարոյական առաքինութիւնն է, արդարեւ, որ դժուարութիւններու մէջ կ՚ապահովէ վճռակամութիւնը եւ հաստատամտութիւնը բարիին հետապնդումին մէջ։ Ան կ՚ամրացնէ առաջադրութիւնը փորձութիւններուն դիմադրելու եւ արգելքներուն յաղթահարելու բարոյական կեանքին մէջ։ Հոգեւոր այս զօրութեան առաքինութիւնը մարդս կարող կը դարձնէ յաղթելու ամէն մտահոգութեան եւ վախին, նոյնիսկ մահուան վախին՝ որ ամէն վախի արմատն է, ճակատելու եւ դիմակալելու նեղութիւններուն, դժուարութիւններուն եւ հալածանքներուն։ Ան մարդս տրամադիր կը դարձնէ երթալու մինչեւ հրաժարումը եւ զոհաբերումը իր իսկ կեանքին, պաշտպանելու համար արդար դատ մը։
Սաղմոսերգուն կ՚ըսէ. «Իմ զօրութիւնս եւ իմ երգս, Տէ՛րն է». (ՍԱՂՄ. ՃԺԸ 14)։
Եւ Յիսուս կը պատուիրէ. «Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, պիտի չարչարուիք, սակայն քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ Ես յաղթեցի աշխարհին». (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։
Բայց նեղութիւններ, չարչարանքներ անհրաժեշտ են մտնելու համար Աստուծոյ Արքայութեան, ինչպէս կը կարդանք Գործք Առաքելոցին մէջ. (ԳՈՐԾՔ. ԺԴ 22)։ Արդարեւ, քրիստոնէական վարդապետութիւնն ալ ա՛յս կ՚ուսուցանէ մեզի…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 23, 2025, Իսթանպուլ