ԹՈՒՂԹ՝ ՈՐ ԱՍՏՈՒԱԾ Է ԱՐԴԷՆ (Բ.)
Շաբաթ օրուան մեր յօդուածը աւարտեցինք «Դրամը անդիմադրելի փորձիչ մըն է» խօսքով։ Իրականութեան մէջ կը հասկնանք, որ «փորձիչ» բառը տկար կը մնայ նկարագրելու բոլոր այն բաները՝ զորս մարդ կը կատարէ յանուն դրամի, որովհետեւ այդ գործողութիւնները յաճախ կը գերազանցեն պարզ փորձի սահմանները եւ մարդը կ՚առաջնորդեն ոչնչացումի:
Մեզ դրամի մասին յօդուած գրելու առաջնորդողը երկու օրեր առաջ Սուրբ Քաղաք Էջմիածինի մէջ տեղի ունեցած սպանութիւնն է, ուր որդին դաժանաբար սպաննած է հայրը եւ ապա ուզած ինքնասպան ըլլալ: Ինչո՞ւ սպաննած է՝ տակաւին յստակ յայտարարութեամբ մը ոստիկանութիւնը չյայտնեց, սակայն, ոճիրի դրուագէն յստակ է, որ այդ մէկը կատարուած է նոյնինքն դրամի համար…: Որդին սպաննած է հայրը եւ ապա անոր բերանը մխրճած ամերիկեան 100 տոլար մը. անոր դիակին վրայ թափած է գումարներ՝ ըսել ուզելով «ա՛ռ հետդ տար…»:
Իրականութեան մէջ ի՞նչ պատահած է՝ չեմ գիտեր, սակայն, կրնամ ըսել, որ մեր օրերուն շատ մը ընտանիքներու համար դրամը նոյնիսկ իրենց զաւակէն առաջնահերթ է. յաճախ ընտանեկան սէրը նոյնիսկ կը զիջի։ Այսօր կը տեսնենք, թէ ինչպէս դրամի սիրոյն շատ մը մանուկ-պատանիներ հեռու կը մնան իրենց դպրոցական գրասեղաններէն՝ իրենց ծնողներուն դրամ հասցնելու համար։ Նոյն պատկերը այսօր կրնանք տեսնել Երեւանի մէջ. յանկարծ կը տեսնես 9-10 տարեկան մանուկ-պատանի մը, որ ոչ-վայելուչ ու պատռտած հագուստներով ձեռքի թաշկինակը կը փորձէ ծախել՝ վստահաբար հօրը եւ կամ մօրը կողմէ առաջնորդուելով. դրամի սիրոյն շատ մը ծը-նողներ կը զոհեն իրենց զաւակները եւ շատ մը զաւակներ կը համակերպին այդ վիճակին՝ առանց հարցեր տալու, առանց մտածելու, թէ ինչ հետեւանքներ կրնայ ունենալ այդ բոլորը:
Տարեցներուն հարց տուէք, թէ ո՞վ է իր սիրելի զաւակը. յաճախ այդ սիրելի զաւակը կ՚ըլլայ ան՝ որ նիւթապէս ամենէն շատ աջակցութիւնը կու տայ, որովհետեւ ընդունինք թէ ոչ, այսօր սէրը եւս դրամով կը չափուի: Այսօր դրամը մեր կեանքին մէջ ունի այնպիսի տեղ, որ կրնայ նսեմացնել մարդկային յարաբերութիւնները, սէրն ու գուրգուրանքը փոխարինելով՝ պահանջներով ու ակնկալութիւններով:
Բոլորս ալ գիտենք, որ ընտանիքը այն վայրն է, ուր պէտք է մարդ սորվի սիրել, սորվի համբերել, սորվի ներել եւ վերջապէս սորվի բոլոր այն բաները, որոնք սուրբ են եւ բարոյապէս հարուստ. սակայն, եթէ մարդոց հոգու գահին վրայ այդ բոլորին փոխարէն նստի դրամի սէրը, այդ բոլորը կ՚ոչնչանայ: Հայրն ու մայրը առաջին ուսուցիչները ըլլալով պարտին սորվեցնել ի՛նչն է ճիշդը եւ ինչը սխալ, սակայն, դրամի սիրոյն եթէ ճիշդն ու սխալը անոնց մօտ փոփոխութիւն կը կրէ, ապա հարցականի տակ կարելի է դնել նաեւ այն դաստիարակութիւնը, որ կը փոխանցուի անոնց կողմէ:
Ինծի համար մեծագոյն ցաւ է տեսնել քոյրեր ու եղբայրներ, որոնցմէ մին հարստութեան, իսկ միւսը աղքատութեան մէջ կ՚ապրի. այսօր ընտանիքի ամենէն մօտիկ հարազատներ անգամ սրտցաւ չեն իրարու հանդէպ: Դրամը այսօր կու գայ մարդոց խիղճը գնելու. ան որ իր խիղճը ծախած է դրամին՝ ո՛չ սիրոյ եւ ո՛չ ալ յարգանքին ինչ ըլլալը կը գիտնայ:
Մեր թուականէն մօտաւորապէս երկու հազար տարիներ առաջ ի՜նչ լաւ ձեւով նկարագրած է Առաքեալը դրամին ինչութիւնը. «Դրամը բոլոր չարիքներուն արմատն է» (Տիմոթէոս 6:10):
Վիճակագրական աղբիւրներ կը նշեն, որ այսօր աշխարհի մէջ աւելի քան 12 միլիոն անձ դրամի սիրոյն զոհած են իրենց ամենէն սուղը՝ ազատութիւնը. մարդ արարած ընդամէնը ունի մէ՛կ կեանք ապրելու եւ դրամի սիրոյն իր կեանքի մնացած ժամերն ու վայրկեանները կ՚անցընէ բանտի խուցին մէջ… վասն ինչի՞. թուղթի եւ կամ մետաղի մը համար, որ աշխարհին կը պատկանի եւ վերջաւորութեան աշխարհին պիտի մնայ, որովհետեւ ոչինչ պիտի կարենայ անձը իր հետ տանիլ:
Արցախի վերջին պատերազմի ժամանակ տարբեր առիթներով բացայայտուեցան անձեր, որոնք դրամի դիմաց ազգային այս կամ այն գաղտնիքը կը ծախեն թշնամիին. իրականութեան մէջ այդ անձերը պէ՞տք է մեղադրել թէ ոչ, չեմ գիտեր, որովհետեւ իր հարազատ հայրը անգամ սպանութեան տանող դրամասիրութիւնը՝ հայրենասիրութիւնը շատո՜նց ոտնակոխ ըրած կ՚ըլլայ:
Այսօր բոլորը կ՚ուզեն հարստանալ. եթէ դուք ալ կ՚ուզէք հարուստ ըլլալ, ապա ահաւասիկ փիլիսոփաներու խօսքեր, որոնք գուցէ ձեզ աւելիով կը մօտեցնեն հարստութեան. «Բաւարարուած սիրտը աւելի հարուստ է, քան լեցուն գանձերը» (Մարքոս Աւրելիոս): «Հարուստ է ան, ով կ՚ապրի խաղաղութեան մէջ» (Պուտտա):
Վերջապէս, եթէ կ՚ուզես հարուստ ըլլալ, «դուն քեզի համար երկրի վրայ գանձեր մի՛ հաւաքեր, այլ հաւաքէ՛ երկինքի մէջ» (Մատթէոս 6:19)։
•վերջ
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Դրանը մարդոց համար բարի՞ք է, թէ չարիք:
Պատասխան. Դրամին բարիք կամ չարիք ըլլալը կախուած է անոր գործածութենէն: Ճիշդ եւ արդար ձեւով գործածուելու պարագային կրնայ ծառայել որպէս բարիք՝ որով կ՚ապահովուի մարդոց կարիքները, կը բարելաւուի անոնց կեանքի որակը, կը նպաստէ կրթութեան, առողջապահութեան եւ բարեգործութեան: Սակայն եթէ ագահութեամբ գործածուի, շահագործուի եւ վերածուի չարիքի, կը խաթարէ մարդկային արժէքները եւ յարաբերութիւնները: Հետեւաբար դրամը ինքնին ո՛չ բարիք է եւ ո՛չ չարիք. անոր ինչութիւնը կը ձեւաւորուի մարդու վերաբերմունքով:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան