Արխիւ
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Հայաստան պատրաստ է լիովին ապահովել իր տարածքով բեռներու, փոխադրամիջոցներու եւ մարդոց երթեւեկութեան անվտանգութիւնը։
Երէկ, Նիկոլ Փաշինեան ելոյթ մը ունեցաւ Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ)՝ Մոսկուայի մէջ կազմակերպուած գագաթաժողովին։
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան, որ այս օրերուն կը գտնուի Նիւ Եորքի մէջ, երէկ երեկոյեան հիւրընկալուեցաւ նախկին պոլսահայ շրջանակներու կողմէ։ Իր մասնակցութեամբ երեկոյթ մը տեղի ունեցաւ՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս։ Նիւ Եորքի առաջնորդարանի համալիրի այս ձեռնարկը կազմակերպուած էր Պոլսահայ օգնութեան միութեան (C.A.R.S.) կողմէ, շրջանի հայկական այլ կազմակերպութիւններով հանդերձ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան այս օրերուն աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Գերմանիա, ուր կը մասնակցի Համպուրկի կայունութեան համաժողովին։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, համաժողովի պաշտօնական բացման մասնակցելէ վերջ Վահագն Խաչատուրեան ներկայ գտնուեցաւ Գերմանիոյ նախագահ Օլաֆ Շոլցի տանտիրութեամբ կազմակերպուած աշխատանքային ճաշին։
Այսօր Մոսկուայի մէջ տեղի կ՚ունենայ Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ) անդամ երկիրներու ղեկավարներուն գագաթաժողովը՝ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի տանտիրութեամբ։ Գագաթաժողովի պաշտօնական բացման ընդառաջ, երէկ, Փութին երկկողմանի անպաշտօն հանդիպումներ ունեցաւ կազմակերպութեան անդամ զանազան երկիրներու ղեկավարներուն հետ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Իսմայիլ Հանիյէ արդէն չկայ, բայց իր դէմ կատարուած մահափորձին ծալքերը… խորհուրդ խորին:
Դէպքը առաջին հերթին ծանր էր Իրանի տեսակէտէ, որուն Իսրայէլի դէմ պայքարը կը համարուի երկարաշունչ:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին երկու ղեկավարները անդրադարձան Թուրքիա-Ռուսաստան յարաբերութիւններուն, տարածաշրջանային եւ համաշխարհային բնոյթով այլ զանազան նիւթերու։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի առկայ մարտահրաւէրները՝ երկար ժամանակէ ի վեր կուտակուած խնդիրներու հետեւանքը կը համարուին։ Անտարբերութեան եւ վարչական կարճատեսութեան անխուսափելի հետեւանքները համայնքը ներկայիս մատնած են անելի։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
5-րդ դարու դարասկիզբին հայ իրականութենէն ներս կատարուած իրադարձութիւնը շրջադարձային էր բոլոր առումներով: Եթէ մինչ այդ հայը կ՚ապրէր, կ՚արարէր բանաւոր կերպով, կամ բնութեան իրեն յատկացուցած միջոցներուն շնորհիւ, ապա Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի հայ այբուբենի յայտնաբերմամբ կամ կարգաւորմամբ, նոր էջ մը կը բացուէր հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
1910-նական թուականներէն սկսեալ երիտասարդ բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժան արդէն սկսած էր մեծ ճանաչում ստանալ: Այդ տարիներուն ան կը դառնայ Պոլսոյ գրական շրջանակներու ազդեցիկ դէմքերէն մէկը, գրական հաւաքոյթներու ոգին, ինչպէս նաեւ՝
1911 թուականին կը տեղափոխուի Եւդոկիոյ (Թոքատ) ազգային ճեմարան, իսկ 1912 թուականին կը հրաւիրուի Պոլսոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ վարժարանը՝ տեսուիչի պաշտօնով:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Ինչպէ՞ս հասկնալ Առակացի հետեւեալ համարները. «Տղայէն խրատը մի՛ կտրեր, վասնզի եթէ զանիկա գաւազանով ծեծես, չի մեռնիր: Թէեւ դուն անիկա գաւազանով կը ծեծս, բայց անոր հոգին դժոխքէն կ՚ազատես» (Առ 23.6-8):
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Առողջութիւնը մարմնական թանկագին բարիք մըն է՝ որ մարդուս յանձնուած է Աստուծմէ։ Ուստի, մարդ պարտականութիւնը ունի առողջութեան խնամք տածելու բանաւոր չափերով։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Պատմութեան գրեթէ բոլոր շրջաններուն փնտռուած եղած է երգն ու երգիչը, որովհետեւ երգն ու երաժշտութիւնը հին է այնքան՝ ինչքան մարդը. գուցէ գոյութիւն ունեցած է նոյնիսկ լեզուի հասկացողութենէն առաջ:
Աշխարհահռչակ մեներգիչ, օփերայի կենդանի առասպել Փլասիտօ Տոմինկօ այս օրերուն կ՚այցելէ Հայաստան, ուր շատ ջերմ վերաբերմունքի առարկայ կը դառնայ։ Երեւանի 16-րդ միջազգային երաժշտական փառատօնի շրջանակներէն ներս, այսօր երեկոյեան նախատեսուած է մեծ համերգ մը, որ տեղի կ՚ունենայ «Արամ Խաչատուրեան» համերգասրահի երդիքին տակ։
Երէկ, Սամաթիոյ մէջ 2024-2025 շրջանի առաջին մատաղօրհնութիւնը տեղի ունեցաւ՝ մինչ համայնքային շրջանակները համախմբուեցան բարձր տրամադրութեամբ։ Պատմական թաղի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ եւ յարակից Սահակեան-Նունեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան սիրոյ սեղանը սարքուեցաւ կիրակնօրեայ արարողութիւններէն վերջ, որոնք տեղի ունեցան Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ։
«Հայճար»ի նախաձեռնութեամբ, շաբաթավերջին հերթական անգամ ոգեկոչուեցան արքունի ճարտարապետներ Պալեան գերդաստանի հոգելոյս անդամները, որոնց գործերը կը բնորոշեն Իսթանպուլի պատմական դիմագիծը։
2024-2025 շրջանի առաջին սիրոյ սեղանին թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի առկայ մարտահրաւէրներուն եւ հրատապ օրակարգին շուրջ ծաւալուն արժեւորում:
«Մեր նաւը տակի մասէն ջուր կ՚առնէ, սակայն ուղեւորները վերը կը զուարճանան։ Այնպէս կը ձեւացնենք, թէ ոչինչ կայ, սակայն, կա՛յ։ Ժողովրդագրութիւնը մեզի համար ամէն ինչ կը նշանակէ»:
Ֆրանսայի «L’Œuvre d’Orient» կազմակերպութիւնը, որ Արեւելքի քրիստոնեաներու առանցքով գործունէութիւն կը ծաւալէ, այս տարուան գրական մրցանակը շնորհեց ֆրանսահայ յայտնի պատմաբան Ռէյմոն Յարութիւն Գէորգեանին։
Պաքու կը շարունակէ յամառօրէն օրակարգի վրայ պահել Երեւանին հասցէագրուած պահանջը՝ Սահմանադրութեան փոփոխութեան վերաբերեալ։ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Էլչին Էմիրպէյով իտալական մամուլին տուած հարցազրոյցին մէջ նշեց, որ իր երկրի նուիրական պարտքն է ապահովել՝ որպէսզի խաղաղութեան պայմանագիրը նոյնիսկ տեսականօրէն անհնարին դարձնէ ապագային իր երկրին դէմ տարածքային պահանջներու ներկայացումը։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աւարտեց դէպի Փարիզ աշխատանքային այցելութիւնը, որու ընթացքին մասնակցեցաւ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան 19-րդ գագաթաժողովին։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը այս օրերուն կ՚այցելէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Վեհափառ Հայրապետը երէկ երեկոյեան ժամերուն հասաւ Նիւ Եորք, ուր դիմաւորուեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Պարսամեանի գլխաւորութեամբ։