Արխիւ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 28, 2017

Յակոբ Պարոնեանի «Մեծապատիւ մուրացկանները» նորովի, աշխոյժ, պարային ու անսպասելի մեկնաբանութեամբ կը ներկայացուի թատերասէրներուն:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 28, 2017

Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ փոխ-վարչապետ Հաքան Չավուշօղլուի հետ։ Չավուշօղլու, որ պատասխանատու է վաքըֆներու գծով, Թորոս Ալճանը հիւրընկալեց ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 28, 2017

Արցախի հերոս ու նախկին պաշտպանութեան նախարար Սամուէլ Պապայեան դատապարտուեցաւ վեց տարուան բանտարկութեան։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, դատախազը իր պարագային եօթ տարուան ազատազրկում պահանջած էր եւ դատավարութեան աւարտին գրեթէ ամբողջութեամբ բաւարարուած եղաւ նախատեսուած պատիժը։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 28, 2017

Թուրքիոյ եւ Անգլիոյ յարաբերութիւնները կը զարգանան բոլոր ուղղութիւններով, երկու երկիրները միասնաբար կը պայքարին ահաբեկչութեան դէմ:
Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ տեսակցեցաւ Թերեզա Մէյի հետ եւ ուշագրաւ հարցազրոյց մը տուաւ BBC-ին. «Հապա՞ եթէ ռմբակոծուած ըլլար Պաքինկամի պալատը»:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 28, 2017

Հայաստան-Իրան գործարար ֆորումով կը նախատեսուի թափ տալ բազմակողմանի համագործակցութեան:
Ճեւատ Զարիֆ այսօր բարձր մակարդակի շփումներ կ՚ունենայ Երեւանի մէջ՝ Եդուարդ Նալպանտեանի հրաւէրին ընդառաջ:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 28, 2017

Մեր հոգեւորականաց դասու արժէքաւոր ու փորձառու անդամներէն, Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս, Էյուպի Ս. Աստուածածին եւ Ս. Եղիա եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւ Տ. Մինաս Ա. Քհնյ. Ճիհանկիւլեան այս օրերուն սիրով շրջապատուած է իր հոգեւոր եղբայրներուն եւ Թոփգաբուի ընտանիքին կողմէ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 28, 2017

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ հիւրընկալեց Իսթանպուլի մօտ Զուիցերիոյ աւագ հիւպատոս Նաթալի Մարթինը։ Իր առաքելութեան նոր ձեռնարկած աւագ հիւպատոսը փափաքած էր քաղաքավարական այցելութեան փութալ Պատրիարքարան եւ տեղեկութիւններ ստանալ՝ Աթոռի գործունէութեան ու մեր համայնքային կեանքի մասին։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 28, 2017

VADİP-ի ե­րէ­կուան ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու տե­ղե­կա­ցուց, որ Պատ­րիար­քա­կան տե­ղա­պահ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան նա­մա­կով մը դի­մած է Իս­թան­պու­լի կու­սա­կալ Վա­սիփ Շա­հի­նին՝ պա­հան­ջե­լով ժա­մադ­րու­թիւն։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 28, 2017

Համայնքային վաքըֆներու հարթակը (VADİP) երէկ երեկոյեան Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ գումարեց 2017-2018 շրջանի իր առաջին ժողովը:
Պետրոս Շիրինօղլու. «Ես պատկան մարմիններու պատգամները փոխանցած եմ առանց աղաւաղելու, այսուհետեւ ինձմէ ոչինչ պիտի լսէք պատրիարքական ընտրութեան մասին»:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 28, 2017

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Վերջերս Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ հայագէտ, նախիջեւանագէտ, Գրական փաստագրութեան միջազգային ակադեմիոյ ակադեմիկոս, Հայաստանի Մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Արգամ Այվազեանի «Նախիջեւան. բնաշխարհիկ պատկերազարդ հանրագիտակ» եւ «Արիստակէս Զարգարեաե» գիրքերու շնորհանդէսը:

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 27, 2017

Վարչապետ. «Քանի որ նախագահ Տանըլտ Թրամփ տուած է խոստում մը՝ արժեւորելիք նիւթ մը չկայ»:
Պինալի Եըլտըրըմ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Լոնտոն, իր պաշտօնակցին՝ Թերեզա Մէյի հրաւէրին ընդառաջ:

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 27, 2017

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Էնտրու Քլեմենթ Սերգիս՝ հայկական արմատներով, անգլիացի դերասան, բեմադրիչ եւ գրող։ Ծնած է 20 Ապրիլ 1964 թուականին Անգլիոյ Ուեսթ Լոնտոն թաղամասին մէջ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 27, 2017

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

22 Նոյեմբերը բոլորովին ուրիշ տեսակի տօն էր Լիբանանի համար: Ընթերցողներուս յիշեցնեմ, որ Նոյեմբերի 22-ը Լիբանանի անկախութեան տօնն է եւ այս տարի կը լրանար «մայրիներու երկիր»ին ֆրանսական տիրապետութենէն անկախանալուն 74-րդ տարեդարձը:

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 27, 2017

Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցին, որ բարեզարդման աշխատանքներու պատճառաւ պաշտամունքի փակուած էր, շաբաթավերջին, ձեռամբ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի, պաշտամունքի վերաբացուեցաւ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 27, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ո՜րքան հետաքրքրական է դիտել մեղուներու աշխատանքը, հետեւիլ անոնց գործունէութեան եւ ուսումնասիրել ապրելու եւ աշխատելու իրենց եղանակը։ Պէտք է խոստովանիլ, թէ անոնց աշխատելակերպը տիպար մըն է մարդոց համար մանաւանդ յարատեւելու, անվհատ գործելու կարեւորութիւնը ցոյց տալու տեսակէտէ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 27, 2017

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին ի նպաստ տարեկան աւանդական սիրոյ սեղանը երէկ տեղի ունեցաւ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։ Շաբաթավերջին նշուեցաւ նաեւ թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 27, 2017

Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ «Երիտասարդ ընտանիքի Աստուածաշունչը» գիրքին շնորհահանդէսը: Գիրքը Հայաստան բերուած է սուրիահայ ընտանիքներուն բաժնելու համար:

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 27, 2017

Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան նախարարներու 34-րդ համաժողովը Փարիզի մէջ:
Անդամ երկիրները միաձայնութեամբ հաւանութիւն տուին Հայաստանի առաջարկներուն, Նալպանտեան ունեցաւ ելոյթ մը:

Շաբաթ, Նոյեմբեր 25, 2017

Երեւանի մէջ առաջին անգամ տեղի կ՚ունենայ Գիրքի երեւանեան փառատօնը (Yerevan Book Fest) հայ ժամանակակից գրականութիւնը ընթերցողին աւելի ճանաչելի եւ ընդունելի դարձնելու հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ, կ՚ամրացնէ գրող-ընթերցող շղթան, նոր հրատարակութիւններու մասին տեղեկութիւնը առաւել հասանելի կը դարձնէ։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 25, 2017

Եգիպտոսի մէջ, հիւսիսային Սինայի նահանգի Արիշ քաղաքէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ ահաբեկչական ահաւոր յարձակում մը։ Այսպէս, Ռաւատա գիւղի մզկիթին վրայ գործուեցաւ յարձակում մը Ուրբաթի աղօթքի ժամանակ։ Դէպքին զոհ գնաց 235 հոգի, իսկ վիրաւորեալներու թիւը կը հասնի 109-ի։

Էջեր